Հայր ՆԱՐԵԿ Վրդ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ
Ժողովրդապետ՝
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ
Ձիթենին խորհրդանիշն է խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ բարեկամութեան: Անոր ազնուական պտուղներէն քամուած հիւթը, խառնուած բալասանի եւ քառասուն տեսակ ծաղիկներու նեկտարին, կը կազմեն Հայ Միւռոնը:
Սրբալոյս Միւռոնը մեր հայու հոգին անպարտելի պահող անգերազանցելի հոգեկան աւիշն է ամէն տեսակ չարին դէմ: Ան կը խորհրդանշէ միութիւնը հայութեան: Բոլոր հայ քրիստոնեայ երախաները, դարերէ ի վեր, իրենց ճակտին կը ստանան լուսակաթ, մեղրագոյն արտօսրը քաւութեան՝ Ս. Միւռոնը:
Հայուն համար՝ Ս. Միւռոնը ունի կենսական կարեւորութիւն: Անիկա մանուկին ճակատէն կը սրբէ ադամական՝ սկզբնական մեղքը, հիւանդներ կը բժշկէ, ցաւեր կը դարմանէ, սուգեր կը փարատէ, չարիքին չքացման կը նպաստէ եւ Աստուծոյ թագաւորող ձեռքը իբր հովանի կը տարածէ մեր հոգիին եւ սրտին վերեւ: Հայ հաւատացեալը մեծ ջերմեռանդութեամբ ու հաւատքով կը մօտենայ Ս. Միւռոնով օրհնուած Ս. Աւազանին՝ Յունուար 6-ին, ու անոր ջուրէն՝ իբր ցաւերու բուժիչ եւ վէրքերու բալասան՝ կը խմէ ու կը քսէ իր ցաւած մարմնին վրայ:
Մեր հայրապետները Աստուծոյ Ս. Սեղանները սրբալոյս Միւռոնով կ’օծեն, անոնց առջեւ կ’աղօթեն ու Ս. Պատարագ կը մատուցանեն: Հայ հաւատացեալը իբրեւ հոգեւոր պետ կ’ընդունի, որովհետեւ անոր աջն ու ճակատը օծուած են Ս. Միւռոնով։ Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն համար բացառիկ օր մըն է Միւռոնօրհնութեան Օրը, որ յառաջիկայ 8 Սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի պիտի ունենայ Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ:
Ս. Միւռոնը, հոգեւոր դիտանկիւնէն զատ, բացառիկ խորհրդաւորութիւն եւ ընդհանրացած ժողովրդական նշանակութիւն ունի մեզի համար ազգային տեսակէտէն դիտելով: Հայ ազգը շրջապատուած ըլլալով այլակրօն ու այլադաւան ազգերով, աշխատած է ինքնութիւնը պահելու համար որոշ տարբերութիւն մը դնել իր եւ օտարներուն միջեւ՝ Ս. Միւռոնի դրոշմով:
Աւանդութեամբ մեզի հասած տեղեկութեան համաձայն, կը կարդանք որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եղած է առաջին օրհնողը Ս. Միւռոնին: Բայց երբ եւ ինչպէս՝ չենք գիտեր: Պատմական տուեալ ունինք միայն Լուսաւորչի որդի՝ Վրթանէս Կաթողիկոսի մասին, երբ Երուսաղէմի Մակար Պատրիարքը նամակ մը կը գրէր Հայոց հայրապետին եւ կ’ըսէր. «Սրբութեան Իւղը» պէտք է որ եպիսկոպոսապետը միայն օրհնէ, կամ բացառիկ պարագաներու մէջ, եպիսկոպոսապետի հրամանով, երկու կամ երեք եպիսկոպոսներ միասնաբար օրհնեն, քահանաներու եւ եպիսկոպոսներուն ձգելով միայն հասարակ իւղի օրհնութիւնը, որ կը գործածուի հիւանդներ օծելու համար:
Ը. Դարուն, Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոս, իր ժամանակին կատարուած ինչ-ինչ զեղծումներու առաջքը առնելու համար, կը հրահանգէր որ Ս. Միւռոնը, այսինքն «անուշահոտ Իւղը» միայն եպիսկոպոսապետը՝ Կաթողիկոսը օրհնէ:
Յովհաննէս Իմաստասէր Օձնեցի կաթողիկոսի օրով, 719 թուականին գումարուած Դուինի Ե. Ժողովին մէջ, խնդրոյ առարկայ կը դառնայ Միւռոնի օրհնութիւնը՝ խանգարումներու առաջքը առնելու հարցը եւ կ’որոշուի Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը միայն կաթողիկոսին վերապահել, տարին մէկ անգամ, Աւագ Հինգշաբթի օրը բաշխել եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն, Ս. Սեղան, եկեղեցի, խաչ օրհնելու եւ օծելու համար:
768 թուականին, Պարտաւի ժողովին մէջ՝ Սիոն Ա. Բաւոնցի կաթողիկոսին օրով, դարձեալ նիւթ կը դառնայ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը, որովհետեւ հակառակ հաստատուած սովորութեան՝ կրկին անկարգութիւններ տեղի կ’ունենային. քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ միւռոն կ’օրհնէին, կամ կաթողիկոսին օրհնուած Միւռոնին վրայ, իրենց կողմէ յաւելումներ կը կատարէին: Սոյն ժողովի Ե. Կանոնը կ’արգիլէ եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն՝ Միւռոն օրհնելը եւ կը հրահանգէ սրբազան հայրապետներուն համաձայն, կաթողիկոսէն միայն ստանալ Միւռոնը:
Գեղեցիկ աւանդութիւն մը կայ, որ կ’ըսէ թէ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս (1019 – 1058 թ.), Վասիլ Բ. Կայսեր հրաւէրով Տրապիզոն կ’երթայ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ջրօրհնէք կատարելու: Երբ կաթողիկոսը կը սկսի Ս. Միւռոնը գետին մէջ կաթեցնել, լոյսի ճառագայթներու մեծ ցնցուղ մը կը փայլատակէ չորս դին, եւ ներկայ հաւատացեալները կը տեսնեն, հայ թէ յոյն, թէ «ո՛չ միայն սաստիկ հուր ցոլաց ջուրին վրայ, այլեւ գետը վայրկեան մը կապուեցաւ ու անշարժ մնաց՝ իբրեւ երկնային ապացոյց Հայոց Միւռոնին սրբութեան:
ԺԱ. Դարուն, Անի մայրաքաղաքին անկումով, Բագրատունեաց թագաւորութիւնը վերջ կը գտնէր: Գագիկ Բ. կ’արգելափակուէր Կ. Պոլսոյ մէջ: Յոյներ՝ առանց քաղաքական իրենց շահը նկատի առնելու՝ կուրօրէն Հայ Բագրատունի թագաւորութիւնը կործանելէ յետոյ՝ կ’ուզեն նաեւ դարերու իրենց երազը իրականացնել՝ Հայ եկեղեցին ձուլելով Յոյն Եկեղեցւոյ հետ: Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս Կ. Պոլիս կը կանչուի: Ան գուշակելով Հայ Եկեղեցւոյ գլխուն գալիքը՝ 400 լիթր միւռոն կը պահէ Անիի մօտ՝ Ախուրեան գետին յատակը, որպէսզի հակառակ պարագային եթէ յոյները չարտօնեն իրեն վերադառնալ եւ իր յաջորդին՝ Խաչիկ Բ. Անեցի կաթողիկոսին արգիլեն Միւռոն օրհնել՝ հայեր Միւռոնի պակաս չունենան, իրենց ինքնուրոյնութիւնը շեշտող գլխաւոր սրբութիւն մը:
Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին օրով (1166 – 1173թ.), 1172-ին յոյն պատգամաւորներ Հռոմկլա կը հասնին, իրենց հետ բերելով Մանուէլ կայսր եւ Միքայէլ պատրիարքի նամակները, ինը գլուխներէ բաղկացած առաջարկներով, եկեղեցական միութիւնը վերջնականապէս կարգադրելու համար:
Առաջարկին 5-րդը կը վերաբերի Ս. Միւռոնի պատրաստութեան: Յոյները կ’առաջարկեն որ Ս. Միւռոնի պատրաստութիւնը ձիթենիի պտուղներէն ըլլայ, այսինքն՝ անխարդախ ձէթով: Հայաստանի ցուրտ կլիմային պատճառաւ ձիթենին հազուագիւտ ըլլալով՝ Միւռոնը երբեմն պատրաստուած էր շուշմայի բուսային ձէթէն եւ ոչ թէ ձիթենիի իւղէն: Ս. Շնորհալի կաթողիկոս կը պատասխանէ Յոյներուն.
«Նիւթը չունի որեւէ զօրութիւն, այլ Հայրապետին աղօթքն ու օրհնութիւնն է որ աստուածային շնորհքը կը միացնէ ձէթին հետ, ուրեմն առաւելութիւն կամ պակասաւոր չկայ եթէ ձէթը ծառէն ըլլայ կամ բոյսէն»:
Սարգիս Շնորհալի (ԺԲ դար)՝ չորս տեսակ իւղ կը յիշէ. Առաջինը՝ սրբալոյս Միւռոնը, երկրորդը՝ երեխաները օծելու իւղը, երրորդը՝ հիւանդաց իւղը եւ չորրորդը վախճանելուն իւղը:
Հայուն բովանդակ կեանքը եղած է տառապանքներու եւ հալածանքներու շղթայ մը: Հայ Կաթողիկէ Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի փոխադրութենէն ետք դէպի Զմմառ՝ Լիբանան, 1749-ի վեր, տասնեակ հայրապետներ օրհնած են սրբալոյս Միւռոնը մայրավանքէն ներս ու 270 տարիներու ընթացքին մեր սուրբ եւ ուղղափառ հաւատքը պահած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ անկէ «պլպլացող ու միշտ պլպլալիք կանթեղ»ին հանդէպ:
Մայր Հայրենիքէն հեռաւոր հորիզոններու օտար ափերուն վրայ ցրուած հայ հաւատացեալ բեկորներուն գութ եւ սէր, դեղ ու բալասան, մխիթարութիւն եւ սփոփանք պիտի ըլլայ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը ձեռամբ՝ Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեան Կաթողիկոս Պատրիարքի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ բաշխումը ի սփիւռս աշխարհի Զմմառու հնադարեան մայրավանքէն:
Թող սրբալոյս Միւռոնը հայ ժողովուրդին մէջ ծագեցնէ սիրոյ, համերաշխութեան ոգին եւ ըլլայ զօրաւոր կապը որ անքակտելիօրէն կը միացնէ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները:
Թող սրբալոյս Միւռոնը մաքրէ մեր սրտերը, լուսաւորէ մեր մտքերը, սրբացնէ մեր կեանքը ու մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութիւն, ճշմարտութիւն ու յաւերժութիւն: