ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
……………………………
Ինչքա՜ն մեծ եղաւ ակնածալի հիացումս հանդէպ հոգեւորականի մը, որուն առջեւ խոնարհելու եւ աջը համբուրելու ուրախութիւնը ապրելու առիթներ ունեցած էի վաղ մանկութենէս մինչեւ պատանեկութեանս տարիներուն, երբ յետագային անոր կեանքին ու գործին ծանօթանալով՝ անդրադարձայ թէ ինչպիսի մեծութեան մը մօտիկ եղած եմ։ Այս զգացումս պատահական չեղաւ։ Այլ ծնաւ Կարդինալ Աղաճանեանի կեանքէն ու գործունէութենէն քաղածս տպաւորութենէն։
Կարդինալ Աղաճանեանին նման 20-րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն մէկուն կեանքին ու գործունէութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը եղած է պատմական իրադարձութիւն մը ՝ որ ընդգրկած է ոչ թէ սեղմ իմաստով միայն կաթողիկէ, քրիստոնեայ կամ ընդհանրապէս կրօնական աշխարհը, այլ աշխարհը իր ամբողջական առումով, իր բոլոր բաղադրիչներով՝ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, ընկերային, միջազգային ոլորտներով, եւ այս բոլորին զուգահեռ՝ Հայ Ազգը։ Աստուածապարգեւ շնորհներով օժտուած մարդ մը միայն կրնար արժանանալ միջազգային ընտանիքին վստահութեան, յարգանքին ու համարումին, եւ դառնալ մարդոց ու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան առաքեալ մը։ Յայտնապէս աշխարհի մեծամեծերը այդպիսի առաքեալ մը տեսան Կարդինալ Աղաճանեանի անձին մէջ։
Կարդինալ Աղաճանեանին անունը, կեանքն ու գործը, վարկն ու համբաւը վաղուց ծանօթ է աշխարհին։ Ծանօթ է ո՛չ միայն իբրեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն մէկ Իշխանը, առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակ մը, որ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ արժանի նկատուեցաւ Սուրբ Պետրոսի արժանաւոր յաջորդներէն մէկը դառնալու, այլ որպէս աւետարանական պատուէրներու հետամուտ կենդանի օրինակ մը։ Իր այցելած ցամաքամասերու՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի, Աւստրիալիոյ, Ծայրագոյն Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրին, իւրաքանչիւր քաղաքին ու ոստանին մէջ, ոչ միայն հոգեւոր իշխանութիւններուն, այլ թագաւորներու, նախագահներու, իշխաններու եւ պետական ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին եւ մեծագոյն պատիւներու արժանացած պահերուն, Կարդինալ Աղաճանեան հպարտութեամբ զգացուց առաջին քրիստոնեայ Ազգին իր պատկանելիութիւնը եւ կառչումը այդ ինքնութեան, որուն արմատները կ’երկարին մինչեւ Խոր Վիրապ եւ Օշական։
«Սիրե՛նք մեր Հայրենիքը։ Կրնանք չսիրել վարչաձեւը, բայց վարչաձեւերը կ’անցնին, իսկ Հայրենիքը կա՛յ ու կը մնայ։ Սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ ուր որ հանդիպիք Հայու մը, ան մէկ բեկորն է Հայրենիքին» գոչած էր ան 27 Յունիս 1951-ին փարիզահայութեան ուղղած իր յորդորին մէջ։
Արդարեւ, Կարդինալ Աղաճանեան ինքզինքին եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ տեսաւ «բեկոր մը Հայաստանի»։ Այն Հայաստանին՝ որուն դռները դժբախտաբար չի բացուեցան իր առջեւ։ Սակայն ան Հայաստանը՝ Քրիստոնէութեան առաջին օրրանը տարաւ իր հետ, ուր որ գնաց։
«Հայաստանի այդ բեկորը», որ աշխարհ եկաւ 18 Սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխայի մէջ եւ մկրտուեցաւ Ղազարոս, երրորդ զաւակն էր գաղթական հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը, որ թուրքերու հալածանքներէն ու ջարդերէն խուսափելու համար՝ բազմատասնեակ հայերու հետ փախչելով Էրզրումէն, ապաստանած էր Ախալցխա։ Հայրը՝ Յարութիւն Աղաճանեան եւ մայրը՝ Իսկուհի Սարուխանեան, ջերմեռանդ հաւատացեալ կաթողիկէներ էին։ Անոնք ունէին նաեւ աղջիկ մը՝ Էլիզապեթ եւ մանչ մը՝ Պետրոս։ Հայ կաթողիկէ ջերմեռանդ ընտանիքի տիպար մըն էին։
Աստուած կը լսէ մօրը խնդրանքը
Ղազարոս կանուխէն կորսնցուցած էր իր հայրը։ Մայրը աղօթած է Աստուծոյ որպէսզի իրեն քահանայ որդի մը պարգեւէ։ Յայտնապէս, Աստուած լսած է անոր աղերսը եւ իր վերջնեկ Ղազարոսը կոչած քահանայութեան։ Այս կոչումին կենսագործման ճանապարհը ցոյց տուած է Կովկասի Առաքելական վարիչը՝ Հայր Սարգիս թ.ծ.վ. Տէր Աբրահամեան, մանուկ Ղազարոսը 1906-ին ուղարկելով Հռոմ, Ուրբանեան Գոլէճ։ Ան չէր երեւակայեր անգամ որ Նախախնամութիւնը՝ ուղիղ 40 տարիներ ետք, 18 Փետրուար 1946-էն սկսեալ աստիճանաբար մանուկ Ղազարոսը պիտի դարձնէր 20-րդ դարու Տիեզերական մէկ Դէմքը։
Գերազանցիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումնառութիւնը, Ղազարոս Աղաճանեան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 23 Դեկտեմբեր 1917-ին, Ուրբանեան Գոլէճի մատուռին մէջ, Պետրոս Գոյունեան Եպիսկոպոսին ձեռամբ եւ կ’առնէ Ֆրանչիսկոս անունը ի յարգանս Սալեզացի Ֆրանչիսկոս սուրբին, որուն ջերմեռանդութիւնը գրաւած էր զինք։
Պատերազմին պատճառով հարկադրուած ըլլալով Հռոմ մնալ, Հայր Ֆրանչիսկոս կը շարունակէ իր ուսումը եւ 1919-ին Լաթրանի Համալսարանէն կը ստանայ նաեւ իրաւագիտութեան Դոկտորայի իր վկայականը (Droit Civil et Ecclesiastique)։
Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր
Անմիջապէս որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը վերջ կը գտնէ, 1919-ին Աղաճանեան վարդապետ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Կովկաս նուիրուելու համար իր ժողովուրդի հոգեւոր ծառայութեան եւ կը նշանակուի Թիֆլիսի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։ Սակայն, ժողովրդապետական ծառայութեան այս շրջանը երկար չի տեւեր։ Կովկասի մէջ ստեղծուած վտանգալից կացութիւնը տեսնելով, Սարգիս Եպիսկոպոս Տէր Աբրահամեան, որ մինչ այդ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի տեսուչ դարձած էր, 1921-ին երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետը կը կանչէ Հռոմ եւ զինք կը նշանակէ Վարժարանի փոխտեսուչ։ Հազիւ տարի մը ետք, 1922-ին, Կովկասի մէջ համայնավար կարգերու հաստատումով, Աղաճանեան վարդապետին առջեւ վերջնականապէս կը փակուի տունդարձի ճամբան։ Իր ընտանիքին հետ անոր կապը ամբողջութեամբ կը խզուի։ Մօր, քրոջ եւ եղբօր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ իրեն համար։
1923-ին, երիտասարդ վարդապետը կը նշանակուի Լեւոնեան Վարժարանի Մեծաւոր եւ միաժամանակ կը հրաւիրուի դասախօսելու Ուրբանեան Համալսարանին մէջ, ուր ան 16 տարի անընդմէջ կը դասաւանդէ իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ տիեզերաբանութիւն։
Երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետ՝ իբրեւ Առաքելական այցելու, 1934-ի Սեպտեմբեր 8-ին կու գայ Զմմառ, ուսումնասիրելու համար Միաբանութեան Կանոնագիրքը՝ որ սահմանուած էր դառնալու Միաբանութեան դէպի ապագայ ճանապարհը հարթող ուղեցոյցը։ Ան իր խոհական, հաղորդական եւ քաղձրաբարոյ մօտեցումով յաջողութեամբ կ’աւարտէ իր այս նուիրական առաքելութիւնը, որ միաժամանակ առիթ մը կ’ըլլայ հարազատի սիրոյ զգացումով կապուելու Վանքին ու անոր Միաբանութեան հետ։ Ան իր այս զգացումը կ’արտայայտէ Վանքի Ոսկեմատեանին մէջ արձանագրած տպաւորութիւնները սկսելով հետեւեալ նախադասութեամբ.- «Եկայ, տեսայ, շա՜տ սիրեցի… Փարեցայ դարաւոր եւ արդիւնաշատ Միաբանութեանս եւ աստուածային կոչման բաժանորդ պատուական եղբայրներուս…»։
Արփիարեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի յաջորդ
Հռոմ վերադարձէն կարճ ժամանակ մը ետք, Աղաճանեան վարդապետ կ’ընտրուի Եպիսկոպոս եւ 21 Յուլիս 1935-ին կը ձեռնադրուի Հռոմի մէջ, Տէր Աբրահամեան եպիսկոպոսին ձեռամբ։
Իր առաջին առաքելութիւնը պսակելու համար՝ 1935-ի Օգոստոսին Աղաճանեան՝ այս անգամ եպիսկոպոսին երկրորդ այցելութիւնը Զմմառ, աւելի կը զօրացնէ անոր սէրն ու համարումը հանդէպ Զմմառու Վանքին եւ անոր Միաբանութեան առաքելութեան։
26 Հոկտեմբեր 1937-ին կը վախճանի Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
30 Նոյեմբերին կը գումարուի հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որ իր առաջին նիստին եւ առաջին իսկ քուէարկութեամբ երջանկայիշատակ Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդ կ’ընտրէ Աղաճանեան Եպիսկոպոսը, որ կ’որդեգրէ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը՝ ի յարգանս Հայոց Լուսաւորչին։ Ընտրութենէն ետք, խորապէս յուզուած, 42 տարեկան Կաթողիկոս Պատրիարքը կը յայտարարէ.- «Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծոյ։ Ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգիս։ Իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միա՛յն խաչը՝ ինծի»։
2 Դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռը կը հաստատէ Աղաճանեան Եպիսկոպոսին Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութիւնը։
Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին օծումն ու գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 5 Դեկտեմբեր 1937-ին, մարոնիներու Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ 17 Դեկտեմբերին, ան Պալիումը կը ստանայ Հռոմի մէջ։
Սանճագի եւ Քեսապի փրկարար
Լիբանան վերադարձի ճամբուն վրայ, 1938-ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Փարիզ, ֆրանսական իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Սանճագի պարպումի խնդրին վրայ, նկատելով որ Լիբանան դեռ եւս կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ։ Ան կը յաջողի Սանճագի հայութեան Լիբանան հիւրընկալումը ապահովել եւ անձամբ կը հետեւի տեղահան հայութեան Լիբանան տեղաւորումին։ Աղաճանեանին եւ անոր միջոցաւ նաեւ Վատիկանին կողմէ ֆրանսական պետութեան մօտ կատարուած միջամտութիւններուն շնորհիւ է որ Քեսապն ու շրջակայքի գիւղերը կը պահպանուին Սուրիոյ սահմաններուն մէջ։ Այս կերպով կը խնայուի Քեսապի հայութեան տարագրութեան աղէտը։
