Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին ընդունեց քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի համահեղինակած`Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:
Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 405, իսկ դէմ` 11 քոնկրեսականներ: Ձեռնպահ մնացին երեք քոնկրեսականներ, բացակայ էին 13 ուրիշներ:
Յայտնենք, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը Երկուշաբթի օր հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը` նշելով, որ անոր քննարկումը եւ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին:
Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացաւ տպաւորիչ ելոյթով մը` շեշտելով, որ թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու տան, որ յստակօրէն արտայայտուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին` յստակօրէն ընդունելով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է:
Բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւններ տուին քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Էլիըթ Էնկըլ եւ Քրիս Սմիթ, որոնց, նաեւ ՄըքԿավըրնին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Յանձնախումբը աւելի ուշ վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը նաեւ շեշտելով, որ զայն որեւէ ձեւով փոխելու առիթ պիտի տրուի:
Երեքշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու յանձնախումբին որոշումը (223-191 քուէներով): Բանաձեւը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ ոճիրի զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին, կը շեշտէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումին եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը` իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:
Պաշտօնական Երեւանը ողջունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունելէ ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի պատմական քուէարկութիւնը, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Թիւ 296 բանաձեւը հաստատուն քայլ է յանուն ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան, որ նաեւ սփոփանք է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած միլիոնաւոր ժառանգներուն համար»:
Յ.Գ. Փաստաթուղթը, որ օրէնքի պարտադիր ուժ չունի, կ’արձանագրէ` որ ԱՄՆ֊ի կառավարութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ եւ ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չմասնակցի այդ փաստի ժխտման և խրախուսէ Հայոց ցեղասպանութեան հանրային ըմբռնման: Կ’արժէ մատնանշել որ վերջին անգամ Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձև ընդունած էր աւելի քան 30 տարի առաջ` 1984-ին։ Նախաձեռնութիւնը, սակայն, օրէնքի ուժ չէր ստացած, քանի որ չէր արժանացած Ծերակոյտի հաւանութեան: