ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ՝ ԱՅՍՕՐ

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ՝ ԱՅՍՕՐ

Աշխարհի մէջ կայ մօտաւորապէս մէկ միլիառ ութը միլիոն երիտասարդ, որոնց տարիքը 16-էն 29-ի միջեւ է, այսինքն՝ համայն մարդկութեան թիւին քառորդէն պակաս։ Անոնց վիճակը կը տարուբերի մէկ երկրէն միւսը։ Երկրի մը մէջ անոնք բնակչութեան 30 առ հարիւրը կը կազմեն, ուրիշ երկրի մը մէջ 15 առ հարիւրը կամ նուազ։ Իսկ ուսանելու կարելիութիւնը, առողջապահական ծառայութիւնները, մշակութային հարստութիւնները եւ մասնակցութիւնը ազգային, ընկերային ու քաղաքական կեանքին կը տարբերին շատ յստակօրէն մէկ քաղաքէն միւսին միջեւ։ Նոյնիսկ երբեմն միեւնոյն քաղաքին մէջ կը տեսնենք վիճակներու մեծ տարբերութիւններ։

Փաստօրէն՝ մէկ կողմէն նոր սերունդներու փափաքները, պէտքերը եւ ցանկութիւնը իմաստաւորելու իրենց կեանքը, իսկ միւս կողմէն՝ ընկերային եւ քաղաքական մտավախութիւնը, որ կ՛արգելակէ իրենց ընթացքը, ընկերային ու քաղաքական անհաւասարութիւնը, որ կը ստեղծէ իրենց մէջ ընդվզումի եւ շեղումի ընթացքը, քաղաքական ձախող ծրագիրները, որոնք կը ստիպեն զիրենք գաղթել ու զիջիլ նոյնիսկ իրենց ինքնութենէն, առաւել եւս պատերազմները, աղքատութիւնը, անգործութիւնը եւ ազատութեան բացակայութիւնը, այս բոլորը երիտասարդութիւնը կը մատնեն աղքատութեան, անգործութեան, ընկերային մեկուսացումի, ընկերային ու քաղաքական անտարբերութեան եւ իբրեւ հետեւանք՝ մինչեւ իսկ թմրեցուցիչներու ու գինեմոլութեան։

Աշխարհայնացումը մեծապէս ազդած է երիտասարդներուն եւ մասնաւորաբար անոնց նկարագրին վրայ։ Անոնք կը ցանկան աւելի ընդարձակել իրենց ազատութեան եւ անհատականութեան ծիլերը։ Արդի հաղորդամիջոցներու պատճառաւ անոնք կ՛ուզեն դուրս գալ իրենց միջավայրէն, իրենց տուներէն, իրենց ինքնութենէն, փնտռելու համար առանձնութիւնը, ինքնաբաւութիւնը, հաճոյքն ու նիւթապաշտութիւնը։

