Պատմարժէք փաստաթուղթ մը
Միայն վերջերս, 2019 թ., Հայաստանի Ազգային Արխիւը, «Տոհմիկ Բարերարը» խորագրով հրատարակեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի անձնական արխիւէն քաղուած կարեւոր թիւ մը, որուն համար հատորը կազմողը՝ Էմմա Յովսէփեան, կը գրէ.
«Փաստաթղթերի սոյն ժողովածուն ընդգրկում է Գալուստ Կիւլպէնկեանին վերաբերող ձեռքի տակ եղած արխիւային շուրջ 500 վաւերագրերի մի մասը միայն, աւելի ստոյգ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնից յետոյ աշխարհի տարբեր երկրներում ապաստանած հարիւր հազարաւոր գաղթականներին ու որբերին օգնելու, հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայկական դպրոցները, ազգային արուեստն ու մշակոյթը, քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու ուղղութեամբ նրա գործադրած ջանքերի մասին պատմող մի փոքրածաւալ ընտրանի…»:
Փաստօրէն, առաւելագոյն տոկոսով, հատորը կ’ընդգրկէ 1919-1939 թուականներուն փոխադարձ նամակագրութիւնը ընդմէջ հայ եկեղեցական, ազգային-հասարակական, մշակութային գործիչներու, հայկական ընկերակցութիւններու, միութիւններու, հիմնարկներու եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի: Ուղղակի Գալուստ Կիւլպէնկեանին հասցէագրողներու մէջ են՝ Պօղոս Նուպար, Համօ Օհանջանեան, Անդրանիկ, Գ. Նորատունկեան, Պատրիարք Զաւէն Արքեպիսկոպոս, Ալ. Խատիսեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե., Ա. Չոպանեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Բ., Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս, Շահան Շահնուր, Վահան Մալիզեան եւ դեռ շատ ուրիշներ:
Ինչ որ հետաքրքրական է եւ ուշագրաւ, Քարիւղի Աշխարհի արքաներէն մէկուն, «Պարոն հինգ առ հարիւր»ի՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ուշադիր ընթերցումն է իրեն հասցէագրուած նամակներուն եւ սերտուած պատասխանը անոնց, որ միշտ դրական է՝ օգնութեան երկարած ձեռքով: Գալուստ Կիւլպէնկեանին յղուած նամակներուն, կարելի է ըսել, գրեթէ բոլորը ունին ե՛ւ վաւերագրական արժէք, քանի որ անոնք կ’արձանագրեն բռնագաղթուած ու ոտքի կանգնելու ճիգին մէջ գտնուող բազմահազար հայորդիներու ապրած ճգնաժամին պատմութիւնը:
Այս առումով ուշագրաւ է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի 7 Սեպտեմբերի, 1938 թուակիր, Զմմառէն գրուած նամակը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:
ԽՄԲ.
7 Սեպտեմբերի 1938 թ.
Զմմառ
Վսեմափայլ տիար,
Գիտէ անշուշտ Ձեր Վսեմափայլ Տէրութիւնը, թէ մենք ունինք Լիբանանու բարձունքին վրայ Զմմառ անունով հայ վանք մը, որն ասկէ երկու հարիւր տարի առաջ հիմնուած է եւ ասկէ ի վեր անձնուէր զոհաբերութեամբ ազգին ծառայած է, առանց որեւէ կերպով ազգին ծանրութիւն ըլլալու:
Սոյն վանքը թէպէտ կաթողիկէ հաստատութիւն մըն է, սակայն նա զուտ ազգային տեսակէտով՝ ամբողջ հայութեան անխտրապէս բազմապիսի եւ բազմադիմի օգտակարութիւններ ունեցած է, որոնց մասին հարեւանցի գաղափար մը տալու համար, Ձերդ Վսեմութեան առջեւ կարճառօտ կերպով հետագայ պարագաները պարզելը աւելորդ չենք սեպեր:
- Զմմառի վանքը երկու հարիւր տարիէ ի վեր հայկական միջնաբերդ մը եղած է, բուն իմաստով՝ հայ օրրան մը, կորիզ մը, ուր հայ գրականութիւնը ծաղկած է, հայ լեզուն մշակուած եւ հայ պատմութիւնը անթերի կերպով ուսուցանուած է, ուր երկու դարերու սերունդներ իբրեւ հայ խոկած եւ իբրեւ հայ գործած են՝ այս բառերուն ամենաուղիղ եւ ամենայստակ առումով:
Եւ անկէ ալ լուսասփիւռ ճառագայթներու նման բոլոր հայաբնակ գաւառներուն չորս անկիւնները ղրկուած են՝ հայութեան սրտին մէջ կրօնքի հետ ազգին անապակ սէրը վառելու համար եւ իրենց պէս հայրենասէր եւ ազգասէր եւ ազգանուէր հայեր կերտելու արգասաբեր առաքելութեամբ:
- Թէպէտ սոյն վանքը կաթողիկէ եկեղեցականներ հասցնելու նպատակաւ հիմնուած է, սակայն եկեղեցական կոչումը դժուարին ըլլալով հոն եկող պատանիները միայն մէկ երրորդի համեմատութեամբ կարողացած են այդ կոչումին հասնիլ, իսկ մնացած երկու երրորդը հոն հայ լեզուն եւ հայ պատմութիւնը կատարեալ կերպով ուսանելով, եւ ազգին սէրը սրտերուն մէջ ամբարելով, դուրս եկած են եւ պատուաւոր ու օգտակար հայ անհատներ դարձած են, որով այդ հաստատութիւնը աւելի հայ ազգին թանկագին եւ օգտակար անհատներ հասցուցած է մինչեւ հիմա:
- Վանքը ազատ միջավայրի մը մէջ գտնուելով, (ապտուլ)համիտեան շրջանին գնահատելի ծառայութիւններ ըրած է ամբողջ հայութեան քանի որ Թուրքիայէն հալածուած ու հետապնդուած շատ ու շատ հայեր հոն ապաստարան մը գտած են եւ երբեմն հոն ամիսներով պատսպարուած եւ պրծած են ստոյգ մահէ: Եղած են շրջաններ, որ հոն ապաւէն գտնուողներու թիւը բազմաթիւ եղած է միանուագ եւ երկար ժամանակ: Մարդս այժմ եթէ մտքին մէջ պատկերացնէ այդ ժամանակին անդոհական պարագաները, սոյն ծառայութեան որքան թանկագին ըլլալը աւելի որոշ կերպով կþըմբռնէ:
- Մեծ պատերազմի շրջանին, կախաղանէ փախած բազմաթիւ հայեր եւ զինուորական փախստականներ մասնաւորապէս Ուրֆայէն, Տիգրանակերտէն եւ Հալէպէն եկեր եւ վանք(ը) ապաւինած են: Եւ մանաւանդ Ճեմալ փաշային Անթուրա հաւաքուած հայ որբերը տասնեակներով վանք փախած են եւ հոն մնացած են մինչեւ պատերազմի(ն) վերջը: Սոյն փախստականներուն թիւը վանքին բնակիչներէն աւելի եղած է եւ վանքը այդ նեղ օրերուն պարտք ընելով զանոնք խնամած եւ ազատած է մահէն: Ասոնք ընդհանրապէս մինչեւ հիմա ողջ են եւ վանքին յաւիտենապէս երախտապարտ:
- 1919-ի գարնան, երբ Եգիպտոսի մէջ հայերու ջարդը կը սկսէր եւ ամէն չարագուշակ նշանները ցոյց կու տային, որ այդ ջարդը մեծ համեմատութիւններ առնելով ահաւոր աղէտ մը պիտի դառնար, նոյն պահուն արժանապատիւ Յովհան եպիսկոպոս Գուզեան, Զմմառեան միաբան մը, իր կեանքին ստոյգ վտանգովը գիշերանց ձիթենի բռնած, յանդգնութիւնը կþունենար Ազհարի մեծ համալսարանը երթալու եւ հոն իւլէմաներուն հետ հաշտութիւն կնքելով ոչ միայն ազգը կþազատէր ստոյգ աղէտէ, այլ եւ Եգիպտոսի արաբները խանդավառ բարեկամներ կը դարձնէր հայերուն:
Անդին, նոյն թուականին, ուրիշ Զմմառեան միաբան մը՝ Գաբրիէլ վարդապետ Գասպարեան, Հալէպի ջարդին միջոցին մէջտեղ կը նետուէր եւ իր գործունէութեամբ ոչ միայն ջարդին արգելք կը հանդիսանար, այլեւ խլեակները կը հաւաքէր եւ անոնց խնամատարութիւնը կը կարգադրէր, եւ Հալէպի ազգային կազմակերպութեան հիմը կը դնէր եւ ձեռնհասօրէն կը վարէր զայն: Հալէպի մէջ նոյն վարդապետին ազգօգուտ գործունէութիւնը մինչեւ հիմա կը շարունակուի եւ բոլոր հալէպցիները իր անունը օրհնութեամբ կը յիշեն:
Ուրիշ Զմմառեան միաբան մը՝ Կարապետ վարդապետ Պատուհասեան 1922-ի Իզմիրի աղէտին, աննման հերոսութեամբ մը հազար անգամ մահուան դէմ երթալով եւ մահն արհամարհելով, Պոլսոյ Խնամատարութեան կողմէ կը ղրկուի եւ նաւեր վարձելով խիզախօրէն կþերթայ եւ հազարաւոր հայերուն կեանքը փրկելու պատճառ կþըլլայ զանոնք Մուտանիայէն Յունաստան վոխադրելով: Կա՞յ միթէ պոլսեցի մը որ զինքը չճանչնայ եւ յարգանքով չյիշէ իր անունը:
6.1921-ին, Կիլիկիոյ պարպումի թուականին, Զմմառ իր դռները լայնօրէն բացած է Բարեգործականի հարիւրաւոր որբերուն առջեւ՝ ազգային նուիրական պարտականութիւն մը կատարողի հոգեկան անխառն գոհունակութեամբ: Այս խճողումին յառաջ եկած հիւանդութեամբ մը վանքին գրեթէ բոլոր բնակիչները վարակուած եւ տանջուած են, եւ նոյնիսկ նոյն հիւանդութեան արքեպիսկոպոս մը զոհ տուած է վանքը: Սակայն հակառակ այս ամէն բանի(ն), վանքը տակաւին անվարան եւ անգանգատ ուրախութեամբ տրամադիր էր պահելու նոյն որբերը անորոշ ժամանակաւ եթէ Բարեգործականը ինքնաբերաբար այլուր չփոխադրէր զանոնք ամիսներ յետոյ՝ լոկ վանքին մէջ տիրող ջուրի պակասութեան պատճառաւ: Արդ, այդ օրերը տիրապետող արհաւրալից խուճապը եթէ նկատողութեան առնուի, ի՞նչ պիտի ըլլար այդ բազմահարիւր որբերուն վիճակը, եթէ վանքը սրտբաց չընդունէր զանոնք:
- Նոյն թուականին Այնթապէն եկած՝ Եգիպտոսի Որբախնամ Ընկերութեան 180 որբերը մեծամեծ դժուարութիւններու կը բախուին Ճիւնի գիւղին մէջ հաստատուելու՝ տեղական ժողովուրդին ընդդիմութեան պատճառաւ: Նորէն այս պարագային Զմմառն է, որ տեղւոյն վրայ շահած ահագին ազդեցութեան շնորհիւ ազդու կերպով կը միջամտէ եւ տեղացիները համոզելով՝ որբերը հոն կը տեղաւորէ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս կþօգնէ անոնց: Եւ տեսնելով որ որբանոցի(ն) վարչութիւնը տեղական միջավայրին եւ արաբ լեզուին անտեղեակ է, վանքը մասնաւոր գործունեայ վարդապետ մը կը նշանակէ որն անձնուիրաբար տարիէ մը աւելի ինքզինքը կը նուիրէ որբանոցի ծառայութեանց մինչեւ որ վարչութիւնը կը վարժուի գործը վարել:
- … Զմմառի վանք(ի)ն եւ անոր միաբանութեան անհատապէս ազգին մատուցած ծառայութիւններու(ն) շարքը կարելի էր տակաւին շարունակել, բայց կը կարծենք որ ըսուածները լիուլի բաւարար են անոր ազգաշահ դերը ցայտեցնելու համար:
Արդ, այս վանքին վերջին տասներկու տարիներու(ն) մէջ տիրող անողոք տնտեսական տագնապին պատճառաւ եւ ֆրանքի ահաւոր անկումին հետեւանքով որով վանքապատկան կալուածներու վարձքերն ահարկու անկում մը ունեցած են եւ տիրող խեղճութեան պատճառաւ շատ անգամ զանոնք գանձել ալ անհնարին դարձած է՝ վանքը 10.000 օսմանեան ոսկիի (հնչուն) պարտքի մը ներքեւ կը հեծէ: Պարտատէրերը անհամբեր են եւ անպայման կերպով կը պահանջեն իրենց դրամը: Չուանը հայ վանքի վիզին նետած՝ խեղդամահ ընել կþուզեն զայն։ Քիչ ժամանակէն ամէն բան աճուրդի հանելով ծախուած տեսնելու ահաւոր վտանգին առջեւ սահմռկած մնացած ենք, որով երկու հարիւր տարուան հայ օրրան մը պիտի փճանայ եւ անհետանայ…:
Տեղեակ էք այժմ մեր կացութեան, պարզեցինք նաեւ վանքին ունեցած դերը հայութեան հանդէպ: Ձեզի կը ձգենք այլեւս մնացածը: Գիտենք Ձեր սրտին ազնուութիւնը եւ թէ այդ ոսկեղէն սիրտը որքան խանդաղատանօք կը բաբախէ դէպ այն ամէն ինչ որ հայ է: Լաւ կը ճանչնանք նաեւ հայ վանքերու հանդէպ Ձեր ունեցած բարի գուրգուրանքը:
Կը խնդրենք, որ Ձեր բարերար ձեռքերը կարկառէք եւ չթողուք, որ քայքայուի հայ բոյն մը:
Կը հրաւիրենք աստուածային լիառատ օրհնութիւնը Ձեր վրայ, կը մաղթենք, որ Ձեր կեանքը երկրի վրայ աւելի փայլուն, աւելի երջանիկ եւ աւելի երկար ըլլայ՝ միշտ անցաւ եւ անտրտում: Կþաղօթենք, որ Ձեր ամէն գործերը եւ մեծղի ձեռնարկները միշտ պսակուին կատարեալ յաջողութեամբ: Եւ կը հայցենք վերջապէս, հոգով եւ սրտով, որ Ամենակալն Աստուած Ձեր տուածներուն եւ տալիքին փոխարէն հազարապատիկ հատուցանէ լիաբուռն եւ խուռներամ:
Եւ կանխիկ հոգեբուխ շնորհակալութիւններով, կը մնանք Վսեմափայլ Տէրութեանդ յարգալիր ողջոյններով:
Աղօթարար՝
Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