Գիտէ՞ք որ նկարներն ալ իրենց կենսագրութիւնը ունին:
Անոնց մասին տեղեակ ըլլալու համար կարելի է կատարել ճամբորդութիւն մը
դէպի երեւոյթներու ժամանակագրութիւն, դէպի՝ անցեալ:
Նկատի առնելով որ այս տարի համաշխարհային տարողութեամբ ոգեկոչեցինք երաժշտական անկրկնելի հանճար Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակը, յոբելեան մը, որ UNESCO-ի կողմէ ընդգրկուած էր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019֊ի օրացոյցին մէջ, պատշաճ նկատեցինք «ՄԱՍԻՍ»-ի այս նորամուտ հատուածը սկսիլ Կոմիտասին նուիրուած գեղարուեստական եզակի աշխատանքով մը ։
Փանոս Թերլեմեզեանի գծագրած այս կտաւին մէջ Կոմիտասը նստած է մօր գորգին վրայ, կողքին սափորն է: Կոմիտասը կը նկարէ եւ կ’ընթերցէ: Այս աշխատանքը կատարուած է 1913-ին: Երկու ընկեր՝ Կոմիտասն ու Թերլեմեզեանը Կոմիտասի ծննդավայրին մէջ՝ Քիոթահիա գիւղն էին եւ կը մնային վարձուած վրանի մէջ: Այստեղ Կոմիտասը թրքական երգեր կը նօթագրէր: Կարծիք կայ, որ ասիկա միակ նկարն է, որուն համար Կոմիտասը անձամբ եղած է բնորդ:
Գորգը եղած է դեռ Կոմիտասի ծնունդէն շատ առաջ: Այն, Կոմիտասի մայրը՝ Թագուհին է որ հայրական տունէն օժիտ բերած է: Կոմիտաս մայրը կորսնցուցած է, երբ ընդամէնը 6 ամսական էր:
Սափորը կը խորհրդանշէ Կոմիտասի ծննդավայրը՝ Քիոթահիան: Սափորի պատրաստման այս եղանակը Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն իրենց հետ բերած են Կոմիտասի նախնիները:
Սափորի հետ կապուած պատմութիւն մը կայ, ըստ որուն՝ 1881-ին պատանի Սողոմոն, Գէորգ վարդապետ Դերձակեանի հետ Էջմիածին ուղեւորութեան ճամբուն վրայ կանգ կ’առնէ Էսքիշեհիրի մէջ՝ Թորոս Աւտալեանի տունը: Աւտալեան կը խնդրէ արտօնել, որպէսզի ինք հոգայ Սողոմոնի ճանապարհածախսը: 1913-ին Կոմիտասը կրկին Էսքիշեհիր էր. կ’այցելէ Աւտալեանին եւ, որպէս երախտիքի նշան, անոր կը նուիրէ սափորը: Աւտալեանն ալ Կոմիտասէն կը խնդրէ, որ զայն փոխանցէ Փարիզ ապրող իր որդիին՝ Յովնաթանին: Սափորը Փարիզէն կը հասնի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, այնտեղէն ալ Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկ: