«ԳՆԱ՛, ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶ ՄԻՆԱԿ ՉԻ ՁԳԵՐ». Քահանայապետը Հոկտեմբերը Հռչակեց Արտակարգ Առաքելութեան Ամիս

«ԳՆԱ՛, ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶ ՄԻՆԱԿ ՉԻ ՁԳԵՐ». Քահանայապետը Հոկտեմբերը Հռչակեց Արտակարգ Առաքելութեան Ամիս

Հոկտեմբեր 1-ին՝ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի յիշատակի օրը, որ կը հանդիսանայ առաքելութիւններու հովանաւոր սրբուհին ամբողջ աշխարհի տարածքին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց երեկոյան ժամերգութիւնը, որուն ընթացքին ան յայտարարեց մեկնարկը՝ «Առաքելութիւններու արտակարգ ամսի»: Այս նախաձեռնութիւնը կը նուիրուի Բենեդիկտոս 15-րդ Քահանայապետի առաքելական Maximum illud ուղերձի 100-ամեակին, որ կը վերաբերի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միսիոներական գործունէութեան ամբողջ աշխարհին մէջ:

Սրբազան Քահանայապետը միսիոներական ամսուան կայացման մասին յայտարարեց տակաւին 2017թ. Օգոստոսին՝ կարևորելով Եկեղեցւոյ՝ բոլոր ժողովուրդներուն աւետարանացման ջերմեռանդութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը»: Ժամերգութեան ընթացքին Աստուծոյ Խօսքը միահիւսուեցաւ երեք միսիոներներու վկայութիւններուն հետ: Անոնք էին աշխարհական կին մը՝ Ասիայէն, ափրիկեցի քահանայ մը, միանձնուհիներ Ովկիանիայէն: Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը օրհնեց խումբ մը միսիոներներ, որոնք պէտք է մեկնէին Պրազիլ, Հարաւային Սուտան, Քոնկօ, Ղազախստան, Գամպոտիա, Թայուան, Պանկլատեշ ու Ղրղզստան:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց միշտ ըլլալ իրատես, չփնտռել «պաշտպանուած ովասիսներ», այլ յարատև մնալ «երկրի աղն ու աշխարհի խմորիչը»:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին մէջ յիշատակեց առակ մը՝ Մատթէոսի Աւետարանէն, որուն մէջ տանտէրը իր ունեցուածքը կը յանձնէ ծառաներուն՝ յիշեցնելով, որ Աստուած մեզ՝ վստահած է մեծագոյն պարգևներ. մեր սեփական կեանքը, ուրիշներուն կեանքն ու զանազան շնորհներ՝ իւրաքանչիւրիս համար: Այդ շնորհներն ու պարգևները պէտք չէ պահել պահարանին մէջ, այլ Աստուծոյ խիստ կոչով՝ համարձակօրէն եւ ստեղծարար ձևով օգտագործել, որպէսզի անոնք առատ պտուղներ տան:

Առաքելութիւններու այս Արտակարգ Ամիսը պէտք է խթան հանդիսանայ միսիոներական գործունէութեան համար: Քրիստոնեաները պէտք չէ ըլլան «ուրիշներու հաւատքը վաւերացնող նոտարներ»: Ատոր համար պէտք է ապրիլ որպէս վկայ՝ ցոյց տալով, որ «մենք իսկապէս կը ճանչնանք Յիսուսը»:

Նորէն առակին անդրադառնալով՝ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշատակեց վախցած ծառային, որուն հետ տէրը շատ խիստ է, այս ծառան չարիք չէ գործած, սակայն բարի գործ ալ չէ ըրած՝ մատնուելով անգործութեան մեղքին: Սա կարելի է համեմատել մեր իսկ կողմէ մեր սեփական կեանքի հանդէպ գործած մեղքի հետ: Մենք մեր կեանքը չենք ստացած հողին մէջ թաղելու համար, այլ՝ ուրիշներուն նուիրաբերելու համար:

Ով Յիսուսի հետ է, ան գիտէ, որ մենք ունինք այն, ինչ կու տանք ուրիշներուն: Անգործ ապրիլ՝ կը նշանակէ հրաժարիլ սեփական կոչումէն, քանի որ անգործութիւնը կը հակասէ առաքելութեան:

Ըստ Սրբազան Քահանայապետին, անգործութեան մատնուելով՝ մենք մեղք կը գործենք, երբ «մենքզմեզ զոհի տեղ կը դնենք ու չենք կատարեր մեր առաքելութեան պարտքը, երբ միայն կը բողոքենք ու կեանքը կ’ընդունինք որպէս բեռ, այլ՝ ոչ թէ որպէս պարգև: Երբ կը կեդրոնանանք միայն մեր հոգսերուն վրայ՝ մոռնալով մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք մեր սիրոյ կարիքը ունին»:

Մեկնաբանելով Կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ թուղթը՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ, որ «Աստուած կը սիրէ ուրախութեամբ տուողը», որ Աստուած կը փափաքի տեսնել Իր Եկեղեցւոյ առաքելական ուղին: Նման «Եկեղեցին ժամանակ չի վատներ լալու ու ափսոսալու այն հաւատացեալներու ու անցեալի արժէքներուն համար, որոնք այլևս գոյութիւն չունին: Եկեղեցին ապահով ու հանգիստ ովասիս չի փնտռեր, այլ միայն կ’ուզէ ըլլալ երկրի աղն ու աշխարհի խմորիչը»:

Նման Եկեղեցւոյ օրինակ են Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերեզան, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Կսավերոսը: Անոնք բոլորը միսիոներական նուիրուածութեան օրինակ են ու ցոյց կու տան մեզ այդ առաքելութեան ուղին: Ֆրանչիսկոս Պապը առաջարկեց հաւատացեալներուս՝ մենք մեզի հարցնել, թէ մեզմէ ո՞վ կ’աղօթէ ու անձամբ ի՞նչ կ’ընէ Աւետարանի տարածման համար:

«Աստուած կը խնդրէ, որ դուն քեզ նուիրաբերես մարդոց որպէս ընծայ՝ այնպիսին, ինչպիսին որ կաս, այնտեղ, ուր կաս, կեանքդ չքաշքշել, այլ՝ նուիրես, դուն քեզ չսգաս, այլ՝ չորցնես տառապող մարդոց արցունքները: Համարձա՛կ, Աստուած շատ բան կը սպասէ քեզմէ: Աստուած նաև կ’ակնկալէ, որ ոևէ մէկը կը համարձակի երթալ այնտեղ, ուր ամենաշատը զգալի է յոյսի ու արժանապատուութեան պակասը, ուր բազմաթիւ մարդիկ դեռ կ’ապրին առանց աւետարանական ուրախութեան»:

Սուրբ Հոգին միշտ միսիոներներու հետ է, քանի որ Ան է որ կը հանդիսանայ առաքելութեան շարժիչ ուժը:

«Գնա՛, Աստուած քեզ մինակ չի լքեր: Վկայելով դուն կը տեսնես, որ Սուրբ Հոգին քեզմէ շուտ եկած է, որպէսզի հարթէ քու ճամբան: Համարձա՛կ, եղբայրնե՛ր ու քոյրե՛ր, համարձա՛կ, Մա՛յր Եկեղեցի, գտի՛ր քու պտղաբերութիւնը առաքելութեան ուրախութեան ներքոյ»:

 

Vatican News լրատուականի ռուսերէն բաժնէն թարգմանեց՝

ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