«Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի 175-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով Երեւանի մէջ

«Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի 175-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով Երեւանի մէջ

Հոկտեմբերի 19-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահության նիստերու դահլիճին մէջ, սփիւռքի նախարարության, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» հայագիտական, բանասիրական, գրական հանդէսի 175-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը:

Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը: Շնորհաւորելով «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի 175-ամեայ յոբելեանին առթիւ՝ Մխիթար Հայրապետեանը մասնաւորապէս նշած է. «Մխիթարեան միաբանութիւնը գիտական եւ մշակութային գործունէութեան հետ մէկտեղ, ստանձնելով նաեւ հայ լրագրութեան զարգացումը խթանելու պատուաբեր առաքելութիւնը, 175 տարի առաջ դարձաւ հայ մամուլի ստեղծման հիմնաքարերէն մէկը: Հայագիտութեան զարգացման մէջ մեծագոյն աւանդ ունեցող «Բազմավէպ» պարբերականը ունեցած է աւելի քան չորս տասնեակ խմբագրապետ, որոնք իրենց անմնացորդ աշխատանքով ապացուցած են, որ եւրոպական միտքն ու գաղափարները իրենց շնորհիւ է որ ներմուծուած է հայ մշակոյթ: Անչափ ուրախ եմ եւ ինծի համար մեծ պատիւ է այսօր այս դահլիճին մէջ ողջունել անոնցմէ Հայր Լեւոն Զեքիյեանը, Հայր Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը, Հայր Վահան Օհանեանը եւ Հայր Սերովբէ Չամուրլեանը»:

Դիմելով Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնակոյին՝ նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծած է. «Պարո՛ն դեսպան, կը խնդրեմ իմ երախտագիտութեան խօսքը փոխանցել Իտալիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ հայասիրութեան, մեր ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած վերաբերմունքին, առանձնապէս Իտալիայի սրտին վրայ՝ Սուրբ Ղազարի հայ ազգային հոգեւոր-մշակութային ունեցուածքը կարեւորելու, պահպանելու եւ աշխարհին ներկայացնելու համար»:

Այնուհետեւ, ներկաներուն փոխանցուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի․ի օրհնութեան խօսքերը:

Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերապայծառ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիյեանը իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ «Բազմավէպ»ի 175-ամեակը կը զուգադիպի ՀՀ ԳԱԱ 75-ամեակին եւ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակի միջոցառումներու եզրափակումին։

Միջազգային գիտաժողովի բացումին ելոյթներ ունեցած են նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վինչենցօ Տել Մոնակո, ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտոր Արամ Սիմոնեանը:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի քարտուղար Անդրանիկ Մարդոյեանը փոխանցած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի ողջոյնի խօսքը:

Գիտաժողովը իր աշխատանքները շարունակած է յաջորդող երկու օրերուն։ Ներկայացուած են զեկուցումներ ըստ հայագիտութեան տարբեր ուղղութիւններուն, տեղի ունեցած են բանավէճեր ու քննարկումներ՝ լիագումար եւ թեմատիկ նիստերով: