ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿԻՆ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ԵՐԱՆԵԼԻ  ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿԻՆ

Նախագահութեամբ Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան, Կիրակի, 11 Օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զմմառու Մայրավանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Երանելիին նուրուած յուշ-երեկոյ:

Յուշ-երեկոյին ներկայ էին պետական նախարարներ Տիարք՝ Աւետիս Կիտանեան, Ռիշար Գույումճեան, պետական բարձրաստիճան այրեր, երեսփոխաններ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, մարոնիներու Մար Պշարա Պութրոս Րաաի Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Եուհաննա Ռաֆիք Ալ Ուարշա առաջնորդը, Պէյրութի լատիններու թեմի առաջնորդ Արհի. Տ. Սեզար եպս. Եսայեան, Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց եւ կղերից դասը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները, գլխաւորութեամբ մեծաւոր մօր՝ Արուսեակ Սաճոնեանի, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, հայկական կւսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ,բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական մշակներ եւ հայորդիներ:

«Տէրունական աղօթք»ով եւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ ընթացք առած յուշ-երեկոյին բացման խօսքը արտասանեցին հայերէնով՝ դպրեվանքի Տեսուչ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, արաբերէնով՝ փոխտեսուչ Հ. Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան։ Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին դպրեվանքի պատմութիւնը։ «270 տարի առաջ՝ 1749-ին, Միջին Արեւելքի մէջ հիմնադրուած՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանական համալիրի յարկին տակ՝ 1750-էն գործող տարածաշրջանի առաջին հայկական հոգեւոր ճեմարանը՝ դարբնոցը հանդիսացաւ խումբ մը անզուգական Զմմառեան միաբաններու, որոնք իրենց անձնուէր եւ ազգանուէր գործունէութեամբ՝ սփիւռքի տարածքին եւ ներկայիս Մայր Հայրենիքի մէջ եւս՝ իրենց նշանակելի աւանդը բերին ազգապահպանութեան եւ մարդակերտման նուիրական գործին: 2001-ին, կրթօճախի ժառանգաւորաց բաժինը վերաիմաստաւորուեցաւ՝ վերանուանուելով նուիրեալ միաբան վարդապետի, Մեծ Հայու՝ Իգնատիոս Մալոյեանի անունով: Ան իր նահատակութեամբ վկան դարձաւ՝ վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց զոհաբերումին, որով 2001 Հոկտեմբեր 7-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ Երանելի հռչակուեցաւ» ըսին հայր սուրբերը եւ Երանելիին բարեխօսութիւնը հայցելով եզրափակեցին իրենց խօսքը:

Ապա Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեան ընթերցեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սոյն տօնին առթիւ յղած ուղերձը, ուր ըսուած է մասնաւորաբար. «1915թ. ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդի եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ողբերգական ու սարսափելի էջերից մէկն է, որը պատմում է, թէ որքա՛ն ծայրայեղօրէն տարբեր կարող է լինել Մարդը: Այս պատճառով, յիշողութեան մէջ անդրադառնալով անցած դարասկզբի դէպքերին, մենք վեր ենք հանում ոչ միայն դաժան եւ արիւնարբու պատկերներ, այլեւ մարդկային հոգեւոր սխրանքի օրինակներ, որպէսզի դրանցով կրթուեն, դաստիարակուեն եւ ոգեշնչուեն մեր մանուկները եւ երիտասարդները:

«Նահատակուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը այն հայն էր եւ հոգեւորականը, որի օրինակը կարող է ուսանելի լինել թէ՛ դպրեվանքի սաների եւ թէ՛ ցանկացած հայի համար:

Ապրել գաղափարի համար, ապրել ոգեղէն կեանքով եւ սփռել կրթութեան լոյսը մեր ժողովրդի երկնաշնորհ առաքելութիւնն է: 1750 թուականին հիմնուած Միջին Արեւելքի առաջին կրթօճախը հանդիսացող Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան դպրեվանքը դրա լաւագոյն ապացոյցներից մէկն է: Կրելով Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անունը՝ դպրեվանքը մի կողմից արձանագրում է իր ձեռքբերումները դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործում, միւս կողմից՝ նախանշում է իր հետագայ ընթացքը, գործունէութիւնը, իր ապագան:

«Թո՛ղ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած սոյն յուշ-երեկոն եւս մէկ առիթ հանդիսանայ գիտակցելու եւ իմաստաւորելու մեր կորուստները եւ ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ հետագայ նպատակները եւ խնդիրները:

«Արագընթաց փոփոխութիւնների այս դարում չարի դէմ պայքարը չի վերանում: Սեփական գոյի, տեսակի համար մաքառումը շարունակւում է: Եւ այս իմաստով մեծ է դպրեվանքի եւ քարոզուող բարոյական ու մարդկային օրինակների դերը»:

Ուղերձին յաջորդեց ժառանգաւորաց երգչախումբի կատարողութեամբ «Տէր Ողորմեա» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Օրուան բանախօս՝ Ժագ Քէշիշեան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազննին ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Երանելիին վարքը, ծաւալած գործունէութիւնը, նահատակութիւնը եւ երանելիացումը ըսելով. «1915 թուին, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարումի եւ հայ ժողովուրդի ուսին ծանրացած անագորոյն լուծի մռայլ օրերուն՝ Երանելի Մալոյեան, իր կեանքի 46-րդ տարին, ցեղասպան թուրքին խարդաւանանքին զոհ գնաց: 2019 թուականը կը յատկանշուի Երանելի Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի յիշատակումով: Աւազանի անունով՝ Շուքրալլա Մալոյեան ծնած է Մարտին 1869-ին, 1883-ին կ’ընդունուի Զմմառու դպրեվանք: 1896-ին, ուսումը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք քահանայ կը ձեռնադրուի, ստանալով Իգնատիոս անունը: 1911-ին, Մարտին քաղաքի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն եպիսկոպոս կ’ընտրուի եւ օծումը կը ստանայ Հռոմի մէջ: 1912-ին, կը մեկնի Մարտին, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն Առաջնորդական պաշտօնը: Ան իր անսասան հաւատքով, անսպառ եռանդով, հեղինակութեամբ եւ եղերական վախճանով՝ հայ ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակներուն դասին միացաւ»:

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ բանախօսութեան ընթացքին ուր՝ Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ հոգեւոր Ճեմարանի դպրեվանեցիները ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը, Արամ Սաատոն մեներգեց «Տլէ Եաման»ը, իսկ Նշան Հաննէշեան «Ils sont tombés»ն, Գէորգ Ներսէսեան «Հրեշտակային»ը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Պետրոս Մարաաշլի Հատտատի:

Ապա ցուցադրուեցաւ Երանելի Մալոյեանին նուիրուած տեսանիւթ:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան արաբերէնով աղօթք մը բարձրացուց առ Աստուած: Այնուհետեւ ժառանգաւորաց երգչախումբը հնչեցուց Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» ողբերգը, ապա հանրութիւնը միասնաբար արտասանեցին Մալոյեանի ձօնուած աղօթքը:

Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի «Պահպանիչ»ով եւ Երանելիին ձեռաց խաչի օրհնութեամբ վերջ գտաւ օրուան յուշ-երեկոն: Աւարտին ներկաները ստացան Մալոյեանի մասունքով պատրաստուած դիմանկարը։