ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆՇՈ՛ՒՇՏ, ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԷ՞Ս…

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆՇՈ՛ՒՇՏ,  ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԷ՞Ս…

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………….

Յայտնապէս՝ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան՝ վարչապետին անմիջական վերհսկողութեան տակ հաստատուած իր գրասենեակով կոչուած է այս հարցումի պատասխանի որոնումին։

Հարցումը եւ անոր պատասխանին որոնումը համահայկական օրակարգի ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկը դարձաւ վերջին տարիներուն (մանաւանդ ամիսներուն)՝ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն, իսլամական արմատականութեան սպառնալիքներուն, ահաբեկչական խմբակներու ստեղծած սարսափի պայմաններուն, կամ պարզապէս պղտոր հեռանկարներուն հետեւանքով, որոնք անգամ մը եւս օրհասական դարձուցին միջին արեւելեան երկիրներու հայկական համայնքներուն վիճակը։ Այս պատճառով ալ բազմաթիւ սփիւռքահայեր տեղափոխուեցան Հայաստան՝ ոմանք փախստականի (գաղթականի) կարգավիճակով, ուրիշներ՝ «ժամանակաւոր» դիտաւորութեամբ։ Նկատելով վերջին տարիներուն երկրին մէջ արձանագրուած բարեփոխումները, աստիճանական ժողովրդավարականացումը, տիրող ազատութեան (երբեմն նոյնիսկ սանձարձակ) մթնոլորտը, կենսապայմաններու բարելաւումը, տուն-տեղ եւ աշխատանք գտած շատերուն համար այդ «ժամանակաւորը» դարձաւ մշտական։ Ամէն պարագայի տակ, այսպէս կամ այնպէս բոլորը նկատուեցան հայրենադարձ։ Այս ալիքը եւ ասոր հետեւանքով արտասահմանեան համայնքներուն մէջ հայրենադարձութեան գաղափարին (եւ առաւելութիւններուն) օր ըստ օրէ աւելի ուժեղ հնչող արձագանգը հայրենի իշխանութիւններուն, նաե՛ւ սփիւռքահայ կառոյցներուն օրակարգի գլխաւոր կէտերէն մէկը դարձուցին կանոնակարգուած հայրենադարձութեան խնդիրը։

Հայրենադարձութեան մասին բոլոր մակարդակներու վրայ հնչող հարցադրումին պատասխանը որոնելու աշխատանքը նոր չէ , նո՛ր կրնայ ըլլալ ձեւաչափերով միայն։ Արդարեւ, այդ հարցադրումի պատասխանի որոնումին ի խնդիր տասը տարի գործեց եւ այդ որոնումին թափ տալու սահմանուած աննախընթաց միջոցառումներ նախաձեռնեց Սփիւռքի նախարարութիւնը որ լուծարուեցաւ իբրեւ այդպիսին՝ դժգոհութեան ալիք մը յառաջացնելով սփիւռքահայութեան մօտ։ Յայտնապէս այս նախարարութեան տասնամեայ աշխատանքին մեծ մասամբ շարունակութիւնը դառնալու կոչուած է անոր յաջորդը, ինչպէս հաստատեց պարոն Սինանեան պատկերասփիւռ հացազրոյցի մը ընթացքին ըսելով որ «Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարը ունի շատ գործառոյթներ, որոնք ունէր նաեւ Սփիւռքի նախարարը», եւ այնպէս ինչպէս եղաւ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին գլխաւորած կառոյցը։ Արդարեւ, այս վերջինը ժառանգորդը եղաւ Սփիւռքի հետ մշակոյթային կապի Կոմիտէին՝ որ գործեց նրբանկատ ու շրջահայեաց հասարակական գործիչ Վարդգէս Համազասպեանի ղեկավարութեամբ։ Եթէ ոչ անգիտութիւն, նուազագոյնը ապերախտութիւն է ուրանալ հայապահպանութեան միտուած բարիքները զորս այս Կոմիտէն՝ սովետական ապազգայնացնող միջավայրի պայմաններուն տակ ընծայեց Սփիւռքին՝ մշակութային եւ կրթական պիտակին տակ եւ նպաստեց ուշ կամ կանուխ հայրենադարձութեան գաղափարի ոգիի պահպանումին շրջանցելով հազարումէկ սեղմումներ։

Այդ ժամանակներէն սկսեալ ցայսօր եւ անկախութեան հռչակումով՝ որ նկատուեցաւ սփիւռքահայութեան ուղղուած անարգել հայրենադարձութեան հրաւէր մը եւ Հայաստանի պետական վարչամեքենային բաղկացուցիչ մէկ մասը դառնալու հնարաւորութեան նախադրեալ մը , «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ» պիտակին տակ մշակուած ծրագիրները, կատարուած նախաձեռնութիւնները, բազմանպատակ համաժողովները, օրակարգերը ու բազմակողմանի քննարկումները՝ ընդհանրապէս մշակութային, կրթական եւ մինչեւ իսկ գործարարական եւ նպաստամատոյցային բնոյթ ունենալով հանդերձ, տեղի ունեցան «հայրենադարձութիւն» խորապատկերին վրայ։ «Հայրենադարձութիւն» իր բազմադիմի ընկալումով, սփիւռքահայուն համար սահմանափակուելով «ԵԹԷ որեւէ պատճառով պէտք եղաւ տեղափոխուիլ, պէտք է երթալ միայն Հայաստան» կարգախօսին մէջ, որ հնչեց բոլոր պաշտօնական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ։ Պատճառները, ինչպէս զայն օգտագործողները չպակսեցան, բայց ոչ նկատառելի համեմատութեամբ։ Իսկ Հայաստանին համար՝ զանգուածային հայրենադարձութիւն մը ընդունելու պայմաններու չգոյութիւնը եւ նախապատրաստութեան պակասը՝ զգուշաւոր դարձուցին պատասխանատուները՝ Մայր Հայրենիքին դռները հայրենադարձուիլ ցանկացողներուն առջեւ մշտապէս բաց պահելու եւ անոնց օգնելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով հանդերձ։

