ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԶԱՐՄԱՆԱԼ…

– Եղբայր, ամէն մարդ կը խոստովանի որ այսպիսի ազատ, օրինաւոր եւ ամէնէն կարեւորը՝ առանց քուէներու առուծախի ընտրութիւն չէ եղած անկախութենէն ի վեր, կատարուածը մինչեւ իսկ հանրաքուէի մը նմանցնողներ կան, բայց կարելի բա՞ն է որ կատակերգակ դերասան մը Երեւանի նման 2800 տարեկան քաղաքի մը քաղաքապետ ընտրուի այն ալ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, միւս թեկնածուներու վրայ վրայի գումարած 15 առ հարիւրին դիմաց` քուէներուն աւելի քան 81 առ հարիւրով, որով նորընտիր քաղաքապետին գլխաւորած «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքին կը վերապահուի Երեւանի աւագանիի աթոռներուն 57ը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 5 եւ «Լոյս» կուսակցութիւններու դաշինքի 3 աթոռներուն դիմաց։

– Բարեկամս, կարելի՛ է եւ զարմանալու պատճառ չկայ։ Չե՞ս գիտեր որ Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահը, Ռոնալտ Ռիկըն, որ ընտրուեցաւ 1981-ին եւ պաշտօնավարեց մինչեւ 1989, 54 ֆիլմերու հերոս, Հոլիվուտի երեւելի դերասաններէն մէկն էր եւ դերասան եղած շրջանին ալ ընտրուած էր Գալիֆորնիայի կառավարիչ։ Գիտե՞ս նաեւ որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահը՝ Տոնըլտ Թրամբ նախքան ընտրութիւնը բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ դերեր վերցուցած է։ Եւ յետոյ, նախընտրելի չէ՞ ունենալ քաղաքապետ մը որ դերասանի տարազը վար դրած՝ պաշտօնը պարկեշտութեամբ կատարէ, քաղաքացիներուն ծառայելու կոչուած պաշտօնատարի գիտակցութեամբ, քան քաղաքապետ մը որ դերասանութիւն ընելով քաղաքացիները խաբէ…։

– Բայց, ի՞նչ կարանդի ունիս որ այդ ըսածիդ պէս պիտի ըլլայ։

– Կարանդի չունիմ։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ…։

 

ԱԽՈՐԺԱԼԻՑ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐԸ ԱԽՈՐԺԱԲԵԿ ՍՊԱՍՆԵ-ՐՈՒ ՄԷՋ

– Բարեկամ, ինչպէ՞ս գտար նոր Հայաստանը։

– Շատ լաւ։ Պարզապէս հիանալի։ Բայց նկատեցի բան մը որ եթէ պատմեմ, զիս դարձեալ «ծայրայեղ նախանձադրութեամբ» պիտի մեղադրես։

Իրենց հայկական ճաշատեսակներով, խորովածով ու հերիսայով, ձուկով ու տոլմայով, լաւաշով ու գաթայով, հայկական գոնիաքով ու գինիներով, նաե՛ւ իրենց հայկական անուններով, հայավայել մատուցումներով եւ հայկական երաժշտութեամբ, Երեւանի ճաշարանները դարձած են հիացումին առարկան օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն, որոնք ի տես այդ խանդավառ մթնոլորտին տարբեր տրամադրութիւն ցուցաբերելու պատճառներ չունին։ Բայց, ինծի պէս ղարթ հայերուն տրամադրութիւնը կը շրջուի եւ այդ ախորժալից ուտելիքները ախորժաբեկ կը դառնան երբ նկատէ որ այդ ճաշարաններուն աման-չամանները Made in Turkey կնիքը կը կրեն, այսինքն թրքական են, «որովհետեւ էժան են աբեր» եղաւ նկատողութեանս պատասխանը։

– Ինչո՞ւ կը զարմանաս։ Մեր մօտ ալ չկա՞ն թրքական ապրանքներ, հայկական նկատուած շուկաներու եւ հայապատկան վաճառատուներու մէջ։

– Բայց Թուրքիոյ հետ մեր սահմանը բաց է, իսկ Հայաստանի սահմանը՝ փակ…։

 

«ԱՌԱՆՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ» ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՀԱՍ-ՏԱՏԵԼՈՒ ՓՈ՞ՐՁ…

Հակառակ անոր որ լիբանանեան խորհրդարանի բաղկացուցիչ կողմերը կառավարութեան կազմութեան ուշացումին մասին մտահոգուիլ եւ իրարու անցնիլ կը ձեւանան, ուշացումը կամ կառավարութեան մը ընդհանրապէս չգոյութիւնը կարծես անտարբեր կը ձգէ քաղաքացիները, որովհետեւ փորձը ցոյց տուած է որ կառավարութեան մը գոյութիւնը բան չի փոխեր կացութենէն, զիրենք տագնապեցնող հիմնախնդիրները օրակարգի վրայ կու գան ու կ’երթան առանց լուծում գտնելու։

Քաղաքացիները թերեւս մոռցած ալ են որ աւելի քան չորս ամիս առաջ (24 մայիս) է որ Հարիրի հրաւիրուեցաւ կազմելու նոր կառավարութիւն մը եւ կարծես սպասումը դեռ երկար կրնայ տեւել, ինչպէս ցոյց կու տան նախընթաց փորձերը։ Արդարեւ,
1969-ի ապրիլի 23-ին, վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ հրաժարած էր եւ սակայն շուտով վերանշանակուած ըլլալով հանդերձ նախ. Շարլ Հելուին կողմէ՝ հազիւ 216 օր ետք յաջողած էր կեանքի կոչել նոր կառավարութիւն մը։ Սակայն, նոր կառավարութիւն մը կազմելու ուշացումի այս մրցանիշը կտրուեցաւ 2013-14-ին, երբ վարչապետ Միքաթիի հրաժարումէն ետք, 6 ապրիլ 2013-ին, նախ. Միշել Սլէյման կը հրաւիրէ Թամամ Սալամը կազմելու նոր կառավարութիւն մը։ Սակայն այս վերջինը հազիւ տարի մը ետք (329 օր), 15 փետրուար 2014-ին կը յաջողի կառավարութեան կազմ մը մէջտեղ բերել։

Մաղթենք որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս մրցանիշը կտրելու հարկադրանքին առջեւ չգտնուի…։

 

ՀԱՅՈՐԴԻ