ՑՈ՛ՅՑ ՏՈՒԷՔ ԻՆԾԻ ՁԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ՝ ԸՍԵՄ ԹԷ ԻՆՉՊԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ

ՑՈ՛ՅՑ ՏՈՒԷՔ ԻՆԾԻ ՁԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ՝ ԸՍԵՄ ԹԷ ԻՆՉՊԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ

Ս. Ն.

Խորհրդածութիւնները զորս բարձրաձայն պիտի կատարեմ՝ վստահ եմ որ մտահոգութեան եւ մտածումի առարկան են, եւ եթէ չեն՝ պէտք է ըլլան, հաւասարապէս մեր կրթական ցանցի անմիջական պատասխանատուներուն եւ նաե՛ւ ծնողաց, անշուշտ այն ծնողաց որոնք կը բաժնեն մեր ազգային մտահոգութիւնները, եւ ուրեմն նախանձախնդիր են իրենց զաւակներու որքան ընկերային ու բարոյական առողջ, նոյնքան հայեցի դաստիարակութեամբ, հայկական ոգիով եւ հայու շնորհքով, որակեալ ուսումնառութեան զուգահեռ։

Ծնողք պէտք է գիտակցին որ միայն Հայ Դպրոցը կրնայ պատասխանը տալ իրենց ակնկալիքներուն դպրոցէն ընդհանրապէս։ Հայ Դպրոցն է այդ ակնկալիքներու իրականացման մեկնակէտը։ Այս իրականութիւնը հաստատող փաստերը չեն պակսիր։ Հայ Դպրոցը հայակերտումի դարբնոց ըլլալով հանդերձ, աշակերտը խոստմնալի ապագայի մը առաջնորդող ճանապարհն է։ Համոզուելու համար կը բաւէ տեսնել Հայ Դպրոցին արձանագրած յաջողութիւնները պետական քննութիւններուն եւ օրինակը՝ Հայ Դպրոցի բովէն անցած այն մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն որոնք «տեղ հասած են» ինչպէս սովորութիւն է ըսել ներկայացնելու համար բարձր պաշտօններու, դիրքերու ու գնահատանքի արժանացած, բարի համբաւի տիրացած հայորդիներ։ Ասոնք կը հանդիսանան վարձատրութիւնը եւ հպարտութիւնը բոլոր անոնց, բարերարներէն, նպաստաբաշխ հաստատութիւններէն մինչեւ այն համեստ ծնողները, որոնք կը նպաստեն Հայ Դպրոցի վերընթաց ու մրցունակ գոյատեւումին, հաւատացած ըլլալով որ Հայ Դպրոցը մեր ազգային մշտադալար եւ գունագեղ ծառին արմատները ամուր պահողն է։

Արդարեւ, պտղատու ծառի մը նման է Հայ Դպրոցը։ Անոր ճակատագիրը կախեալ է տիրոջմէն։ Եթէ չջրէ ծառին արմատները, եթէ չգուրգուրայ անոր վրայ, եթէ չպաշտպանէ զայն՝ զինք կրծող որդերէն, եթէ չպահպանէ անոր շրջապատը ամէն տեսակի ապականութենէ, եթէ չպարարտացնէ հողը ուր խրած է անոր արմատները, կը չորնայ ծառը իր ճիւղերով։ Կը մեռնի ան։ Զայն վերակենդանացնել անհնարին կ’ըլլայ։ Բայց եթէ նոյնիսկ անոր ճիւղերէն միայն մէկը կամ միւսը կտրելու հարկադրանքին առջեւ գտնուի տէրը կամ ան ինքնաբերաբար գունաթափի ու չորնայ, երբ առողջ են անոր արմատները, կը վերընձիւղի ան, իր ծիլերուն ու ծաղիկներուն բոյրով կ’ողողէ շրջապատը, կը պտղաբերի։ Այդպիսին է նաեւ սփիւռքահայ հին ու նոր համայնքներու (գաղութներուն) կրթական հաստատութիւններուն ճակատագիրը։

Ահա թէ ինչո՞ւ այսքան ուժեղ շեշտադրումը Հայ Դպրոցի կարեւորութեան վրայ մեր ազգային կեանքին մէջ, իւրաքանչիւր համայնքի գոյութեան ու գոյատեւումին համար։

Ցո՛յց տուէք ինծի ձեր դպրոցները, ըսեմ թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ ձեր ապագան, իրաւամբ պիտի գոչէին հայկական համայնքներու գոյութեան ելեւէջներուն փորձառութեան վկաները։

Հայ Դպրոցին կապուած են մեր յոյսերն ու ակնկալութիւնները։ Չափազանցուած խօսքեր չեն ասոնք, այլ պատմական ճշմարտութիւններու ու փորձառութիւններու վրայ հիմնուած եզրակացութիւններ։

Յետադարձ ակնարկ մը նետեցէք պատմութեան վրայ։ Այսօր չկան, կորսուած են կամ կորստեան պայմաններու մէջ կը գտնուին բազմաթիւ ազգեր ու ժողովուրդներ, մանաւանդ փոքրամասնութիւններ՝ ոչ թէ ֆիզիքական բնաջնջումի ենթարկուած ըլլալնուն համար, այլ պարզ այն պատճառով որ չեն ունեցած կամ չեն կրցած պահել-պահպանել լեզու, գիր ու գրականութիւն, չեն ունեցած Մեսրոպ Մաշտոց ու Թարգմանիչներ, մէկ խօսքով՝ չեն ունեցած Մշակոյթ, որ ազգի մը գոյատեւումին երաշխիքն է, եւ եթէ ունեցած են չեն յաջողած պահել ու պահպանել զայն։ Զայն պահելու ու պահպանելու կոչուած են նախ Ընտանիքն ու Դպրոցը։ Հայ ընտանիքէն ներս է որ կը նետուին սերմերը։ Բեղմնաւորումը տեղի կ’ունենայ Հայ Դպրոցին մէջ։ Եւ որպէսզի պտղաբերումը ըլլայ անաղարտ ու հայաբոյր՝ ընտանիք-դպրոց կամ դպրոց-ընտանիք կը դառնան բնական դաշնակիցներ։ Թիկունք թիկունքի պայքարող դիրքապահներ՝ այլասեռման, բարոյազրկող երեւոյթներուն, ապազգային բարքերուն դիմաց եւ ի խնդիր նոր սերունդի հայավայել ապագային։

Ծնողք պէտք է գիտակցին նաեւ որ Հայ Դպրոցին տէրն ու տիրականը, հետեւաբար անոր գոյատեւումին առաջին երաշխաւորը իրե՛նք են, աւանդապահութիւնը արդիականութեան հետ հոյակապօրէն համադրել ու ներդաշնակել գիտցող Հայ Ընտանիքը։

Ա՛յն ընտանիքը որ գիտէ իր զաւկին տալ ժամանակակից պայմաններուն ու պահանջներուն համապատասխան միջավայր ու կրթութիւն առանց զիջելու այն հիմնականէն որ զաւակը հեռու պիտի պահէ ամէն տեսակի յոռի հոսանքներէ։

Ա՛յն ընտանիքը որ կը գիտակցի Հայ Դպրոցի դերակատարութեան կարեւորութեան մեր ինքնութեան պահպանումին մէջ։

Ընտանիք՝ որուն ողնաշարն էք դուք՝ մայրեր։

Հայ Ընտանիք եւ Հայ Դպրոց։

Մեր ազգային ինքնութեան այս երկու յենարաններուն միջեւ համագործակցութիւնն ու իրարօգնութիւնը աւելի քան երբեք հրամայական են այսօր մեր վարժարաններու գոյատեւումին համար։ Իսկ այս երկու յենարաններուն միջեւ կապն ու հաղորդակցութիւնը զօրացնող ազդակը անոնց հասարակաց նպատակն է։

Այդ նպատակը յստակ է։ Պետական կամ պաշտօնական այլ վկայականներու ձեռքբերման համար անհրաժեշտ ուսումնառութեան զուգահեռ, հայ աշակերտին, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, ջամբել տոհմիկ դաստիարակութիւն եւ հայերէնագիտութիւն։ Այլ խօսքով, աշակերտը օժտել այն յատկանիշերով ու գիտական պաշարով, որոնք կ’երաշխաւորեն իր ինքնութիւնը՝ զարգացման ճանապարհը լայն բանալով հանդերձ իր առջեւ։

Չարաչար կը սխալին այն ծնողները որոնք սնոտիաբար կը խորհին թէ այս կրկնակ նպատակները զիրար կը խոչընդոտեն։ Ամենեւին եւ ընդհակառակը։ Անոնք զիրար զօրացնող եւ ամբողջացնող առաջադրանքներ են։ Մեր կրթական ցանցի պատասխանատուները քաջ գիտակցութիւնը ունին գիտութեան եւ արհեստագիտութեան գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ յառաջընթացին հետ քայլ պահելու պահանջին։ Այս նպատակով ալ, հաւատացէք, արիւն քրտինք կը թափեն աշակերտութիւնը հաղորդակից դարձնելու համար արդիականութեան նուաճումներուն, զանոնք ետ չձգելու համար իրենց յառաջադէմ ժամանակակիցներէն։ Երանի արիւն քրտինքը բաւարար ըլլար։ Ամէն հպարտութիւն ու արժանապատուութիւն մէկդի դրած՝ անոնք երբեմն մուրացկան կը դառնան հայ մանուկը դպրոցէ չզրկելու եւ լաւագոյն ուսումնառութիւնը աժանագոյն պայմաններով երաշխաւորելու համար։

