Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2019-ին՝ առաւօտուն, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Միւռոնօրհնէքը: Պատմական այս հանդիսութեան առթիւ՝ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ օրուան արարողութեան նախագահեց ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Պատարագին ներկայ էին Հ. Կ. Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը, կղերական դասը, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Պէյրութի թեմի պատրիաքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան եւ վարչական խորհուրդը, քահանայ Հայրեր, պետական երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները եւ դպրեվանքերու սաները, ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիքէն ժամանած ուխտաւորներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Հայ Եկեղեցւոյ համար դարաւոր խորհուրդ մը ունի միւռոնօրհնէքը, որ կը սրբագործուի յատուկ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ: Արդարեւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան իրաւունքը Հայոց Եկեղեցին վերապահած է իր գերագոյն հոգեւոր պետին՝ Կաթողիկոսին:
Արեւելեան Եկեղեցիներու մէջ եւ մանաւանդ Հայոց մօտ, Սուրբ Միւռոնի պատրաստութիւնը երկար ժամանակ կը պահանջէ: Անոր բաղադրութիւնը կազմուած է ձիթենիի ձէթէ, 46 տեսակ բոյսերէ, անուշաբոյր խոտերէ, զանազան ծաղիկներէ եւ հոտաւէտ արմատներէ, որոնք լուսապայծառ կերպով կը խորհրդանշեն Սուրբ Հոգւոյն եօթնարփեան շնորհքները: Սրբալոյս միւռոնի պատրաստութիւնը տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ, Կաթողիկոսի յանձնառութեամբ, որուն ընթացքին կատարուեցան աղօթքներ եւ սաղմոսներ:
Այս առթիւ յատուկ սեղան մը պատրաստուած էր, որուն վրան զետեղուած էին Միւռոնի կաթսաները:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, Ս. Պատարագի սկիզբը՝ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ՝ հանդիսաւոր թափօրով բարձրացաւ խորան, շրջապատուած Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներով եւ կղերական դասով:
«Սուրբ Աստուած»էն ետք սկսաւ սրբալոյս միւռոնի արարողութիւնը. եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ նորընծաներ հերթաբար Աստուածաշնչեան ընթերցումներ կատարեցին, որմէ ետք Հոգեւոր Տէրը յատուկ աղօթքով Ս. Հոգւոյն էջքը խնդրեց, որպէսզի սրբագործէ իւղը եւ այնուհետեւ անով օծուողները ստանան երկնային շնորհքներ: Այս առթիւ երգուեցան նաեւ յատուկ շարականներ եւ աղօթքներ կարդացուեցան, Աւետարանական ընթերցումներով հանդերձ:
Հոգեւոր Տէրը երեք անգամ կնքելէ ետք Միւռոնը, յատուկ աղօթք մը արտասանեց, որմէ ետք եպիսկոպոսներուն հետ միաբերան՝ Խաչը ձեռին երեք անգամ օրհնեց Միւռոնը երգելով. «Օրհնեցի եւ սրբեցի միւռոնս այս՝ նշանաւ Սուրբ Խաչիւս եւ Սուրբ Աւետարանաւս եւ Սուրբ Աղաւնիաւս»: Այնուհետեւ Հայրապետը կաթսային մէջ լեցուց հին միւռոնը:
Աւետարանի ընթերցումէն ետք՝ Հոգեւոր Տէրը իր հայրական խօսքը ուղղելով ներկաներուն ողջունեց զանոնք ըսելով. «Սիրելի՛ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ Զմմառու վանքի միաբան հայրեր, առաքինազարդ Քոյրեր եւ սիրելի՛ հաւատացեալներ. Օրհնեալ ըլլայ սուրբ Միւռոնով օծուած այս սուրբ օրը: Այս օրը սիրելինե՛ր, մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգին համար մեծ իմաստ եւ խորհուրդ ունի: Մեզի համար սրտի անհուն ուրախութիւն է ձեզ բոլորդ միատեղ հաւաքուած տեսնել Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ, ուր այսօր կը կատարենք սրբալոյս միւռոնօրհնէքը: Սիրելինե՛ր, Սուրբ Միւռոնին իւղը խորհրդանիշն է Սուրբ Հոգւոյն եւ անոր աստուածային պարգեւներուն: Զայն կը գործածենք Մկրտութեան, Դրոշմի եւ Քահանայութեան Սուրբ Խորհուրդներուն տուչութեան ժամանակ: Մեր Եկեղեցւոյ տասնեակ հազարաւոր մանուկներ պիտի օծուին այս Սուրբ Միւռոնով, նորանոր քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ նաեւ: Ս. Միւռոնը որպէս գերագոյն սրբութիւն կը ներգործէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հոգիին մէջ: Օծումը՝ զոր ի Քրիստոս հաւատացեալք կը ստանան, մասնաւոր կերպով կը փոխանցէ Հոգւոյն Սրբոյ զօրութիւնը, առաջնորդելու համար զանոնք դէպի ճշմարտութիւն եւ սրբութիւն: Ան միանգամայն եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ հիմնական սպասները նուիրագործող իւղն է: Աւելի՛ն, Միւռոնը կը սպառազինէ քահանայական ձեռնադրութեամբ եկեղեցւոյ սպասարկութեան կոչուող նուիրեալները: Արդարեւ, Միւռոնի օծում կը ստանան եկեղեցիները, եկեղեցւոյ սիւները, սեմը, Ս. Սեղանը, մկրտութեան աւազանը, եկեղեցական սպասքը, սրբոց պատկերները, խաչը եւ խաչքարերը: Այսօր մենք մեր հայրերուն հաւատքով եւ ջերմեռանդութեամբ մասնակից կը դառնանք այս սրբալոյս միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Սիրելինե՛ր, մեր մաղթանքն է որ, Սուրբ Միւռոնի զօրութեամբ ամէն հայ դառնայ հարազատ քրիստոնեայ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հարազատ զաւակ»:
Հոգեւոր Տէրը իր խօսքի աւարտին յատուկ բարեմաղթութիւն կատարեց ներկաներուն ըսելով. «Պատմական այս օրուան աւարտին՝ աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ առատաձեռն շնորհներ պարգեւէ ձեզ բոլորիդ, ձեր հեռաւոր թէ մօտակայ հարազատներուն եւ հոգեկան եւ մարմնական բժշկութիւն շնորհէ անոնց, որոնք կը ստանան զայն»:
Միւռոնի օծումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը, Սիւնհոդոսական Հայրերու եւ Հայ կաթողիկէ կղերական դասուն ընկերակցութեամբ՝ խորանի սպասաւորներու միջոցաւ՝ օրհնուած Միւռոնը եւ իւղերը թափօրով փոխադրեցին վանքին Նահատակաց դահլիճը «Կեցո զՈրդի» շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, եղբայրական ագապ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ: Պատմական այս օրուան աւարտին, ուխտաւոր հաւատացեալները մեկնեցան, իրենց հետ տանելով սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը: