ՀԱՅՈՐԴԻ
“ԱՌԱՋԻՆ ԼԱՒ ՔԱՅԼ”ԷՆ ԵՏՔ ՅԱՋՈՐԴ “ԼԱՒ ՔԱՅԼԵՐՈՒ” ՍՊԱՍՈՒՄ…
ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ
– Բանիմաց մարդ ես։ Գիտես որ լիբանանեան խորհրդարանը անցեալ ամիս վաւերացուց ընթացիկ տարուան պետական պիւտճէն եւ կը յուսացուէր որ անկէ ետք քաղաքացիներուն վիճակը քիչ թէ շատ պիտի բարելաւուի, մինչդեռ ճիշդ հակառակն է որ պատահեցաւ… տուրքերը աւելցան, գիները բարձրացան եւ ապրուստը աւելի սղեցաւ։ Եթէ ինծի պէս տան գնումները ընողը դուն ըլլայիր ըսածս կը հաստատէիր…։ Ի՞նչ կ’ըսես։
– Կ’երեւի պէտք է քիչ մը սպասել։
– Մինչեւ ե՞րբ…։
– Չեմ գիտեր, բայց Համաշխարհային Դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանային տնօրէնին կարծիքով լիբանանեան Խորհրդարանին ըրածը «առաջին լաւ քայլ մըն է» պայմանաւ որ քուէարկուած պիւտճէով նախատեսուած միջոցառումները չուշացնեն։ Ան շեշտեց մանաւանդ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան կառավարական ծրագրին գործադրութեան կարեւորութիւնը։ Լիբանանին զօրակցութեան միջազգային խմբակն ալ ողջունեց պիւտճէին վաւերացումը հոգ չէ թէ ուշացումով եւ զայն որակեց «ստիպողական առաջին հանգրուան մը, լիբանանցի ժողովուրդին զոհողութիւնները թեթեւցնելու ճամբուն վրայ»։
– Որքան հասկցայ, նորէն սպասել մը կայ, այս անգամ երկրորդ «լաւ քայլին»։ Յուսանք որ այս քայլը չուշանայ…։
– Այդ սպասուած երկրորդ քայլն էր թէ ոչ, չեմ գիտեր, բայց բոլոր կուսակցութիւններու եւ հոսանքներու ղեկավարներուն Պաապտայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահին նախագահութեամբ գումարուած բացառիկ ժողովէ մը ետք, վարչապետ Հարիրի երկրին մէջ «տնտեսական արտակարգ վիճակ» յայտարարեց…։
– Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
– Դարձեալ չեմ գիտեր։ Հաւանաբար կը գիտնանք երբոր արդիւնքները կամ հետեւանքները տեսնենք։
– Ուրեմն նորէն սպասել մը կայ, բայց մինչ այդ տոկալու հարց ալ կայ…։
ԵԹԷ ԿՐՆԱՔ ՀԱՒԱՏԱՑԷՔ…
– Դուն ընդհանրապէս լաւատես ես։ Տեսնենք թէ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար եւ նախարար ու երեսփոխան Ժպրան Պասիլի վերջերս կատարած հաւաստիացումին կը հաւատա՞ս։
– Ի՞նչ ըսաւ որ…։
– Անցեալ ամիս, իր գլխաւորած Հզօր Լիբանան Համախմբումի մէկ ժողովէն ետք, որուն ընթացքին քննարկուած են «երկիրը յուզող հարցեր» ինչպէս կ’ըսեն սովորաբար…, Ժպրան Պասիլ ըսած է որ իրենք կ’աշխատին մշակել 2020 ի պետական պիւտճէն եւ աւելցուցած է որ «պէտք է վաւերացնել նաեւ Մըքքենզիի ծրագիրը եւ մեկնարկել ելեկտրականութեան նուազուրդը, ինչպէս նաեւ աղբահանման ծրագիրը»։ Կայ աւելի կարեւորը։ Ան ըսած է որ Հզօր Լիբանան համախմբումը պիտի ներկայացնէ օրինագիծ մը,, որուն համաձայն «լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարները խորհրդարանին պիտի վերադարձուին»։ Ի՞նչ կ’ըսես…։
– Թէեւ լաւատես մարդ եմ, բայց այս բոլորի մասին կեանքի փորձն ու փորձառութիւնը ինշալլայէն աւելին ըսելու իրաւունք չի տար։
ՀԱՆԵԼՈՒԿ
– Տեղ մը աղբ կայ, աղբանոց չկայ։ Ուրիշ տեղ մը աղբանոց կայ, աղբահաւաք չկայ։
– Ասոր պատասխանը ամէն մարդ գիտէ։
– Ի՞նչ է…։
– Գարշահոտութիւն։
– Ամէն մարդու գիտցածը ուրիշ բան է…։ Տեսնենք երկրորդ հանելուկին պատասխանը դարձեալ ամէն մարդ գիտէ՞։
– Շուկան ամէն բան առատօրէն կայ, ուտելիք, խմելիք, հագուելիք, բայց դրամ չկայ…։
– Աղքատութիւն։
– Ինչպէ՞ս գիտցար։
– Այդ վիճակին մէջ գտնուող շատ մարդ կը ճանչնամ։
ԱՅԼԵՒՍ ՉԿԱՅ “ԺԻՍՐ ՀԱՏԻՏ”Ը
Մանուկները հաւանաբար պիտի շարունակեն երգել «շոգեկառքը փուֆ փուֆ փուֆ»ը, սակայն այլեւս երբեք առիթը պիտի չունենան ո՛չ այդ շոգեկառքը տեսնելու եւ ո՛չ ալ անոր «փուֆ փուֆ»ը եւ «երկաթ գիծին քսուող անիւներուն շխրտոցը» լսելու, որովհետեւ այդ վերջին առիթը հանդիսացող շոգեկառքը եւ անոր երկաթէ կամուրջը՝ հանրածանօթ «Ժիսր Հատիտ»ը, որ պատմական խորհրդնիշ մը ըլլալէ բացի նաեւ ապահով հասցէ մըն էր երթեւեկողներուն համար, գոյութիւն չունին այլեւս։ Ան Արկածահար եղաւ օգոստոսի վերջին օրը։ Քանդուեցաւ։ Անոր հետ քանդուեցան նաեւ շատ մը յիշատակներ։ Չկայ այլեւս Մար Մխայէլէն Հաճըն երկարող ճամբու սահմանի ամբողջ լայնքը ծածկող երկաթէ կամուրջը, որ կառուցուած էր շուրջ դար մը առաջ իբրեւ երկաթուղի ծառայելու համար այդ ժամանակներու կարեւոր մէկ փոխադրամիջոցին՝ շոգեկառքին
Հաւանաբար ինծի պէս շատեր իրենց մանկութեան նաեւ այդ շոգեկառքով պտոյտ կատարելու ուրախութիւնը ունեցած են։
Հաւանաբար շատեր ափսոսալով հանդերձ դէպքին համար հարց պիտի տան թէ ան այլեւս անօգուտ դարձած էր, ինչ բանի պիտի ծառայէր, որո՞ւն կամ ի՞նչ բանի պէտք էր…։
– Պատասխանը պարզ է՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ։