ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
……………………………….
300 տարի առաջ, 1717, Սեպտեմբեր 8ին, Մխիթար Սեբաստացի մեծ հանդիսութեամբ կը մտնէր Սուրբ Ղազար կղզին, որ Վենետիկի Ծերակոյտը, 1717, Օգոստոս 26ի վճիռով շնորհած էր իրեն եւ իր Միաբանութեան՝ իբրեւ մշտնջենաւոր բնակութիւն։
Այցելել Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզին, մայրավանքը Մխիթարեան միաբանութեան, ամփոփուիլ ու աղօթել Ծառայ Աստուծոյ Մխիթարի դամբանին առջեւ՝ այդ հոգեզմայլ ուխտագնացութիւնն է, որ անկրկնելի յուշերով կը պարուրէ հոգին իւրաքանչիւր ուխտաւորի:
Գարնանամուտի առաջին օրերն էին: Վենետիկի լճակին վրայ ալեծուփ մակոյկներուն ու կոնտոլներուն առընթեր, յամրընթաց դէպի հայոց կղզի կը յառաջանայ մեր շոգենաւը, ուր տեղ գրաւած են նաեւ հոյլ մը զբօսաշրջիկներ: «Քսան տարուան երազս կ’իրականանայ այսօր», կը յարէ հայերէն՝ ամերիկեան երանգաւորումով՝ թխադէմ պարոն մը, նայելով իր կողակիցին, որուն աչքերը կը կայծկլտան արդէն յուզումով լեցուն: Ասդին անդին խոհուն հայեացքներ… Անրջական է պահը շոգենաւին մէջ. յաւիտենական վերսկսում ու վերադարձ դէպի Շիրազի «Օտար ջրերում հայացեալ կղզի»ն: Ադրիականի ջուրերուն մէջ ընկողմանած, հայ ժողովուրդի ծոցէն պոկուած բեկոր մըն է ան, որ աներկբայ քեզ կը տանի դէպի ափերը Բզնունեաց ծովակին, ուր Նարեկացին հառաչեց. «Կենարարին յիշատակաւն միշտ ճենճերիմ» (Նարեկ ԺԲ) :
Աղօթքի ու վանական կեանքի մենաստանն է Ս. Ղազար, ուր քարերը իսկոյն քեզ կը յափշտակեն ու առաջին քայլափոխիդ ձայները կը լռեն ու հայրենի աշուղն է, որ կը գերէ հոգիդ. «ներս ու դրսից էլ Աստծուն ես հագած»: Ու երգն այս վաղեմի կը դառնայ իրականութիւն, երբ նաւամատոյցէն դէպի քառանկիւնի պարտէզը՝ քայլերս կ’ուղղուին եկեղեցի, ուր կը յամենար տակաւին յետին աղօթքը ծերունի վանականին: Կ’ամփոփուիմ դամբանին առջեւ Մխիթարի… կարծէք ըլլայի լոկ քայլ մը հեռու երկինքէն: Ծառայ Աստուծոյ, ծառայ հայ ազգին, հո՛ն է, որ կը հանգչին աճիւնները Մեծ Սեբաստացիին՝ ուղեւորը յաւերժին, որու կեանքը եղաւ լիով յարումը Քրիստոսի հրամայականին. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մատթ. 5, 48), կռանուած երանութիւններու չափանիշով. «Երանի՜ անոնց, որ սուրբ են սրտով» (Մատթ. 5, 8): Սրբութեան չափանիշը Մխիթար յայտնաբերած էր իր բովանդակ կեանքի ընթացքին, երբ իր ժպիտով կը դիմագրաւէր մարդկային չարամտութիւնները, անյիշաչարութեամբ կը պատասխանէր զինք հալածողներուն ու նա՛մանաւանդ իր խոնարհութեամբ՝ կ’ամրագրէր վերելքը իր կատարելութեան:
Ներամփոփումի այս պահերէն ետք, կը շարունակեմ քայլերս թերաստուեր կամարներուն տակ, ուր խորանները՝ ահա երեք դար՝ լուռ կը խոկան։
Բուռ մը ժամեր տակաւին եւ կ’ուղղուիմ կրկին դէպի նաւամատոյց: Մինչ շոգենաւէն կը նկարեմ վերջին անգամ «օտար ջրերում հայացեալ կղզի»ն, կը յիշեմ խոհերը վանական բանաստեղծին. «Նոճիներու ճամբան հանդարտ կը քալէ,Խորհուրդով լի, նման անցած օրերուն»: Եւ անցած օրերու այդ խորհուրդը կը շարունակէ գծել իր ուղին՝ Սեւանի վանքէն մինչեւ Սուրբ Ղազար, ուր կը ճախրէ յաւերժին համար՝ Աստուածամօր «Եղիցի»ն: