ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԲԵՐԷ ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ
– Դուն որ կը հետեւիս լուրերուն, հետեւեցա՞ր Նիկոլ Փաշինեանի Վենետիկ եւ Հռոմ այցելութեան մասին լուրերուն։ Եթէ հետեւեցար, ուրեմն ինծի պէս գոհունակութեամբ զգացած պիտի ըլլաս որ Հայաստանի վարչապետը կարդացած է նաեւ Սուրբ Գիրքը։
– Ինչէ՞ն զգացիր։ Ըսէ տեսնեմ։
– Շատ պարզ է։ Հռոմի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, քիչ մը ջղայնացած ոճով անդրադառնալով նախկին իշխանութեանց «կառուպցիայով» եւ տեսակ-տեսակ չարաշահումներով եւ օրինախախտումներով մեղադրուած մեծ ու փոքր պաշտօնատարներուն դէմ կատարուող ոստիկանական եւ դատական հետապնդումներուն, բացագանչեց.- «Յիսուս անգամ տաճար մտաւ եւ դուրս հանեց ամէնքը, որ կը վաճառէին եւ կը գնէին տաճարին մէջ։ Շրջեց լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնի վաճառողներուն աթոռները եւ ըսաւ անոնց .- Գրուած է «Իմ տունս պիտի կոչուի տուն աղօթքի եւ դուք ըրիք զայն աւազակներու քարայր»։ Հասկցա՞ր ինչ ըսել ուզեց Նիկոլ Փաշինեան բացատրելու համար այն «մաքրագործումները» որոնք կատարուելու վրայ են Հայաստանի մէջ։
– Հասկնալու պէտք չունիմ։ Գիտէի։ Բայց այն ինչ որ չէի գիտեր Մատթէոսի Աւետարանին այնքան ծանօթ ըլլալն էր։
ԵՐԲ ԽԵԼՔԸ՝ ՄԻԱՅՆ ՄԱՐԴՈՒ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ
– Բարեկամ, մտաւորական մարդ ես։ Ըսէ տեսնեմ, այս մեր չքնաղ երկրին ղեկավարները խնդիրները լուծելու չափ խելք չունի՞ն, խելացի չե՞ն…։
– Խելք ալ ունին, խելացի ալ են, բայց երբ իրենց խելքն ու խելացիութիւնը միայն իրենց անձնական շահերուն կը ծառայեցնեն, մոռնալով ժողովուրդին հանդէպ իրենց ունեցած պարտաւորութիւնները՝ հետեւանքը կ’ըլլայ այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է ներկայիս։ Հասկցա՞ր։
– Ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի լուծուին կամ ո՞վ պիտի լուծէ մեր տագնապներն ու խնդիրները, որոնք տակնուվրայ կ’ընեն երկիրը…։
– Չեմ գիտեր։ Ատիկա խելք ունեցող եւ խելացի մարդոց հարցուր…
– Անկեղծօրէն բան չհասկցայ…։
«ՆՄԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ ՇԱՏ ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ Է ՆԱԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ»
– Յուսամ կարդացիր Ֆրանչիսկոս Պապին Սեպտեմբերի 1-ի խորհրդածութիւնը խոնարհութեան մասին։ Շատ այժմէական է։
– Չկարդացի։ Ըսէ տեսնեմ ինչ բանի մասին է։
– Թէեւ արդէն հրատարակուած է, բայց կրկնեմ։ Ան կը նշէ որ փարիսեցի իշխանաւորներէն մէկուն տունը ճաշի մը ընթացքին նկատած է որ հիւրերը կը շտապեն զբաղեցնել առաջին տեղերը: «Նման վարքագիծը շատ տարածուած է նաեւ մեր օրերուն, կ’ըսէ Սրբազան Քահանայապետը եւ կը շարունակէ. «Առաջին տեղերու համար մղուող այս պայքարը կը վնասէ ե՛ւ քաղաքացիական ե՛ւ եկեղեցական համայնքներուն, քանի որ կը կործանէ եղբայրական յարաբերութիւնները: Մենք բոլորս կը ճանչնանք նման փառասէր մարդիկ, որոնք ամէն ինչ կ’ընեն՝ առաւել բարձր դիրք գրաւելու համար: Անոնք կը կործանեն եղբայրութիւնը»:
– Զարմանալի ի՞նչ կայ ասոր մէջ։ Պապը պարզապէս կը հաստատէ իրականութիւն մը եւ կը յորդորէ այդ հրաւիրեալներուն պէս չըլլալ։
– Զարմանալին այն է որ Պապին խորհրդածութիւնը կարծես թելադրուած է լիբանանցի այսպէս կոչուած կարգ մը երեւելիներու վարքագիծէն։ Այս մարդիկ նման վարքագիծ կը ցուցաբերեն ոչ միայն հաւաքոյթներու ու հանդիսութիւններու ընթացքին, այլ նաեւ եկեղեցիին մէջ, եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին, կը փութան եկեղեցւոյ առաջին շարքին վրայ տեղաւորուիլ՝ յաճախ զիրար հրմշտկելու գնով, մինչ միւս շարքերուն վրայ լայն տեղ կայ…։ Կը կարծե՞ս որ Պապին յորդորը տեղ կը հասնի…, գոնէ եկեղեցիներու պարագային…։
– Բան մըն ալ չեմ կարծեր։ Երեւոյթը ինքնին պերճախօս է։ Միայն եկեղեցիներու յատուկ չէ։ Թող ամէն մարդ մտածէ ինչ որ կ’ուզէ։ Կը կարծեմ որ բան չի փոխուիր, որովհետեւ գերակայութեան կամ մեծամտութեան բարդոյթները անբուժելի են։
ՀԱՅՈՐԴԻ