ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԾԱՆՕԹ ԵՒ ԱՆԾԱՆՕԹ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ  ԾԱՆՕԹ ԵՒ ԱՆԾԱՆՕԹ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

…………………………………

Վատիկանի մօտիկ դէտեր եւ վերլուծաբաններ դարձեալ շատ զգուշութեամբ անդրադարձան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած մէկ ժամ խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած նիւթերուն։ Պաշտօնական լրատուութեան համաձայն, քննարկուած են բնապահպանութեան խնդիրները, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելլայի կացութիւնները։ Ասիկա Փութինի երրորդ պաշտօնական այցելութիւնն էր Վատիկան եւ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Առաջին երկու հանդիպումները տեղի ունեցած էին 25 Նոյեմբեր 2013-ին եւ 10 յունիս 2015-ին։

Սուրբ Աթոռը եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատած էին 1990-ին, բայց ոչ լիակատար։ Ասիկա տեղի ունեցած էր 2009-ին։ Ասկէ առաջ, Փութին արդէն երեք անգամ այցելած էր Վատիկան։ Ե՛ւ 2000-ին ե՛ւ 2003-ին ընդունուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ, իսկ 2007-ին Բենեդիկտոս ԺԶ.ին կողմէ։ Շատ բնական է որ իւրաքանչիւր հանդիպումի օրակարգին վրայ գտնուէին օրուան հրատապ խնդիրները եւ մասնաւորաբար խաղաղութեան որոնումը խռովայոյզ շրջաններուն մէջ։ «Խաղաղութեան խնդիրը երբեք չի կրնար բացակայիլ Պապի հանդիպումներու օրակարգէն, որովհետեւ Պապը շատ նախանձախնդիր է ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններուն» ըսած էր Մոսկուայի Փաուլօ Փեզզի Արքեպիսկոպոսը «Վատիկան Նիուզ»ին։ Յայտարարուած էր որ 2013-ին տեղի ունեցած խօսակցութեան ընթացքին՝ յատուկ ուշադրութիւն ընծայուած էր «խաղաղութեան որոնումին Միջին Արեւելքի մէջ» եւ «Սուրիոյ ծանրակշիռ կացութեան»։ Փութինի մէկ բանբերին՝ Եուրի Ուշաքովին համաձայն, Ռուսաստանի նախագահին առաջարկով քննարկուած պիտի ըլլայ «շտապ ստեղծումը քաղաքացիական կառոյցի մը՝ մարդասիրական օգնութիւններ կազմակերպելու համար Սուրիոյ կռիւներուն հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ երկրի քրիստոնէական սրբավայրերու պահպանումին եւ վերաշինութեան համար»։ Այսուհանդերձ, դժուար է հաւատալ որ խօսակցութիւնը շօշափած չըլլայ նաեւ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները, ինչպէս տեղի ունեցած էր 2007-ին՝ Բենեդիկտոս ԺԵ.ի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Հակառակ անոր որ պաշտօնական լրատուամիջոցները ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարեցին այս հաւանականութեան, այս հանդիպումին առիթով դարձեալ պիտի կատարենք այն հարցադրումը զոր այն ժամանակ կատարած էինք._ Փութինին հանդիպումը Պապին հետ պիտի ծառայէ՞ հարթելու այս վերջնոյն այցելութիւնը Մոսկուա։

Փեզզի արքեպիսկոպոսին կարծիքով, հաւանական չէ որ Վլատիմիր Փութին Պապը Ռուսաստան հրաւիրէ, որովհետեւ, կ’ըսէ ան. «չեմ կարծեր որ Ռուսաստանի նախագահը նման նախաձեռնութիւն մը կատարէ առանց կանխօրօք Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յստակ հաւանութիւնը առած ըլլալու»։ Արքեպիսկոպոսին կարծիքով, Պապն ալ կը խորհի որ ամէն երկրի քաղաքական իշխանութեան կ’իյնայ պաշտօնական հրաւէր մը կատարել, սակայն այս պարագային Պապը կը սպասէ որ կրօնական իշխանութենէն գայ հրաւէրը։ Իսկ, Ռուսաստանի Ուղղափառ Եկեղեցիին կողմէ ոչ մէկ պաշտօնական հրաւէր տրուած է մինչեւ հիմա։

Վատիկանեան փրոթոքոլին յատուկ շատ հանդիսաւոր ընդունելութեան արժանանալէ ետք, Փութին Պապին հետ ունեցաւ գլուխ-գլխի դռնփակ խօսակցութիւն մը։ Անոնք ողջունեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացումը։ Այս զարգացման նորագոյն մէկ վկայութիւնը հանդիսացաւ այս առթիւ, Վատիկանի «Պամպինօ Ճեզու» մանկաբուժական հիւանդանոցին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մանկաբուժական հիւանդանոցներուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը։ Այնուհետեւ, ըսուեցաւ թէ դռնփակ խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած են նաեւ Ռուսաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւող կեանքին վերաբերեալ կարեւոր խնդիրներ, առանց յաւելեալ մանրամասնութեան։

Պապին եւ Ռուսաստանի նախագահին միջեւ դռնփակ խօսակցութեան յաջորդեց երկու պատուիրակութիւններուն ներկայացումի եւ նուէրներու փոխանակման արարողութիւնը։ Փութին Պապին նուիրեց Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները ներկայացնող սրբանկար մը եւ Միքայէլ Հրեշտակի կեանքին նուիրուած «ՄԵՂՔԸ» ժապաւէնը, որուն բեմադրիչը Անտրէյ Քոնշալովսքին է։ Պապը իր կարգին Փութինին նուիրեց 2019-ի համաշխարհային Խաղաղութեան Օրուան իր Պատգամը, իր գահակալութեան վեցերորդ տարուան մետալը, որ նուիրուած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտի հարիւրամեակին՝ «Ոչինչ կորսուած է խաղաղութեամբ, իսկ ամէն ինչ կրնայ կորսուիլ պատերազմի մէջ» արձանագրութեամբ, ինչպէս նաեւ Ճիուզեփփէ Ուազիի 1774-ի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէկ փորագրանկարը, «որպէսզի չմոռնաք Հռոմը» ըսաւ Պապը զայն յանձնելու պահուն։

Ինչպէս կը տեսնուի, Պապին եւ Փութինին միջեւ հանդիպումը ջերմ եղաւ, ջերմութիւն մը որուն զարգացումը ուշ կամ կանուխ կրնայ յանգիլ Պապին ուղղուած Մոսկուա այցելելու հրաւէրի։