Հայոց Ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին առիթով, Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Ապրիլեան Նահատակներուն Յուշակոթող մը կը կանգնեցնէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ։ Ասիկա կ’ըլլայ սփիւռքի մէջ կանգնեցուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշակոթողը։ Միեւնոյն տարին, ան կը հաստատէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին շրջաբակին մէջ Սգատօն կատարելու աւանդութիւնը, 7000 հանդիսականներու ներկայութեան։
Համաշխարհային Բ.պատերազմի օրերուն, Աղաճանեան Հայրապետը կը շրջագայի Միջին Արեւելքի այն բոլոր երկիրները՝ ուր կային հայ կաթողիկէ թեմեր։ Ան մեծ պատիւներով կ’ընդունուի այդ երկիրներու պետական ղեկավարներուն կողմէ։ Հաւատարիմ լուսարձակներէ հեռու գործելու վատիկանեան ոճին, ան լուռ ու մունջ կը նպաստէ արաբական նորանկախ պետութիւններուն միջազգային զօրակցութիւններ ապահովելու աշխատանքին եւ կարեւոր դեր կը խաղայ արաբական աշխարհին եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումի գործընթացին մէջ։
22 Օգոստոս 1945-ին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր այցելելու առիթը չէր ունեցած ինը տարի (1937-1945) Բ. Աշխարհամարտին պատճառով։ Ան աւերակներու տակ կը գտնէ Իտալիան, ուր կը մնայ չորս ամիս եւ կ’այցելէ երկրին հայկական բոլոր հաստատութիւնները։ Լիբանան վերադառնալէ առաջ, կը ներկայանայ Պիոս ԺԲ. Պապին անկէ հրաժեշտ առնելու համար։ Պապը իրմէ կը խնդրէ յետաձգել իր վերադարձը, որ տեղի պիտի ունենար 1946-ի Յունուար 6-ին։
Կարդինալ նշանակումը
18 Փետրուար 1946-ի կարդինալներու դռնփակ ժողովին, Պիոս ԺԲ. կը նշանակէ 32 նոր կարդինալներ, որոնց շարքին առաջինը կ’ըլլայ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Աղաճանեանի կարդինալ նշանակումին արձագանգը շատ մեծ կ’ըլլայ միջազգային մամուլին մէջ։ Մեծազդեցիկ թերթեր կը դրուատեն հայազգի կարդինալին բարեմասնութիւններն ու արժանիքները։ Համայն Հայութիւնն ալ կը հպարտանայ Աղաճանեանով։ Ան աննախընթաց դիմաւորութեան կ’արժանանայ Լիբանան վերադարձին 3 Մայիս 1946-ին։ Համայն Հայութիւնը, առանց կուսակցական կամ յարանուանական խտրութեան, կը մասնակցի այդ դիմաւորութեան։
Շատ երկար պիտի ըլլար մեծանուն Հայրապետին այցելած բոլոր երկիրներուն ու քաղաքներուն, անոնց շարժառիթներուն, մեծաշուք յայտագիրներուն, նախագահած համագումարներուն, արտասանած ճառերուն, թագաւորներու եւ նախագահներու հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ստացած շքանշաններուն թուարկումը։ Նշենք միայն որ 1950-էն սկսեալ ան յաջորդաբար կ’այցելէ Թուրքիա, Յունաստան, Եգիպտոս, Իրան, կ’ըլլայ ֆրանսական կառավարութեան հիւրը եւ 8 մարտ 1952-ին կը պարգեւատրուի La Croix de la Legion d’Honneur Ֆրանսայի բարձրագոյն շքանշանով, միեւնոյն տարուան Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ կը նախագահէ Քաղկեդոնի Ժողովի ԺԵ. հարիւրամեակի պաշտօնական արարողութիւններուն, որուն բացումը կը կատարէ հայածէս Հայրապետական Պատարագով։ Ապա Պոսթընի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քաշինկի հրաւէրով 1951-ի Նոյեմբերին կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ, ուրկից կ’անցնի Քանատա, այնուհետեւ դարձեալ վերադառնալու համար Մ. Նահանգներ, ուր կը մնայ մինչեւ 16 Յունուար 1952։ Մայիսին, Ապտալլա Ա.