Ամառնային Ճամբար 2019. «ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՇՔ Է. ԳՆԱՀԱՏԵՆՔ ԱՆՈՐ ԱՐԺԷՔԸ»

Ամառնային Ճամբար 2019. «ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՇՔ Է. ԳՆԱՀԱՏԵՆՔ ԱՆՈՐ ԱՐԺԷՔԸ»

Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան հոգեմտաւոր եւ մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ էական տեղ կը գրաւէ՝ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Սանուց Տան մէջ, Այնճար, հայ ազգի տարաբախտ եւ չքաւոր պատանիներուն կազդուրման կայանը, որ կը միտի նախ եւ առաջ հայ պատանիին հոգին երջանկացնել, ինչպէս յայտարարեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը 15 Հոկտեմբեր 1972-ին, «Կարդինալ Աղաճանեան Սանուց Տուն»ի նորակառոյց շէնքի բացումի հանդիսութեան ժամանակ: Այս առթիւ իր արտասանած տպաւորիչ խօսքին մէջ, տան հիմնադիր հայրապետը կ’ըսէր. «Այս Տունը զոհողութեամբ կառուցուեցաւ ի փառս Աստուծոյ եւ ի մշտնջենաւորում Կարդինալ Աղաճանեանի յիշատակին, եւ ի սէր հայ տարաբախտ մանուկներուն»: Յիշեցնելով որ այս տունը սահմանուած է ընդունելու Հայ Ազգի տնազուրկ ու ծնողազուրկ բոլոր զաւակները անխտիր, ան կը յարէր. «Ահա՛ ձեր տունը, ահա՛ ձեր զաւակները: Արդարեւ վե՛րն են անոնք, մե՛րն են անոնք: Ջանանք զանոնք երջանկացնել: Թող հրճուի Կարդինալի հոգին։ Հրճուինք բոլորս»:

Կազդուրման կայանի ծրագիրը կ’իրականացուի հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն եւ վարժարաններուն: 

Այս առումով, երեք տարիներ առաջ ընթացք առած մանկապատանեկան անվճար ամառնային ճամբարը, որուն նպատակն է  հայ պատանիներու հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը,  այս տարի եւս իր մեկնարկը կատարեց երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019-ին, Այնճարի, 2017-ին վերանորոգուած «Կարդինալ Աղաճանեան Սանուց տուն»ին մէջ: 2019-ի Ամառնային ճաբարի խորագիրն էր. «Բնութիւնը հրաշք է. գնահատե՛նք անոր արժէքը»:

8-էն 14 տարեկան մօտ 160 պատանիներ, առաջնորդութեամբ՝ գերապատիւ հայր Խաչիկ վարդապետ Գույումճեանին, գործակցութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան վարդապետներուն եւ աջակցութեամբ՝ Զմմառու Վանքի ժառանգաւորներուն եւ խումբ մը կամաւոր երիտասարդերիտասարդուհիներու, չորս հանգրուաններով (իւրաքանչիւրը՝ 11 օրերէ բաղկացած), Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն, անոնք հետեւեցան մշակուած հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային ճամբարի յատուկ յայտագրին: Անոնք ծանօթացան եկեղեցական արժէքներուն մասնակցելով սուրբ եւ անմահ Պատարագին, վարդարանի բարեպաշտական աղօթքին եւ հոգեւոր նիւթերուն: Յայտագիրը կ’ընդգրկէր նաեւ զարգացման նիւթեր, մարզական եւ սկաուտական այլազան խաղեր, գեղարուեստական ու ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ընկերային հանդիպումներ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ: Չորս հանգրուաններուն ընթացքին, ճամբարին մասնակիցները հաճելի ամառնային պահեր անցուցին «Շամս Փալաս» լողաւազանին մէջ:

Իսկ չորրորդ հանգրուանի պատանիները (12-21 օգոստոս), անմոռանալի օր մը անցուցին Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, ուր մասնակցեցան սուրբ եւ անմահ Պատարագին, զոր մատոյց հայր Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեան: Պատանիները ծանօթացան նաեւ վանքի զանազան  բաժանմունքներուն: Իսկ կէսօրէ ետք, անոնք մարզական եւ սկաուտական այլազան խաղերու մասնակցեցան: Խորապէս տպաւորուած եւ կազդուրուած՝ վանքէն հրաժեշտ տուին:

Իւրաքանչիւր հանգրուանի աւարտին, ճամբարի մասնակիցները ստացան իրենց գնահատականները եւ վկայագիրները, որպէս քաջալերանք իրենց ցուցաբերած օրինակելի վարքին ու բացառիկ ձիրքերուն տարբեր մարզերու մէջ: 

Ողջունելի է նաեւ Ճամբարի կեանքն ու օրակարգը կազմակերպող պատասխանատուներուն եւ օգնականներուն  աշխատանքը: Արդարեւ, անոնք  ոչինչ կը խնայէին, որպէսզի պատանիները իրենք զիրենք իսկապէս մէկ ընտանիք զգան եւ առաւելագոյն  ուրախութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրին, օրինակ առնելով երիտասարդներու պաշտպան  Սուրբ՝  Յովհաննէս Պօսքոն, որ 2019 ճամբարի Սուրբն էր: 

Նկատելի է նաեւ, որ ճամբարի մասնակիցներուն մէջ շատեր փափաք յայտնեցին իրենց ծնողաց եւ պատասխանատուներուն յաջորդ տարին դարձեալ Այնճար գալու: Անոնք անտարակոյս հաճելի եւ անմոռանալի ժամեր անցուցին եւ Այնճարի կլիմայէն օգտուելով կազդուրուած վերադարձան Պէյրութ:

Յիշեցնենք, որ վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց տան» բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի 4 Յունիս 2017-ին, Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի ու Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Այնճարի քաղաքապետին եւ շարք մը բարերարներու:

Այնճարի վերանորոգ «Աղաճանեան Սանուց տուն»ը շօշափելի վկայութիւնն ու արտայայտութիւնն է  Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան յանձնառութեան՝ շարունակելու Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեան սանուց տան հոգատարութիւնը  եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ բարերարներու աջակցութեամբ, զայն դարձնելով հարազատ ընտանեկան օճախ մը Հայ Ազգի տնազուրկ եւ ծնողազուրկ անխտիր բոլոր զաւակներուն համար:

 

Ո՞վ է Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան

Ծնած է 1885-ին, Ախալցխա, Վրաստան: Հռոմ ուսանած է իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ կանոնագիտութիւն եւ քահանայ ձեռնադրուած՝ 1917-ին: Յետ կարճատեւ առաքելութեան Թիֆլիսի մէջ, վերադարձած է Հռոմ, ուր դասաւանդած է Ուրբանեան Համալսարանին մէջ:

1932-ին, նշանակուած է Մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի:

Եպիսկոպոս ընտրուած է 1935-ին, եւ հազիւ երկու տարի ետք՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը զայն ընտրած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, առնելով Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը:

Մեծարուած ու սիրուած Հովուապետ մը եղած է ան, գնահատուած ոչ միայն Հայ Ազգի զաւակներէն այլ նաեւ օտարներուն կողմէ:

Եղած է նաեւ շինարար Կաթողիկոս՝ բազմաթիւ հաստատութիւններու, եկեղեցի, դպրոց, որբանոց…:

1946-ին, Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետը զայն պատուած է Ծիրանաւորի աստիճանով: Իսկ 1955-ին ան նշանակուած է նախագահ՝ Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովին:

1962-ին հրաժարած է Կաթողիկոսական Աթոռէն, լիովին նուիրուելով այս վերջին ծանրակշիռ պաշտօնին: Այդ տիտղոսով ան շրջագայած է գրեթէ համայն աշխարհը՝ ստէպ իբր պատուիրակ Սրբազան Պապին, մեծարուած ամէնուրեք, նկատուելով նաեւ Հայ Ազգի հռչակաւոր ներկայացուցիչն ու ջատագովը Հայ ժողովուրդին պատմութեան: Անդարմանելի եւ տառապալի հիւանդութեան ընթացքին, անոր այցելած է Նորին Սրբութիւն Պօղոս Զ. Սրբազան Պապը:

Իր մաքրակենցաղ ու աստուածանուէր հոգին Աստուծոյ յանձնած է 16 Մայիս 1971-ին, Հռոմի մէջ: Մարմինը ամփոփուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Եկեղեցւոյ մէջ:

Անոր Երանացման դատը բացուած է արդէն Տիեզերական Ս. Եկեղեցւոյ առջեւ: