Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի յատուկ օրհնութեան՝ Վատիկան կատարած այցի ընթացքին: Ասիկա պատուիրակութեան՝ Հռոմ կատարած ծաւալուն այցի մէկ մասն է, որուն ընթացքին կայացած են շարք մը հանդիպումներ Վատիկանի եւ համայնքի առաջնորդներուն հետ:
Վատիկան կատարած այցին ներկայ էին «Աւրորա» հիմնադրամի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյանն ու Ռուբէն Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ «Աւրորա» համաշխարհային ամէնամեայ մարդասիրական մրցանակի երեք դափնեկիրները՝ Թոմ Քաթինա, Մարկերիթա Փարանկիտսէ եւ Չո լա Աունը: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Նորին Գերազանցութիւն կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ:
Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպման ժամանակ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները խնդրեցին Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը: Նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ամենախոցելի եւ ծայրայեղ կարիքի մէջ գտնուող համայնքներու մէջ աղքատութիւնը կրճատելու, առողջապահութիւնը բարելաւելու եւ կրթութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: Պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է նաեւ #AraratChallenge շարժումը, որուն նպատակն է ոգեշնչել մարդոց՝ ներկայացնելու երախտագիտութեան սեփական պատմութիւնը, կատարելով նուիրատուութիւն եւ մաս կազմելով մարդասիրական շարժման:
«Մեզ համար մեծ պատիւ է ստանալ Նորին Սրբութեան յատուկ օրհնութիւնը: Առաջնորդուելով «Երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» գաղափարը տարածելու եւ անոր ազդեցութիւնը առաւելագոյնի հասցնելու յանձնառութեամբ՝ կարեւոր է, որպէսզի մենք սերտ յարաբերութիւններ կառուցենք հոգեւոր, կառավարական, մասնաւոր հատուածներուն եւ մշակոյթի ականաւոր դէմքերուն հետ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ: Այսօր, Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը մեզ թոյլ կու տայ ընդգծել «Աւրորա» նախաձեռնութեան կարեւորագոյն գործունէութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը աւելի մեծ աջակցութեան, քանի որ մենք կ’ընդլայնենք մեր ջանքերը երկարաժամկէտ նպատակներով»,- ըսաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյան:
«Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի եւ Նորին Գերազանցութիւն կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ հանդիպումները լաւ առիթ էին՝ ամփոփելու կատարուածը եւ վերագնահատելու «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործունէութիւնն ու համաշխարհային ազդեցութիւնը: Այնուամենայնիւ, մեր գործը դեռ նոր սկսած է։ Այս ամիս Երեւանի մէջ սպասուող առաջին «Աւրորա» ֆորումին մենք կը քննարկենք համաշխարհային մարտահրաւէրները՝ փորձելով գտնել լուծումներ»,- նշեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը՝ ստեղծուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն անունով եւ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն, կը ձգտի հնարաւորութիւն տալ մերօրեայ հերոսներուն՝ կեանք եւ յոյս պարգեւել անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիք ունին աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, այսպիսով՝ շարունակել մարդասիրութեան շղթան աշխարհով մէկ։
Անդրադառնալով հանդիպման՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ եւ 2017թ. «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Թոմ Քաթինան աւելցուց. «2017-ին միանալով «Աւրորայի» համայնքին՝ ինծի համար պատիւ է անձամբ հետեւիլ այն անհաւանական աշխատանքին, որ կ’իրականացնէ մեր նախաձեռնութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ: Որպէս կաթողիկէ միսիոնար՝ մեծ պատիւ էր այս այցի շրջանակին մէջ հանդիպիլ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին: Աննկարագրելի յուզուած եմ: Միայն համաշխարհային մտքի առաջնորդներուն եւ փորձագէտներուն հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ առաջնագծին վրայ աշխատող անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր է շարունակել մեր աշխատանքը երկարաժամկէտ ապագային»։
Եւս երկու շաբաթ եւ Հոկտեմբեր 14-21-ը Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ առաջին «Աւրորա» ֆորումը։ Այն կը միաւորէ աշխարհի սոցիալական, գիտական, արհեստագիտական, կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն լաւագոյն ներկայացուցիչներուն: Ֆորումի ընթացքին նրանք կը քննարկեն եւ կ’առաջարկեն համաշխարհային ամենահրատապ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նոր լուծումներ եւ հնարաւորութիւններ:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն
«Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրները դեսպան Նազարեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցած են Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար Փիեթրօ կարդինալ Փարոլինի հետ։
Հոկտեմբեր 2-3-ին Վատիկան այցելած էին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ՝ Նուպար Աֆէյանը, Ռուբէն Վարդանեանը եւ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան անցնող երեք տարիներու դափնեկիրները:
Հոկտեմբեր 2-ի առաւօտեան, «Աւրորա»-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն, հանդիպեցաւ դեսպան Կարեն Նազարեանին հետ, որմէ յետոյ մասնակցեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան՝ հնարաւորութիւն ունենալով կարճատեւ հանդիպելու Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսքոս Պապին:
Նոյն օրը «Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրները դեսպան Նազարեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցան Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեային ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն տրուող մրցանակի նպատակները, Երևանի մէջ ամէնամեայ միջազգային հեղինակաւոր այդ մրցանակաբաշխութեան ծրագիրները, որոնք ուղղուած են աղէտներէ եւ ոճրագործութիւններէ մարդկային կեանքեր փրկող մերօրեայ մարդասիրական հերոսներու ու անոնց գործունէութեան խրախուսման։
Հոկտեմբեր 3-ին «Աւրորա»-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ նաև Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կազմակերպած պաշտօնական ընդունելութեան:
«Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Լեւոնեան Վարժարան
Վարժարանի Մեծաւորը ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ուղղուած յորդորը:
Չորեքշարբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութիւնը ծանօթացնող փոքր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայութեամբ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Կարէն Նազարեանի, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու եւ նախորդ տարիներու դափնեկիրներու, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրերու, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորներու եւ հայ ու օտար հիւրերու:
Երեկոն ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»ով եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Մեծաւոր՝ գերյարգելի Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան ներկաներուն ծանօթացուց կազմակերպութեան հիմնական նպատակը եւ գնահատեց անոր գործունէութիւնը ըսելով. «Այս բարոյական ազդակը մեր ինքնագիտակցութեան մէջ, ի վերուստ տրուած է՝ իբրեւ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, հետեւելով մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի խօսքերուն ուղղուած հարուստ երիտասարդին . «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, վաճառէ քու ինչքերդ ու աղքատներու տո՛ւր, այսպիսով գանձ կ’ունենաս երկնքի մէջ»: Այս վառ օրինակին եւ Ս. Պօղոսի պատուէրին՝ «Ձրի առիք. Ձրի տուէ՛ք» հետեւելով դուք եւս Ս. առաքելութիւն մը կը վարէք»:
Վարժարանի մեծաւորը իր խօսքին աւարտին ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ուղղուած յորդորը, ուր Հայրապետը կ’արժեւորէ «Աւրորա» կազմակերպութեան «Արարատ Չալընճ» ծրագիրը:
«Աւրորա» կազմակերպութեան անունով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հանդէս եկան «Աւրորա»ի հիմնադիրներէն՝ տիար Ռուբէն Վարդանեան եւ տիար Նուպար Աֆէեան, աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնելով իրենց վսեմ աշխատանքն ու ապագայի տեսլականը: Ելոյթներուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր իտալական «Ի Բաձձի» լարային անսամպլը հնչեցուց Կոմիտաս Վարդապետի «Օրօր», «Գարուն ա», «Հո՜յ Նազան» եւ «Կռունկ» երգերը, ղեկավարութեամբ՝ Մայէսթրօ Գարլօ Ալպէրթօ Ճոճայի եւ մենակատարութեամբ՝ Օրդ. Մարինէ Գրիգորեանի:
Մօտ մէկ ժամ տեւող յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան Լեւոնեան վարժարանի ներքնափակին մէջ։
Քաղուած Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի դիմատետրէն