Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ 2019 Սեպտեմբերի 3-էն 13, Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ, ի Զմմառ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերու Առաջնորդներուն, Յունաստանի առաքելական կառավարիչին, Իրաքի առաքելական կառավարիչին, Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական եքզարքին եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդին:
Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հոգեւոր, հովուական, կանոնական, ընկերային հարցերուն առընթեր, Ժողովական Հայրերը քննարկեցին մասնաւորաբար հետեւեալ հրատապ հարցերը.
ա- Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապալի կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներուն հետեւանքով յառաջացած անապահով եւ մտահոգիչ իրավիճակը: Նոյնպէս քննարկուեցան այն միջոցառումները, որոնք անհրաժեշտ են թեթեւցնելու համար հայ ժողովուրդին նիւթա-բարոյական տառապանքը, մասնաւորաբար ընկերային, ընտանեկան եւ կրթական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ այն աշխատանքը, որ պէտք է տարուի հնարաւորին չափ կասեցնելու համար յատկապէս ընտանիքներուն արտագաղթը, որ ծայր առած է վերջին տարիներուն։
բ- Անոնք բարձր գնահատեցին կարգ մը կարեւոր հրատարակութիւններ, ինչպիսին՝ ժամերգութիւններուն աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, Սաղմոսարանի նոր թարգմանութիւնն ու Նոր Կտակարանի վերատեսութեան ենթարկուած աշխարհաբարի թարգմանութիւնը:
գ- Անոնք կոչ ուղղեցին հետապնդելու երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի սրբադասման դատի նախապատրաստական աշխատանքները: Ծիրանաւորի սրբակենցաղ կեանքը, մարդասիրական ու եկեղեցանուէր արժանիքները զինք կը դարձնեն սրբադասումի արժանի։ Այս պատճառով Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը արդէն հրատարակեց բազմալեզու թռուցիկներ, որոնք կը բովանդակեն անոր վարքն ու հոգեւոր կտակը, ինչպէս նաեւ աղօթք մը անոր երանացման համար:
դ- Սիւնհոդոսական Հայրերը քննարկեցին նաեւ պատրիարքական յանձնախումբերու գործունէութիւնները՝ Կանոնական, Ծիսական եւ Համամիութենական ասպարէզներուն մէջ:
ե- Անոնք անդրադարձան պատրիարքական եւ այլ թեմերու վարչական, հովուական եւ նիւթաբարոյական հարցերուն՝ համապատասխան միջոցառումներով բարւոք լուծումներ տալու նպատակով անոնց։
զ- Սիւնհոդոսական Հայրերը շեշտեցին նաեւ անհրաժեշտութիւնը առաւելագոյն կերպով օգտագործելու հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս արդիական լսատեսողական միջոցները եւ մամուլը՝ քրիստոնէական հաւատքը առաւել մատչելի ու կիրարկելի դարձնելու համար մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ:
է- Ժողովական հայրերը նաեւ քննարկեցին եւ վաւերացուցին Հայ Կաթողիկէ իւրայատուկ Կանոնագիրքի վերատեսութիւնը:
ը- Սիւնհոդոսը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Հայ Կաթողիկէ թեմերու ու հաստատութիւններու գոյավիճակին, եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Մայր Հայրենիքի մէջ մարդու իրաւունքներու պահպանումին, խօսքի եւ խիղճի ազատութեան, հայրենաբնակ ժողովուրդի բարեկեցութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կառոյցներու ուղղութեամբ առնուած քայլերուն, հայկական պետականութեան հզօրացման, եւ վերջապէս Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջին:
Իրենց նիստերու աւարտին, Սիւնհոդոսական Հայրերը ողջունեցին Հայ կաթողիկէ հաւատացեալները ի սփիւռս աշխարհի, հայցելով անոնց աղօթքները, որպէսզի ամենաբարին Աստուած, բարեխօսութեամբ Աստուածամօր` յաջողութեամբ պսակէ անոնց բոլոր ծրագիրները: