ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ

Մարոնիթ համայնքի Պատրիարք՝ Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռաիի հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2019, կէսօրին, Պքերքէի Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ եպիսկոպոսներու հանդիպում մը քննարկելու համար երկրին մէջ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող ժողովրդային ըմբոստութեան հետեւանքով ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը եւ հաւաքական կեցուածքով մը հանդէս գալու։ Սոյն հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Հանդիպումին մասնակից քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը ողջունեցին ժողովուրդին միասնականութիւնը եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին եւ անոր արդար պահանջներուն։ Անոնք ժողովրդային աննախընթաց շարժումը հետեւանքը նկատեցին պետական-֊քաղաքական շրջանակներէն ներս տիրող փտածութեան, ժողովուրդին ընկերային եւ տնտեսական վիճակի վատթարացումին, անոր կարիքներուն հանդէպ անտարբերութեան։ Հետեւաբար, հոգեւոր պետերը շեշտեցին շտապ միջոցառումներ որդեգրելու հրամայականը ընդառաջելու համար ժողովրդային արդար պահանջներուն եւ առաջքը առնելու կացութեան վատթարացումին։ Այս ուղղութեամբ անոնք կոչ ըրին պետական պատասխանատուներուն եւ մասնաւորաբար Հանրապետութեան նախագահին։

Հանդիպումի աւարտին, մասնակիցները հրապարակեցին կացութեան, անոր դարմանումին եւ ժողովրդային պահանջներուն ընդառաջելու ուղղութեամբ իրենց մտահոգութիւնները ու պահանջները արտայայտող յայտարարութիւն մը։