ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ՅԻՍՈՒՆ ԱՄԵԱԿՆ Է

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ  ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ  ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ՅԻՍՈՒՆ ԱՄԵԱԿՆ Է

Հայաստանի մշակութային օրացոյցին վրայ Փետրուար 19-ը տօն է` «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան: Բանաստեղծ, արձակագիր, գրական-հասարակական գործիչին 150-ամեակը Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ, ուր եւս ան ապրած ու ստեղծագործած է, պիտի նշուի յոբելենական ձեռնարկներով:

Թումանեանի ծննդավայր Դսեղի մէջ մեծարանքի ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Յարգանքի տուրք ու գրական-ստեղծագործական ժառանգութեան արժեւորման ձեռնարկներ պիտի մեկնարկեն ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Թիֆլիսի մէջ:

Յովհաննէս Թումանեան ծնած է 1869 թուականի Փետրուար 19-ին Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղին մէջ՝ հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած էր Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883-ին, անցած է Թիֆլիս շարունակելու ուսումը Ներսիսեան Ճեմարանէն ներս (մնացած է թերաւարտ)։ Շրջան մը վարած է քարտուղարի պաշտօն, ապա ամբողջովին նուիրուած՝ գրականութեան։

Ոչ մէկ ջանք խնայած է՝ Եղեռնէն փրկուած եւ Էջմիածինի մէջ հաւաքուած իր ազգակիցները տեղաւորելու եւ զանոնք սնունդով ապահովելու համար։ Այդ առիթով է, որ ինքզինք կոչած է «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»՝ կաթողիկոսին հետ վէճի մը ընթացքին։

1888 թուականին, տասնինը տարեկան հասակին, Թումանեան կ’ամուսնանայ տասնեօթամեայ Օլկա Մաճկալեանի հետ։ Անոնք կ’ունենան 10 զաւակ:

«Բանաստեղծութիւններ» վերնագիրով լոյս տեսած են իր գործերը մէկէ աւելի անգամներ։ Իր լաւագոյն գործերէն կը նկատուին՝ «Անոյշ», «Սասունցի Դաւիթ», «Թմկաբերդի Առումը», «Փարվանա» վիպերգները, «Շունն ու Կատուն», «Մի Կաթիլ Մեղր»ը  եւ «Գիքոր» պատմուածքը։

Թումանեանը գրած է հեքիաթներ, վիպերգներ, պատմուածքներ, առակներ, դիւցազներգութիւններ։ Իր գործերուն հիմնական նիւթերն են հայրենի բնութիւնը, ժողովուրդը իր բարքերով, հերոսներով եւ աւանդութիւններով։

 

Քաղուած «Եռագոյն»էն եւ «Վիքիպեդիա»էն

 

ԹՈՂ ԻՄԱՆԱՅ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԵՐԿԻՐ

 

Թէպէտեւ բախտը մեզ շատ հարուածեց

Երկար դարերով, ահեղ հարուածով,

Թէպէտեւ էապէս ցրուեց, տարածեց,

Ձըգեց հողէհող, փըռեց ծովէծով։

 

Վկայ է սակայն բովանդակ երկիր,

Որ մենք կարեվեր ապրում ենք կրկին,

Եւ ուր հասնում է հայի գիրքն ու գիր —

Կենդանի է դեռ Հայութեան ոգին։

 

Եւ թարմ աղմուկով մանկունք մեր մատաղ

Առաջ են խաղում լուսաւոր տենչով,

Եւ թնդում են դեռ հայի երգն ու տաղ

Հարազատ լեզուով, հայրենի շընչով։

 

Եւ իր փըլատակ տըների տակից

Ելնում է ահա հզօր ժողովուրդ,

Իր վեհ ճակատին տանջանք ու թախիծ,

Խորունկ հայեացքում մեծ կեանքի խորհուրդ։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