ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՕՐԵՐ III-ը

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՕՐԵՐ III-ը

Մասնակիցի աչքերով

Հաճելի ժամանցն ու եկեղեցական կեանքը՝ միաժամանակ

2019 Յուլիսի19-26-ը Շիրակի մարզի Թորոս գիւղի Աղաճանեան ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ «Համայնքային Երիտասարդական օրեր III» միջոցառումը: Այս միջոցառումը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր երիտասարդներուն մօտ։ Եօթօրեայ հաւաքին մասնակցելու եկած էին 250 երիտասարդ՝ Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Իտալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Թուրքիայէն: Երիտասարդներուն համար այս միջոցառումը հիանալի առիթ հանդիսացաւ իրարու հետ շփման մէջ մտնելու, փորձով եւ գաղափարներով փոխանակվելու, մտերմանալու համար:

Եկեղեցին համախմբած էր տարբեր մտածելակերպի եւ տարբեր մշակոյթի պատկանող երիտասարդներ, որոնց բոլորը իրարու կը միացնէր մէկ ընդհանուր բան՝ հաւատն առ Աստուած ու Եկեղեցի: Ճամբարին մէջ երիտասարդներու առօրեան շատ յագեցած էր ու հետաքրքրական: Անոնք ամէն օր կը լսէին բանախօսութիւններ՝ իրենց ինքնութեան, մտածելակերպի եւ պատկանելիութեան մասին, այնուհետեւ խմբային քննարկումներու միջոցով կ’ամբողջացնէին իրենց լսածը, կը մասնակցէին Սուրբ Պատարագներու՝ այդ կերպով աւելի ամրացնելով իրենց կապը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ: Երիտասարդները ոգեւորող ելոյթներ կ’ունենային իրենց բնագաւառներուն մէջ արդէն իսկ մեծ յաջողութիւններու հասած հիւրերը, որոնք կը փորձէին առաւելագոյն կերպով իրենց գիտելիքները փոխանցել անոնց: Ճամբարային այս օրերու անբաժանելի մասը կը կազմէին նաեւ մարզական խաղերն ու համայնքային մշակութային երեկոները, որոնք կ’ապահովէին ներկաներու բարձր տրամադրութիւնը:

Այս միջոցառման մասնակիցները նաեւ հնարաւորութիւն ստացան այցելելու Հայաստանի եկեղեցիներէն մի քանին՝ Սուրբ Գայիանէ, Սուրբ Հռիփսիմէ եւ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիները: Արտասահմանէն եկածներուն համար այն հայկական մշակոյթին ծանօթանալու հիանալի առիթ հանդիսացաւ, անոնք իրենց համար բացայայտեցին մեր մշակոյթի իւրայատկութիւններն ու գաղտնիքները, անոնց մէջ աւելի ամրապնդուեցաւ քրիստոնէական հաւատի գիտակցութիւնը:

Այս այցելութիւններէն ետք, երիտասարդական օրերը շարունակուեցան կրկնապատկուած եռանդով ու ոգեւորութեամբ: Մասնակիցներու հետ զրոյցներէն կը պարզուի, որ ճամբարէն ներս անոնք հիանալի ժամանակ կ’անցնեն եւ այստեղէն կը հեռանան միայն լաւ տպաւորութիւններով: Իտալիայէն Լեւոնեան վարժարանի նորընծայ Հայկ Շահինեան նշեց, որ արդէն երկրորդ տարին է ինչ, կը մասնակցի այս հաւաքին, եւ ամէն տարի մեծ հաճոյքով կը վերադառնայ: Այս հաւաքը բացի հաճելի ժամանցէն, անոր օգնած է նաեւ վերջնականապէս իր ուղին ընտրելու հարցով. ան վերջնականապէս յանգած է որպէս ժառանգաւոր՝ Ճեմարան մտնելու որոշման: Քննարկուած թեմաներէն իրեն համար ամենակարեւորը կը համարէ պատկանելիութիւնը, ինքնութիւնը եւ վկայութիւնը: Ամենամեծ ցանկութիւնն է՝ իր փորձով ու գաղափարներով միւսներուն հետ կիսուիլը եւ վստահ է, որ այս հաւաքը բոլորին համար շատ լաւ առիթ է՝ իրենց հաւատքին մէջ քայլ առաջ կատարելու համար: Աւարտին, ան նշեց, որ այս տարի ճամբարին մէջ մթնոլորտը աւելի խանդավառ է, մասնակիցները կը ցուցաբերեն աւելի մեծ աշխուժութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ այս բոլորը շարունակական կ’ըլլայ։ Երիտասարդները հանդէս եկան նաեւ առաջարկներով. անոնց ցանկութիւնն է, որ նման հաւաքներ յաճախակի կազմակերպուին, որոնց միջոցով կը խթանուի անոնց շփումը արտերկրի մէջ ապրող իրենց հայրենակիցներուն հետ, եւ ասոր լաւագոյն միջոցը համարեցին աղօթքն ու Եկեղեցին: Անոնցմէ շատերը խոստովանեցան, որ այստեղ եկած էին միայն հաճելի ժամանակ անցընելու համար, սակայն ճամբարը անոնց շատ աւելին տուաւ. ան ամրապնդեց իրենց հաւատքը առ Աստուած ու Եկեղեցի, եւ անոնք այժմ իրենք զիրենք կը համարեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լիարժէք անդամներ:

Իրենց կարգին, կազմակերպիչները նշեցին, որ ամէն ինչ կ’ընեն այս միջոցառումը աւելի մասսայական դարձնելու, աւելի շատ մասնակիցներ ներգրաւելու եւ մասնակիցներու աշխուժութեան մակարդակը տարիէ տարի աւելի բարձրացնելու համար: Անոնց խօսքով իրենց ցանկութիւնն է, որ մասնակիցները ճամբարէն մեկնին յաջորդ տարի կրկին վերադառնալու անյագ ցանկութեամբ:

ՆԻԿՈԼ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Շիրակի պետական համալսարանի Լրագրութեան բաժնի ուսանող