Այս ճիգին շնորհիւ է որ Հայ Դպրոցէն շրջանաւարտը որ համալսարան կը դիմէ այսօր՝ ոչինչով կը զիջի ոչ-հայկական դպրոցէ եկած իր հասակակիցներուն օտար լեզուներու կամ գիտելիքներու պաշարի կամ ընդհանրապէս մակարդակի տեսակէտէն, այլ անոնց վրայ առաւելութիւնը ունի օժտուած ըլլալու իր ինքնութիւնը յատկանշող այնպիսի բարեմասնութիւններով որոնք յաւելեալ արժէք, մակարդակ ու անհատականութիւն կու տան իրեն։ Կոյր ըլլալու է չնկատելու համար այս իրողութիւնը։ Կո՛յր՝ չտեսնելու համար այսպէս ըսենք տեղ հասած եւ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ հունձքը հայ երիտասարդներու որոնցմով կը հպարտանանք եւ որոնք յարգանք ու պատիւ կը վայելեն օտար շրջանակներէն ներս։ Միւս կողմէ, իրենց կեանքին մէջ անպայման կու գայ այն պահը երբ իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցած երիտասարդներ մեղադրեն իրենց ծնողները զիրենք Հայ Դպրոցի բովէն անցուցած չըլլալնուն համար։

Մի՛ վարանիք ասպարէզ կարդալու այն ծնողաց որոնք կը փորձեն չակերտաւոր առաւելութիւններ տեսնել ոչ-հայկական վարժարանին մէջ, Հայ Դպրոցին հայաբոյր միջավայրը արհամարհել եւ հայերէնի եւ հայկական առարկաներու դասաւանդումը աւելորդ նկատել։ Այդպիսիները կը փորձեն պարզապէս քօղարկել իրենց օտարամոլութիւնը, քաղքենիացումը եւ աւելին՝ իրենց սնոպութիւնը։

Օտարամոլութեան ախտը դժբախտաբար այսօր տիրական դարձած է հայ տուներէն ներս՝ իր հետ բերելով օտարոտի գաղափարներ ու բարքեր։ Սխալ չհասկնաք զիս։ Այլամերժ չենք երբեք։ Կը յարգենք ու կը սիրենք բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները, բոլոր մշակոյթներն ու ազնիւ աւանդութիւնները, բայց ոչ սեփական արժէքներու ու յատկանիշերու հաշւոյն։ Կը սիրենք այն սիրով որ մեզի կը թելադրէ անզուգական բանաստեղծուհին՝ այն որ իր սեփական լեզուն ու ժողովուրդը չի սիրեր, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել ուրիշները։

Հայ ընտանիքներէն ներս թափանցած ուրիշ ախտ մըն են ժամանակակից հաղորդամիջոցները՝ իրենց ընձեռած ընդհանուր զարգացման, հետաքրքրութեան եւ զբօսանքի արդիական միջոցներով։ Անոնք մեր զաւակներուն (դժբախտաբար յաճախ ոչ միայն փոքրերուն) ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կը շեղեցնեն մեր ազգային, մշակութային, բարոյական արժէքներու եւ աւանդութիւններու վրայէն։

Դարձեալ սխալ չհասկցուիմ։ Երբեք չեմ ժխտեր ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն օգտակարութիւնը։ Անոնք ուսումնառութեան եւ զարգացման լրացուցիչ միջոցներ են պայմանաւ որ ծնողք՝ հա- մախորհուրդ դպրոցին հետ, գիտնան անոնց օգտագործումը սահմանափակել օգտակարին։

Հայ Դպրոցին դիմաց ծառացող բազմաբնոյթ, եւ առաջին հերթին անշուշտ տնտեսական յարաճուն դժուարութիւնները կարենալ յաղթահարելու համար այսօր չի բաւեր ազգային կամ համայնքային մարմիններուն ցուցաբերած ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը, ան պէտք ունի նաեւ ծնողաց գիտակից, պարկեշտ ու անվերապահ մօտեցումին՝ ի հարկին որոշ զրկանքներու գնով։ Միայն այսպիսի մօտեցումով է որ Հայ ծնողք վկայութիւնը կու տան իրենց հաւատքին (եթէ կը հաւատան անշուշտ) որ առաջին հերթին Հայ Դպրոցով կայ սփիւռքահայութեան փրկութիւն։