ին հրաւէրով կ’ըլլայ յորդանանեան կառավարութեան հիւրը։ 1953-ին, Սիտնիի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժիլրոյի հրաւէրով (Այս վերջինը իր աշակերտը եղած էր Ուրբանեան Համալսարանին մէջ) կը մասնակցի Աւստրալիոյ Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային Համագումարին։ 1954-ի 6-27 Հոկտեմբերին դարձեալ կը հրաւիրուի Մ. Նահանգներ, ուր բացումը կը կատարէ Պոսթոնի Կաթողիկէ Համալսարանին։
1955-ի Յունիսին Պիոս ԺԲ.ին կողմէ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու նոր Կանոնագրի Կարդինալական Յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած ըլլալով, կը ստիպուի տարուան կարեւոր մէկ մասը անցնել Հռոմի մէջ։ Ի պաշտօնէ կը մասնակցի Ռիօ Տը Ժանեյրոյի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համաժողովին, ապա միեւնոյն տարին կը մեկնի Ուրուկուայ։ 1955-ի Հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ կու գայ Սուրիա, ուր կառավարութիւնն ու ժողովուրդը շատ ջերմ ընդունելութեան մը կ’արժանացնեն զինք։ Նախ. Շուքրի Քուաթլի զինք կը պարգեւատրէ երկրին բարձրագոյն շքանշանով։
16 Օգոստոս 1956-ին կը հանդիպի Գերմանիոյ վարչապետ Քոնրատ Ատենաուըրին, իսկ 1958-ին Պելճիքայի Պօտուէն թագաւորին։
Հաւատոյ տարածման Սուրբ Ժողովի նախագահ
18 Յունիս 1958-ին, Պիոս ԺԲ. Պապը Հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովի փոխ նախագահ եւ երկու տարի ետք, 15 Յուլիս 1960-ին՝ նախագահ։
Միեւնոյն տարուան Դեկտեմբերին կը մեկնի Ֆիլիպեաններ Յովհաննէս ԻԳ.Պապը ներկայացնելու համար Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համագումարին Մանիլլայի մէջ։ 1959-ի Փետրուարի 14-22, Սայկոնի մէջ կը նախագահէ Մարեմեան Համագումարին։ Ապա կ’անցնի Թայուան, Ֆորմոզա կղզին, կը հանդիպի նախագահ զօրավար Չան Քայ Չէքին։ Կ’այցելէ Քորէա, Ճափոն, Թայլանտ։
Սուրբ Աթոռին կողմէ իրեն յանձնուած պաշտօններուն ու առաքելութիւններուն ծանրութիւնը իր Հռոմ մշտական ներկայութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած ըլլալով, կը ստիպուի վերադառնալ Պէյրութ՝ 1959-ի Յունիսի 10-ին իրեն Օգնական Եպիսկոպոս նշանակելու համար Պաթանեանը։
Տարի մը ետք, 1960-ի Սեպտեմբերին կ’այցելէ Հնդկաստան նախագահելու համար երկրի եպիսկոպոսներու ժողովին եւ բացումը կատարելու Պոմպէյի Մեծ Նորընծայարանին։ Ան կ’ընդունուի Հնդկաստանի նախագահին կողմէ։
1961-ի Յունուարի 7-10, զինք կը տեսնենք Զուիցերիա՝ իր օրհնութիւնը տալու համար 200 քահանայ առաքեալներու մեկնումին։ Ապա, Իրլանտան՝ միեւնոյն տարուան Յունիսի 7-ին։ 14 Սեպտեմբերին կը մեկնի Մատակասքար, ապա Նայրոպի, ուր կը հիւանդանայ եւ կը ստիպուի վերադառնալ Հռոմ ապաքինման երկար շրջանի մը համար։
10 Ապրիլ 1962-ին Ծիրանաւոր Հայրապետը բացառիկ հաճոյքը կ’ունենայ Հռոմի մէջ դիմաւորելու իր քոյրը՝ Լիզան զոր տեսած չէր 41 տարիէ ի վեր։
