ՍՐԲՈՑ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ԻՐ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

ՍՐԲՈՑ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՆՇԵՑ ԻՐ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Հակառակ դարու պարտադրած մարտահրաւէրներուն եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած կոչումներու տագնապին, Զմմառու Միաբանութիւնը կը շարունակէ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել կոչումներու հարցին: Այս սկզբունքներէն մեկնած 2018-ի Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ կեանքի կոչուեցաւ Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանը: Անիկա արգասիքն է Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան եւ Զմմառու Վանքի վարչութեան գործակցութեան: Հոգեւոր Ճեմարանի բացման առաջին տարեդարձը նշուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետներուն տօնին առիթով, որոնց պաշտպանութեան յանձնուած է Դպրեվանքը՝ իր բովանդակ իմաստով:

Այս առթիւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Հռոմէն պետական այցով Երեւան ժամանած՝ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Արհի. Փօլ Արք. Կալլակըր, մասնակցութեամբ Պապական Նուիրակ՝ Արհի. Խօսէ Եպս. Պէթթէնգուրի, Թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի, հոգեւոր հայրերու, Մխիթարեան ճեմարանի սաներու եւ համանուն կրթօճախի նորընծաներուն ու անոր նեցուկ հանդիսացող բարեկամներուն:

 Պատարագէն ետք բոլորը մասնակցեցան եղբայրական ագապին, առաջնորդարանի սեղանատան մէջ: Թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւորեց Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ ստեղծուած սերտ յարաբերութիւններու անխախտ շարունակութիւնը: Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան, որ համառօտ անդրադարձաւ տարածաշրջանին մէջ Դպրեվանքին կարեւոր դերակատարութեան  ապագայի մարդն ու հոգեւորականը դարբնելու ուղղութեամբ: Ապա, առաջին տարեդարձին առթիւ ներկայացուց  հոգեւոր ճեմարանի պաշտօնական կերպը՝ logo-ն եւ անոր քանդակուած առաջին օրինակները յանձնեց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն: Հուսկ,Գերապայծառ Կալլակէր շնորհակալութիւն յայտնեց այս  գեղեցիկ առիթին համար, շնորհաւորեց Սրբազան առաջնորդ հայրր՝ անոր անուանակոչութեան առթիւ եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց ճեմարանի սաներուն: