ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
«Եկեղեցին Հայկական»
Ֆոլթըն Ճոն Շին (1865-1979) կաթողիկէ արքեպիսկոպոս մըն էր, ամերիկացի։
Արտասովոր եւ շնորհապարգեւ եկեղեցական՝ պատկառանք եւ հիացում կ’ազդէր ամէնուրեք, ուր կը քարոզէր։
Եղաւ այն եկեղեցականներէն մին, որ գիտցաւ գերազանցօրէն կիրարկել ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը որպէս միջոց՝ փոխանցելու համար գեղեցկութիւնը Քրիստոսի աստուածային պատգամին։
1930 թուականէն սկսեալ, ամէն կիրակի իրիկուն կը վարէր յայտագիր մը, որ «Կաթողիկէ Ժամը» կը կոչուէր, ինչպէս նաեւ, նմանօրինակ յայտագիր մը՝ 1950-էն սկսեալ, «Կ’արժէ կեանքը ապրիլ» խորագիրով՝ հեռատեսիլէն։
Եւ իսկապէս ալ, կեանքը կանգ կ’առնէր քաղաքին մէջ, ամէն անգամ որ կը խօսէր հեռատեսիլէն։ Երեսուն միլիոն մարդիկ հեւ ի հեւ կ’ունկնդրէին իր քարոզները։ Եւ Ֆոլթըն Ճոն Շին կը գոչէր, թէ հիւանդ մարդկութեան միակ դեղը կը կոչուի Քրիստոս։
1979-ի սեպտեմբեր 20-ին կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 60-ամեակը, ու կ’ըսէ խոնարհաբար. «Կը սիրեմ կեանքը, բայց կ’ուզեմ այլեւս Տէրը տեսնել, դէմ առ դէմ»։
Պիտի վախճանի երեք ամիս ետք՝ սրբութեան բոյրով համակելով այն դարը, որուն մէջ ապրեցաւ։
Ահաւասիկ իր հոգիէն բխած էջ մը, գտնուած պատահաբար հին տետրակի մը մէջ. մասնիկ մը՝ իր հոգեւոր կեանքէն։
ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԱՅ ԳԱՄՈՒԱԾ՝ ԽԱՉԻ ՄԸ ՎՐԱՅ
Օրուան մէջ, թէ գիշերային պահերուն,
Շուրջս մինչդեռ լռութիւն կը տիրէ,
Հառաչանք մը կը լսուի խաչին վրայէն,
Որ զիս կը խոցէ ու սարսէ։
Առաջին անգամ երբ լսեցի,
Դուրս սլացայ բնակարանէս,
Ու գտայ՝ չորս կողմ փնտռելով,
Մարդ մը գամուած՝ խաչի մը վրայ։
«Թոյլ տուէք որ ձեզ խաչէն վար առնեմ»
Ըսի Խաչեալին, ու փորձեցի դաստակներէն
Գամերը հանել։ Բայց Ան պատասխանեց.
«Թո՛ղ հո՛ն, ուր որ են, որովհետեւ
Պիտ’ իջնեմ խաչէն լոկ այն ատեն,
Երբ ողջ մարդկութիւնը միանայ,
Ու խաչէն վար առնէ՝ միասին»։
Հարց տուի, թէ ի՛նչպէս պիտի կարենայի
Դիմանալ իր հառաչանքներուն,
Իրեն ըլլալ օգտակար եւ ինչպէս կրնայի։
«Գնա՛» ըսաւ, «շրջէ աշխարհիս վրայ,
Եւ ըսէ՛ բոլոր անոնց, որոնց հանդիպիս, թէ
Մարդ մը կայ գամուած՝ խաչի վրայ»։
Հայացուց՝ Վարդան Քէշիշեան