ՀԱՅՈՐԴԻ
…………………………………….
ԿԱՐԵՒՈՐԸ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ՎԱԽՃԱՆՆ Է…
– Ի՞նչ է… վրդոված եւ մտահոգ ներս մտար…։
– Իսկ դուն պատկերասփիւռին դիմաց հանգիստ նստած կը կարդաս՝ մէկ աչքդ գիրքին, միւս աչքդ պատկերասփիւռին, երբ Հարաւէն Հիւսիս, մայրաքաղաքը մէջը, ամբողջ ժողովուրդը մէկ մարդու նման ոտքի ելած՝ փողոց իջած է, միայն լիբանանեան դրօշակներ շալկած, մեծով ու պզտիկով, կիներով եւ աղջիկներով՝ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելու համար կառավարութեան եւ իշխանութիւններուն դէմ, անոնց հրաժարումը կը պահանջէ՝ զանոնք ամբաստանելով այն ամէն ինչով որ երկրի տնտեսական քայքայումին, ժողովուրդի ողբալի ընկերային վիճակին, համատարած թշուառութեան, անգործութեան, սղութեան, անիրաւուածութեան պատճառ կը նկատէ՝ փտածութիւն, կաշառակերութիւն, չարաշահումներ, պետական գումարներու իւրացումներ, կուսակցական հովանաւորչութիւններ։ Կրնա՞ս երեւակայել որ բաժակը յորդեցնող կաթիլը՝ WhatsApp-ի վրայ դրուած տուրքը եղաւ։ Ճամբաները փակուած են։ Ամբողջ երկիրը անդամալուծուած է…։ Այսպիսի բան պատահած չէր Լիբանանի մէջ…։ Եւ դուն դեռ հանգիստ-անտարբեր նստած ես…։
– Չարաչար կը սխալիս։ Ես ոչ անտարբեր եւ ոչ ալ հանգիստ եմ, այլ չափազանց մտահոգ ոչ այնքան ցոյցերով որքան անոնց հետեւանքներով ու վախճանով։
– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես…։
– Ըսել կ’ուզեմ ժողովրդային այսպիսի պոռթկումները կ’ունենան իրենց հետեւանքները եւ վախճանը՝ շրջումներով եւ փոփոխութիւններով որոնք պատմական եւ շրջադարձային նշանակութիւն կ’ունենան։ Ես կ’աղօթեմ որ այդ շրջումները եւ փոփոխութիւնները իսկական ԲԱՐԵշրջումներ եւ ԲԱՐԵփոխութիւններ ըլլան…։
– Ինշալլա…։ Աստուած լսէ աղօթքդ…։
27/10/2019