ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ  ԸՄԲՈՍՏԱՆԱԼՈՎ՝ ՇՐՋԵՑ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ  ԸՄԲՈՍՏԱՆԱԼՈՎ՝ ՇՐՋԵՑ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Ս.Ն.

……………………………

Ինքնիրեն, առաջին անգամն ըլլալով սեփական նախաձեռնութեամբ եւ ինքնաբուխ պոռթկումով մը՝ համայն լիբանանցի ժողովուրդը, հարիւր հազարաւոր մեծ ու պզտիկներով, կիներով եւ աղջիկներով, մեծ մասամբ երիտասարդներով, 17 Հոկտեմբերին պատմականօրէն շրջադարձային հանգրուանի մը առջեւ դրաւ երկիրը, երկու հիմնական պահանջներով՝ մէկը ընկերային-տնտեսական, միւսը՝ քաղաքական։

Արդարեւ, երկրի անկախացումէն ի վեր, 1943-ին, առաջին անգամն ըլլալով ան յայտնուեցաւ համաժողովրդական ապստամբութեամբ մը որ ընդգրկեց լիբանանեան բոլոր շրջանները, քաղաքները մինչեւ իսկ հեռաւոր գիւղերը՝ Հարաւէն մինչեւ Հիւսիս։ Ան համախմբուեցաւ միայն լիբանանեան դրօշին ներքեւ եւ աննախընթաց միաձայնութեամբ մը հնչող լոզունգներով պահանջեց նախ կառավարութեան հրաժարումը եւ խորհրդարանին լուծարքը, ապա նաեւ վերադարձուիլը պետական ամէն դասակարգի պաշտօնատարներու կողմէ իւրացուած 200 միլիառ տոլարի՝ զետեղուած զուիցերիական եւ այլ դրամատուներու մէջ։ Ցուցարար ժողովուրդը՝ ո՛չ մէկ քաղաքական, կուսակցական, համայնքային հովանաւորչութիւն վայելող եւ հատուածամոլ հոսանքներու մուտքը թոյլատրեց իր շարքերէն ներս։ Փաստօրէն, ընկերային պահանջները այս անգամ ոչ միայն երկրորդական, այլ անկարեւոր դարձուցին դաւանանքային, յարանուանական, հատուածական նկատառումները։

Վերլուծաբաններուն կարծիքով, համաժողովրդական այս պոռթկումը տրամաբանական յանգումն է վերջին տարիներուն տեղի ունեցած գործադուլներու եւ բողոքի շարժումներու ընդդէմ յարաճուն սղութեան, անգործութեան, ուղղակի եւ անուղղակի տուրքերու պարտադրումին, պետական վարկերու մսխումներու, պետական պարտքերու կուտակումին, ընկերային ծայր աստիճան անհաւասարութիւններու, համատարած աղքատութեան եւ այս բոլորին դիմաց՝ բոլոր մակարդակներու վրայ զգացուող բացայայտ փտածութեան, կաշառակերութեան, չարաշահութիւններուն եւ հովանաւորչութիւններուն։

ՀԱՐԻՐԻԻ ՀՐԱԺԱՐՈՒՄԸ ԵՒ

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ

Աննախադէպ շարժումին 15-րդ օրն էր մինչ այս տողերը կը յանձնէինք համակարգիչին եւ դեռ դժուար էր յստակ նախատեսութեամբ մը ըսել թէ այս բողոքի ցոյցերը պիտի կարենա՞ն քաղաքական եւ տնտեսական անելէն դուրս բերել կացութիւնը, հակառակ անոր որ ժողովուրդին գլխաւոր պահանջը բաւարարուեցաւ. Հարիրիի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ երկու օր առաջ եւ Հանրապետութեան նախագահը՝ զօր Միշել Աուն՝ իր ընտրութեան 3-րդ տարեդարձին առթիւ լիբանանցի ժողովուրդին ուղղած ուղերձին մէջ ընդառաջեց ժողովուրդի պահանջներու մեծամասնութեան, յատկապէս նոր կառավարութեան մը կազմութեան, կառավարութիւն մը, որուն անդամներուն ընտրութիւնը պէտք չէ կատարուի համայնքային կամ կուսակցական նկատառումով, այլ բաղկացած իրենց պաշտօնին համապատասխան կարողութեամբ ծանօթ նախարարներէ, կառավարութիւն մը որ արժանանայ ժողովուրդի վստահութեան։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

Իր պատկերասփիւռ ճառին մէջ, Հանրապետութեան նախագահը հանդիսաւորապէս խոստացաւ իր պաշտօնաշրջանի մնացեալ երեք տարիներուն փտածութեան դէմ պայքարիլ օրէնսդրութեան ճամբով, ուղղել տնտեսական ու ելեւմտական ոչ պատշած քաղաքականութիւնները որոնց պատճառով տեղի ունեցած կուտակումներուն, մսխումներուն եւ փտածութեան հետեւանքն է ստեղծուած տագնապը։

«Նոր կառավարութեան մը կազմութեան նախօրեակին կը գտնուինք եւ միակ պահանջը այն է որ ան համապատասխանէ լիբանանցիներու ձգտումներուն եւ շահի անոնց վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն ներս իրենց ներկայացուցիչներուն վստահութիւնը, որպէսզի ան կարենայ իրագործել այն ինչ որ նախորդ կառավարութիւնը ի վիճակի չեղաւ ընելու, այնսինքն՝ վերահաստատել ժողովուրդին վստահութիւնը իր Պետութեան նկատմամբ» յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահը առանց ճշդելու իր առաջադրանքներու իրագործումին ժամկէտերը։ «Այս նպատակով, շարունակեց ան, նախարարները պէտք է ընտրուին իրենց կարողութեան նկատառումով եւ ոչ թէ իրենց քաղաքական պատկանելիութեան։ Լիբանան բոլորելու վրայ է վտանգաւոր պահ մը, մասնաւորաբար տնտեսական գետնի վրայ, եւ խիստ կարիքը ունի ներդաշնակ կառավարութեան մը որ ի վիճակի ըլլայ գործելու առանց բախելու հակամարտութիւններու եւ քաղաքական մրցակցութիւններու։ Կառավարութիւն մը, որուն զօրավիգ կանգնի ժողովուրդը»։

«Հակառակ ձեր ձայնը խեղդող աղմուկին, դուք յաջողեցաք լսելի դառնալ երբ պահանջեցիք կառավարութիւն մը որուն նկատմամբ վստահութիւն ունիք, պայքար փտածութեան դէմ որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ականահարեց Պետութիւնը եւ անոր կառոյցները, ինչպէս նաեւ ստեղծումը քաղաքային արդիական պետութեան մը, որմէ ներս դաւանանքայնութիւնը եւ պաշտօններու բաժանումը բացակայ են» յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահը, իր ճառին վերջին բաժնին մէջ, անդրադառնալով պաշտօնավարութեան առաջին երեք տարիներու իրագործումներուն։