Այս բոլորով հանդերձ, ոչ ոք, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, համարձակութիւնը ունեցաւ օրակարգի ուղղակի նիւթ ու նպատակ դարձնելու զանգուածային հայրենադարձութիւնը։ Գործնական նախաձեռնութիւններ կատարելու այս ուղղութեամբ կամ գէթ նախապատրաստուելու անոր։ Հասկնալի է որ այսպիսի համարձակութիւն մը կարելի չէր ակնկալել Մշակութային Կապի Կոմիտէի շրջանին, մանաւանդ աչքի առաջ ունենալով 1947-1948-ի այսպէս կոչուած Մեծ Հայրենադարձութեան (ներգաղթ) փորձառութիւնը՝ իր դրական եւ բացասական անդրադարձներով։ Այդ հնարաւորութիւնը ընձեռեց անկախութիւնը, որ միաժամանակ հնարաւորութիւն ստեղծեց ընդառաջելու հայկական պետականութեան մէջ ներկայացուած ըլլալու Սփիւռքի ակնկալութեան։ Այս ակնկալութիւնը արդարացնող յայտարարութիւններ եւ նախաձեռնութիւններ կատարեցին երրորդ Հանրապետութեան իրարայաջորդ իշխանութիւնները։ Մինչեւ իսկ Ազգային Ժողովը երկպալատ դարձնելու, ապա՝ Համահայկական Խորհուրդ մը ստեղծելու ծրագիրներ մշակուեցան, սակայն շուտով մոռցուեցան։

Յայտնապէս, հայրենադարձութիւնը՝ այնպէս ինչպէս կը թելադրեն վերադառնալ ցանկացողներու եւ զանոնք ընդունելու կոչուած կողմերուն փոխադարձ ակնկալութիւնները (պայմանները), եւ համապատասխան կանոնակարգումը, հաւաքական թէ անհատական մաղթանքներու ու բարի տրամադրութիւններու սահմանը չանցաւ։ Ո՛չ պետական, ոչ հասարակական մակարդակներու վրայ գործնական քայլեր առնուեցան այդ ուղղութեամբ՝ պատճառներով որոնք հասկնալի են եւ որոնց նուազագոյն մէկը՝ սփիւռքի մէջ տիրող բազմակարծութիւնը եւ մանաւանդ հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ տարբեր եւ հակասական տրամադրութիւններն են, ինչպէս նաեւ ամէն համայնքի (գաղութ) բնորոշ գիծերը եւ ինքնուրոյն (ընկերային, տնտեսական, քաղաքացիական, քաղաքական) առանձնայատկութիւնները, որոնք իւրաքանչիւր համայնքը կը դարձնեն ինքնատիպ հաւաքականութիւն։ Հայկական իշխանութիւններուն կողմէ՝ գլխաւոր պատճառը յանպատրաստուածութիւնն է։

Ըստ երեւոյթին, այս իրողութեանց նկատառումով է որ ճամբայ ելաւ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարը։ Նախքան Մոսկուա մեկնումը, ուր տեղւոյն հայ համայնքին հետ (հաւանաբար մեծ մասը հայաստանցի) հանդիպումով սկսաւ իր սփիւռքի համայնքներուն այցելութիւններուն շարքը, Պր. Սինանեան «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին հետ ստորագրեց համագործացութեան յուշագիր մը, որ կը հաստատէ թէ «պետական քաղաքականութեան մէջ հայրենադարձութիւնը առանցքային դեր ունի» եւ կը կարեւորէ հայրենադարձութեան եւ սփիւռքի ներգրաւուածութեան գործընթացներու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայրենադարձներու խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը ու հետազօտութիւնը։ Յուշագիրը կը նախատեսէ համատեղ աշխատանք հայրենադարձութեան ռազմավարութեան նոր գործընթացի ձեւաւորման եւ կենսագործման, ինչպէս նաեւ ինտեգրման ծրագիրներու համատեղ իրականացման ուղղութեամբ։

Մոսկուայի մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին, պարոն Սինանեան շեշտեց հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը Հայաստանին համար՝ ըսելով որ «մենք ցանկանում ենք ստեղծել այնպիսի երկիր, որ իւրաքանչիւր հայ իմանայ՝ ինքը որպէս անհատ իր հնարաւորութիւններով, ունակութիններով՝ անկախ դրանից թէ նրանք ինչպիսին են՝ ֆինանսական, մասնագիտական, ֆիզիքական, իր տեղն ունի Հայաստանում եւ Հայաստանը թթուածինի պէս իր հայրենակիցների կարիքը ունի»։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ստեղծումէն ի վեր՝ Պր. Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ, հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը շեշտող յայտարարութիւններ հնչեցին բազմաթիւ առիթներով եւ յաճախ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին իսկ բերնով, սակայն ոչ մէկը ըսաւ թէ այդ հայրենադարձութիւնը ի՛նչ տարողութեամբ եւ ձեւաչափերով կրնայ տեղի ուենալ, ինչպիսի՞ կանոնակարգումի հիման վրայ։

28 / 10 / 2019