Ամեն. եւ Գերջ. Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական պատգամին մէջ յորդորեց նոր ձեռնադրեալ սարկաւագներուն ըլլալ բարի օրինակ իրենց հօտին, սիրել միմեանց, օգնել կարիքաւորներուն, խորհուրդները ըստ արժանւոյն մատուցել…
2019 թուականը յոբելեաններով յատկանշուած տարի մը հանդիսացաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան համար, սկսած Միաբանութեան հիմնադրութեան (1749) 270-ամեակէն, հասնելով Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն նահատակուած միաբաններէն Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ծննդեան (1869) 150-ամեակին:
Տօնական այս մթնոլորտի լոյսին տակ. Շաբաթ 14 Սեպտեմբերի, երեկոյեան ժամը 6-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ միաբաններու ցուցակը բազմապատկուեցաւ 4 սարկաւագներով եւս:
Արդարեւ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացած կիսասարկաւագներ Կարապետ Գլընճեան, Պետրոս Մարաշլեան, Վարդան Ճալլուֆ եւ Լեւոն Ստեֆան համալրեցին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան շարքերը:
Սրտառուչ ձեռնադրութիւնը շնորհուեցաւ ձեռամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի:
Յընթացս ձեռնադրութեան Ամեն. եւ Գերջ. Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական պատգամին մէջ նախ անդրադարձաւ Սուրբ Խաչի օրուան խորհուրդին եւ անկէ բխած իմաստին քրիստոնէական կեանքէն ներս, ապա յորդորեց նոր ձեռնադրեալ սարկաւագներուն ըլլալ բարի օրինակ իրենց հօտին, սիրել միմեանց, օգնել կարիքաւորներուն, խորհուրդները ըստ արժանւոյն մատուցել, այսպիսով սրբանալով սրբացնել իրենց ժողովուրդը, նման Ստեփանոս Նախավկային, որ իր կեանքով եւ նահատակութեամբ վկայեց Յիսուս Քրիստոսի հաւատը:
Հոգեւոր Տէրը խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով նոր ձեռնադրեալ սարկաւագները, անոնց ծնողները եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամները որոնք ունեցան չորս նոր միաբաններ եւս: Հայրապետին կողմէ իրենց շնորհուած լիազօրութեամբ՝ նոր ձեռնադրուած սարկաւագները Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը բաշխեցին հաւատացեալներուն, խոր յուզական մթնոլորտ մը ստեղծելով։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեւոր Տիրոջ, եօթը սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու ձեռնադրութիւնը ստացած սարկաւագները Ս.Փրկիչ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Հոգեւոր Տիրոջ, Մեծաւոր Հօր հետ ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:
17/09/2019