ՄԻԱՑԵԱԼ  ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԿՈՍ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95 ԱՄԵԱԿԸ

ՄԻԱՑԵԱԼ  ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԿՈՍ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95 ԱՄԵԱԿԸ

Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր, 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ հանդիսաւոր եւ փառաւոր կերպով նշուեցաւ Սուրբ Մարկոս՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակը: Այս առթիւ, Սուրբ Պատարագ մատուցեց Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան:

Յաւարտ սուրբ պատարագին հաւատացեալները մասնակցեցան այս առթիւ սարքուած գեղեցիկ եւ փառաւոր ճաշկերոյթին:

Նշենք, թէ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը նկատուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հիմնուած առաջին հայ կաթողիկէ եկեղեցիներէն մին, հիմնուած 95 տարի առաջ ձեռամբ Գերապայծառ Ստեփան Ստեփանեանի: