Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԳԷՈՐԳ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ TELE LUMIERE-ԷՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓՌՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԳԷՈՐԳ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ TELE LUMIERE-ԷՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓՌՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ

Այն լոզունգը զոր մենք՝ հայերս որդեգրեցինք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեայ տարելիցին առթիւ, եղաւ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք»։ Մենք չենք կրնար մոռնալ հայ եւ ոչ հայ նահատակները, ինչպէս սրիանները, յոյները եւ քաղկեդոնացները (քըլտան), որոնք զոհուեցան եւ արիւն թափեցին յանուն Յիսուսի եւ եկեղեցւոյ։ Մենք, որպէս հայեր, ինչպէս ըսի, մի՛շտ պիտի յիշենք մեր նահատակները, սակայն միաժամանակ պիտի պահանջենք նաեւ մեր իրաւունքները, որոնցմէ առաջինը՝ թրքական պետութենէն Ցեղասպանութեան ճանաչումն է, զոր Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուց 1915-ին։ Եւ առ այդ՝ հայ ժողովուրդը, որ իր կեցութեան բոլոր երկիրներու մէջ կը պայքարի, որ այդ պետութիւնները ճանչնան եւ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այսօր, այդ մեծ եւ հետեւողական ջանքերը արդիւնաւորուեցան ԱՄՆի Քոնկրէսի Ստորին Պալատի, Ներկայացուցիչներու տան կողմէ՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ թուրքերու կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով։

Անշուշտ ասիկա մեծ յաղթանակ է. յաղթանակ նախ իրաւունքի եւ ապա արդարութեան համար, որովհետեւ մենք նախ իրաւունք ունինք որ աշխարհ ճանչնայ մեր նկատմամբ կատարուած անարդարութիւնը եւ գիտնայ որ մենք նահատակներու զաւակներն ու ժառանգորդներն ենք, իսկ մեր հայրերը, իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի հայկական եկեղեցին եւ քրիստոնէական կրօնը եւ հայ ազգը գոյատեւեն եւ ապրին Թուրքիոյ հողերուն վրայ։ Հետեւաբար, հայկական բազմաթիւ մարմիններ աշխատած են հասնելու համար այս պատմական օրուան. մենք խորապէս շնորհակալ ենք անոնց, յատկապէս Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակին, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ աշխատեցան, հասնելու համար այս ճանաչումին։ Այսօրը, անշուշտ յաղթանակ է համայն հայութեան համար, որ կը սպասէր արդարութեան իրականացման, որպէսզի վերականգնէ իր ճակատագրի, գոյութեան եւ անցեալի մասին իրականութեան բացայայտման իրաւասութիւնը, իրաւունք մը որ երբեք պէտք չէ մեռնի։ Եւ այս իրաւունքին համար է որ մենք պայքարեցանք. պայքարեցանք ճանաչման համար, որովհետեւ դժբախտաբար, այսօրուան աշխարհին մէջ արդարութիւնն ու իրաւունքը տեղ չունին որեւէ գիրքի մէջ։ Ճիշդ է որ կը գրուի անոր մասին, սակայն չի գործադրուիր։ Եւ ասոր համար ալ այսօրը յաղթանակի օր է, հակառակ ամէն ինչի եւ հակառակ քաղաքական բոլոր տագնապներուն կամ տնտեսական ճգնաժամերուն, որոնք տեղի կ’ունենան, յատկապէս ազգային եւ միջ-պետական գետնի վրայ եւ որոնք առիթ հանդիսացան որպէսզի Ներկայացուցիչներու Տունը ընդունի եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Մենք վստահօրէն պիտի շարունակենք մեր պայքարը, եւ մեր գերագոյն նպատակն է որ թրքական պետութիւնը ճանչնայ զայն։ Ճիշդ է որ համայն աշխարհը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն մենք կ’ուզենք որ ինքնին ջարդարարը խոստովանի 1915 թուականին գործած իր ոճիրը։ Մենք պիտի աղօթենք, որպէսզի այն աշխոյժ հայերը, որոնք կ’աշխատին որպէսզի աշխարհի բոլոր պետութիւնները ճանչնան Հայոց ահաւոր արհաւիրքը, շարունակեն աշխատիլ, մինչեւ որ հասնինք մեր ժողովուրդի արժանի արդարութեան եւ վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն։ Մենք պիտի շարունակենք նաեւ ճնշել թրքական պետութեան վրայ, առերեսուելու համար իր անցեալին հետ եւ յատկապէս զինք անյարմար կացութեան մատնող անցեալին հետ. Ճի՛շդ է որ այսօրուան իշխանութիւնները չեն որ գործած են այդ ահաւոր ջարդերը, սակայն պէ՛տք է խոստովանին որ 1915 թուականին, օրուան իշխանութիւնները իրենց հողին վրայ սպաննեցին, մորթոտեցին, թշուառացուցին ու բռնագաղթի ենթարկեցին ժողովուրդի մէկ հատուածը, հայ, սըրիան, քըլտան, յոյն եւ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները որոնք կ’ապրէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին այդ ժամանակամիջոցին։