ՊԱՐՈՆԱՅՔ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ, ԵԹԷ ՊԱՀ ՄԸՆ ԱԼ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԻԿՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ԸԼԼԱՅԻՔ

ՊԱՐՈՆԱՅՔ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ, ԵԹԷ ՊԱՀ ՄԸՆ ԱԼ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԻԿՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ԸԼԼԱՅԻՔ

ՍԱՐԳԻՍ  ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Փոխան Խմբագրականի

Լիբանանի պետական այրերը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար կառավարութիւնն ու անոր անդամները, որոնց հրաժարումը աննախընթաց միաձայնութեամբ մը կը պահանջէ այսօր լիբանանցիներու լուռ զանգուածը, անկախ իրենց վերագրուած մեղադրանքներէն, աւելի քան հարուստներ ըլլալով՝ չքաւորներուն անտարբերութեամբ նայելու թերութիւնը ունեցան։ Հարուստ ըլլալը յանցանք չէ, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, եթէ ուրիշներու հաշւոյն ձեռք ձգուած չէ հարստութիւնը։ Սակայն նոյնիսկ օրինական միջոցներով հարստացողները, որոնք կրնան բարի սրտով մարդիկ ալ ըլլալ, թերացան աղքատներուն մօտիկութիւն ցուցաբերելու իրենցմէ ակնկալուած անգիր պարտականութեան մէջ։ Մարդկայնականութիւն չցուցաբերեցին։ Եթէ այս թերութիւնը ունեցած չըլլային՝ հասկցած պիտի ըլլային աղքատին վիճակը եւ մտածած աղքատութեան մատնուած քաղաքացիին գէթ արժանապատուութիւնը յարգելու մասին՝ այնպէս ինչպէս կը թելադրէ մարդկայնականութիւնը եւ ինչ որ դրամով անգամ չի փոխարինուիր։

Այսօր ամբողջ դասակարգ մը ոչ միայն աղքատ է, այլ անտէր ըլլալու զգացումէն կը տառապի, որովհետեւ չի վայելէր պետական ոչ մէկ հոգատարութիւն որ իր արդար իրաւունքն է։ Պէտք է ըսել նաեւ որ այսօր աղքատը միայն հանապազօրեայ հացի կարօտ քաղաքացին չէ, այլ անգործ, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային խնամքի կարօտ, զաւակները դպրոցէ զրկելու պարտաւորութեան տակ գտնուող, ջուրէ եւ ելեկտրականութենէ զրկուած քաղաքացին ալ, որ դրամի պակասէն աւելի իր արժանապատւութիւնը արհամարհուած տեսնելու երեւոյթէն կը տառապի։

Եթէ պետական իշխանաւորները իրենց պերճագեղ ապարանքներէն դուրս գալով եւ վայելչասէր կեանքին տրամադրած ժամերէն պահ մըն ալ տրամադրէին ծանօթանալու աղքատներու վիճակին, զրկանքներուն ու տառապալի կենսակերպին, մօտիկութիւն ցոյց տալով անոնց, թերեւս մարդկայնականութեան զգացումը կ’արթննար իրենց մէջ եւ ժողովուրդի անէծքին փոխարէն արժանանային անոր գոհաբանական աղօթքին։

29 / 10 / 2019