ՀՀ ԱԺ Նախագահին այցելութիւնը Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան

ՀՀ ԱԺ Նախագահին այցելութիւնը  Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան

Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, որոնք Իտալիոյ Խորհրդարանի նախագահի հրաւէրով պաշտօնական այցով կը գտնուին Հռոմ, այցելելած են Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարան ու ներկայ գտնուած են Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոսի անուան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի կողմէ մատուցուած կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՀ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, կղերական դասը, Անարատ Յղութեան միաբանութեան առաքինազարդ քոյրերը, Հռոմի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով հռոմաբնակ հայ երիտասարդներ։

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է 1999-ի 27 Հոկտեմբերի ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքի զոհերու յիշատակին։

Սրբազան արարողութեան աւարտին Գերյ. Նաամոյեան բարի գալուստի իր խօսքը ուղղելով հիւրերուն նշած է թէ «1883-ին ծնունդ առած Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանը կտոր մը հայկական հող է» եւ թէ «ան կը շարունակէ ըլլալ հաստատուն արահաստատ զօդ մը հայ ժողովուրդին եւ Հռոմի ու մանաւանդ Սուրբ Աթոռի միջեւ»։

Գերյարգելի Նաամոյեան ապա նշած է թէ Լեւոնեան Վարժարանը «կը հանդիսանայ լուսաւոր կենդրոն մը, ուր բազմաթիւ սերունդներ կերտուած են եւ ուրկէ դուրս եկած են հոգեւոր եւ մշակութային դէմքեր. նուիրեալ հոգեւոր հովիւներ, որոնց կարգին ցեղասպանութեան տարիներուն անմահութեան պսակին արժանացած մեծ թիւով նահատակ հոգեւորականներ»։

«Այս յարկին մէջ սնած եւ կերտուած են Հայ Կաթողիկէ պատրիարք կաթողիկոսներ, որոնց ամէնէն կարկառուն դէմքերէն կը ներկայանայ կարդինալ Աղաճանեան, որ հպարտութիւն է ամբողջ հայութեան համար» ըսած է ապա Մեծաւոր Վարդապետը։ Ակնարկելով Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ասդին երկրին դիմագրաւած  մարտահրաւէրներուն, ան վստահեցուցած է որ կ’աղօթէ որպէսզի «Աստուած՝ ՀՀ ղեկավարութեան, քաղաքական եւ դիւանագիտական գործիչներուն պարգեւէ հարկաւոր ուժը, կարողութիւնը եւ իմաստութեան, խոհեմութեան եւ համեստութեան առաքինութիւնները՝ լաւագոյնս կատարելու իրենց ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի բարիքին եւ Հայրենիքի բարգաւաճման ի խնդիր»։

Խօսք առած է նաեւ ԱԺ նախագահ Տիար Արարատ Միրզոյեան որ նախ շնորհակալութիւն յայտնած է 27 հոկտեմբերի զոհերուն յիշատակի ոգեկոչման համար անոնց նահատակութեան 20-րդ տարեդարձին առթիւ եւ ուրախութիւնը յայտնած է որ հռոմաբնակ հայ հասարակութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր հայու ինքնութեան եւ հաւատքին։

Ապա Արարատ Միրզոյեան վստահեցուցած է որ Հայաստանի քաղաքական իշխանութիւններն ու ժողովուրդը իրենց լաւագոյն ջանքերը կը թափեն երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ հայրենիքը ուժեղացնելու համար։

Եկեղեցական արարողակարգէն ետք ներկաները տեղափոխուեցան Լեւոնեան Վարժարանի ներքնագաւիթ, ուր տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն մը, որուն աւարտին  Վարժարանի մեծաւորը  դարձեալ խօսք առնելով, յատուկ նուէրներ յանձնած է պատուական հիւրերուն, ըսելով որ «Այսօր, Հայ Եկեղեցին կը նշէ Խաչի տօնը, հետեւաբար, մտածեցի խաչեր նուիրել»։

ՀՀ ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմած են ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Իտալիա բարեկամական խումբի ղեկավար Մարիա Կարապետեանը, խումբի անդամներ Ծովինար Վարդանեանը, Իվետա Տոնոյանը, Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Գէորգ Գորգիսեանը եւ ՀՀ ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սուրէն Գրիգորեանը: Անոնք առիթը ունեցան շփուելու ու զրուցելու Հռոմ ապրող իրենց ազգակիցներուն հետ։

Քաղուած՝ Ռատիօ Վատիկանէն