23 Օգոստոս 1962-ին ինքզինք հարկադրուած կը զգայ հրաժարելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռէն, չկարենալով այդ պաշտօնը կատարել Հռոմէն։ Ան զգացած էր որ պիտի չկարենայ կրկնել այն ինչ որ ըրած էր 1952-ին, Ամերիկայէն վերադարձին, երբ մէկ առ մէկ այցելած էր Պուրճ Համուտի եւ քէմփի հայ աղքատ ընտանիքներուն, մխիթարութեան արցունքի շիթեր խլելով մամիկներէն ու պապիկներէն։ Իր մեծութեան մէջ անգամ ան չէր կորսնցուցած իր խոնարհութիւնը։
1962-ի Նոյեմբեր 30-ին, իրեն կը յաջորդէ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Յովհաննէս ԻԳ.ի յաջորդութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն
Յովհաննէս ԻԳ. Պապին վախճանումէն ետք, երբ 1963-ի Յունիսի 19-ին Կարդինալներու դռնփակ ժողովը կը գումարուէր ընտրելու համար նոր Պապը, Կարդինալ Աղաճանեան տիրացած էր այնպիսի համբաւի մը որ միջազգային հանրային կարծիքը զինք կը նկատէր Յովհաննէս ԻԳ.ի յաջորդութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն։ Աշխարհ հիասթափութեամբ եւ զարմանքով դիմաւորեց ընտրութեան արդիւնքը։ Պատմութիւնը օր մը կը բացայայտէ անշուշտ ճշմարտացիութիւնը ընտրութեան շուրջ շրջան ընող զրոյցներու մասին։
Նորընտիր Պապը, Պօղոս Զ. հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ առաջին Ատենավար Վատիկանի Բ. Ժողովին, որուն բացումը տեղի կ’ունենար 1963-ի Սեպտեմբերի 30-ին, Կարդինալ Աղաճանեանին կողմէ արտասանուած այնպիսի մեծափառ ճառով մը, որ պատմական նկատուեցաւ։
1964-ի Նոյեմբերի 26, Կարդինալ Աղաճանեան Պոմպէյի մէջ կը նախագահէ Սուրբ Հաղորդութեան Համաշխարհային Համագումարին։ Իսկ 31 Յուլիս 1969-ին կ’ուղեկցի Պապին, Ափրիկէ շրջագայութեան ընթացքին։
Ողջագուրումը Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ
Ափրիկէէն վերադարձին, Ծիրանաւոր Հայրապետին առողջական վիճակը կը վատթարանայ։ Այս շրջանին կը զուգադիպի Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պաշտօնական այցելութիւնը Պօղոս Զ. Պապին 8 Մայիս 1970-ին։ Յաջորդ օրը, երբ Սիքստեան Մատրան մէջ Պօղս Զ. եւ Վազգէն Ա. կ’ողջագուրուին, անոնց կողքին է նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան, որ իր կարգին կ’ողջագուրուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ։
Առողջական վիճակը անկողնին կը քամէ մեծահռչակ հայ Ծիրանաւորը։
1971-ի Մարտի 31-ին, Պօղոս Զ. անակնկալօրէն անձամբ այցի կու գայ անոր, Լեւոնեան Վարժարան, եւ «քանի որ Դուք Ինծի այցելութեան չէք գար» ըսելով կը մօտենայ անոր եւ կը համբուրէ ճակատէն։
Երբ Մայիսի 16-ին Հայոց Ծիրանաւոր Հայրապետը իր հոգին կը յանձնէր Տիրոջ, հաւանաբար անոր ականջին կը հնչէր իր այնքան սիրած «Լեռներ Հայրենի» երգը։
Ափսո՜ս, որ այդ Լեռները տեսնելու բախտը զլացուեցաւ մեծահամբաւ Հայուն, որ մեծցաւ եւ ուռճացաւ այնքան որ տիեզերքը դարձուց սահման իր քրիստոնեաճաճանչ ու հայաբոյր արմատներուն, որմէ բխած բարութիւնը, հոգիի ու մտքի լոյսը ողողեցին ամբողջ աշխարհը։ Ան եղաւ իր աստուածատուր շնորհքները յայտնաբերող Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, զինք ծնած ժողովուրդին, զինք որդեգրած ասպնջական Լիբանանին՝ սուրբերու պատուանդանին արժանի պարգեւը քրիստոնեայ աշխարհին։