Այս բոլորը իրենց ժխտական դերը կը խաղան նաեւ անոնց կրօնական ու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Վիհ մը կը ստեղծուի երիտասարդներուն եւ հաւատքին միջեւ։ Անոնց եւ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Հետզհետէ անոնք կ՛ալեկոծին տարբեր տեսակի փիլիսոփայութիւններու ու աղանդներու ովկիանոսին մէջ, որոնք զիրենք կը հեռացնեն էականէն, իրենց հաւատքէն, իրենց քրիստոնեայ ինքնութենէն։ Երիտասարդին մօտ կը ստեղծուի տկար ու տհաս հասկացողութիւն մը եկեղեցւոյ եւ հաւատքին հանդէպ, որով կը սկսի հեռանալ եկեղեցական կեանքէն, զայն մերժելով ու չնկատելով որպէս առաջնահերթ ճշմարտութիւն։ Կ՛ուզէ հաւատքը ապրիլ առանց եկեղեցի յաճախելու, առանց հասկնալու Խօսքը, որով շփոթի կը մատնուի ու կը կորսուի տարբեր հոսանքներու մէջ, զանոնք նկատելով ճշմարտութիւններ։ Կը նախընտրէ ըլլալ օրէնսգէտ ու բարոյագէտ, քան հաւատացեալ։ Մշտական տագնապ կ՛ապրի ժամանակին հետ, ոչ մէկ բան ընելու ժամանակ ունի, որովհետեւ իր կեանքը այլեւս իրեն չի պատկանիր. ան գերի կը դառնայ աշխարհիկ զբաղումներու։ Աշխարհը, որ գիտական ու կրօնական փոփոխութիւններու մէջ կը տարուբերի, կը տատանի, զինք կը մղէ ըլլալու մերժողական, անտարբեր, անպատասխանատու, եւ փոփոխամիտ, որով անկարող կը դառնայ որոշում տալու կամ կարծիք յայտնելու, եւ որովհետեւ անկարողութիւնը զինք կը կաշկանդէ, կ՛որդեգրէ ամէն պատահական բան որ իր շուրջ կը գտնուի, կը հաւատայ ամէն բանի, այլեւս անկարող կը դառնայ նաեւ զանազանելու հաւատքը փիլիսոփայութենէն, գիտութենէն ու մշակոյթէն։ Եւ այս իրողութեանց դիմաց, դժբախտաբար, ծնողները կը մնան յաճախ բացակայ, եւ աւելին, երբեմն նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն որպէսզի անոնք իրենց հաւատքը ապրին ու Եկեղեցւոյ մօտենան: Իսկ ընկերութիւնը կը դրդէ զիրենք հալածելու Եկեղեցին եւ եկեղեցականները, որոնք դժբախտաբար միշտ դատապարտուած են։

Այսուհանդերձ, բոլոր այս իրողութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց, Եկեղեցին կը գործէ, ինչպէս Աստուած կը գործէ միշտ։ Աստուծոյ ծրագիրն է յայտնել ու յայտարարել Աւետարանի ուրախութիւնը ամենուրեք. «Ձեզի կ՛ըսեմ այս բաները որպէսզի ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ, եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ»։ Եկեղեցին միշտ ինքնիրեն հարց տուած է թէ ինչպէս կրնայ ընկերանալ երիտասարդին, որպէսզի ճանչնայ զինք, եւ ընդունի զայն որպէս սիրոյ եւ կեանքի նշան։ Ինչպէս նաեւ կը խնդրէ երիտասարդին օժանդակութիւնը, գտնելու համար արդի միջոցները յայտարարելու Բարի Լուրը։

Որպէսզի երիտասարդը կարողանայ ճանչնալ Քրիստոսը, ճանչնալ Եկեղեցին, ճանչնալ իր կեանքին իմաստն ու նպատակը, ճանչնալ անձերը որոնց կը հանդիպի, ինչպէս նաեւ որպէսզի կարենայ հասկնալ ու գիտնայ ընտրել, Եկեղեցին՝ որպէս մայր եւ դաստիարակ, կու գայ առաջին հերթին հաղորդակցելու անոր հետ, այսինքն զինք լսելու, ընդունելու եւ օգտակար դառնալու: Նաեւ Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի դաստիարակելու հաւատացեալ երիտասարդը, անոր առիթը ընծայելով փնտռելու, հասկնալու եւ գտնելու Քրիստոսը: Երրորդ հերթին, Եկեղեցին կ՛ուզէ ընկերակցիլ երիտասարդին, այնպէս ինչպէս Քրիստոս կ՛ընկերակցէր իր առաքեալներուն, կ՛ուզէ հանդիպիլ իւրաքանչիւր անձի հետ, տեսնուիլ անոր հետ, կանչել զինք դէպի սրբութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Աւարտին, Եկեղեցին պարտական է նաեւ յարատեւ հետապնդելու երիտասարդը, առանց յոգնելու կամ յուսախաբուելու: Եկեղեցին երթալու է դէպի երիտասարդը, որպէսզի զինք առաջնորդէ դէպի Քրիստոս: Իսկ երիտասարդը կանչուած է ըլլալու Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյ հետ եւ Եկեղեցւոյ համար: Ան քաջատեղեակ ըլլալու է թէ ինք անդա՛մ է քրիստոնեայ մեծ Ընտանիքին, մասնակից է, յուսալից, առաքեալ ու վկայ: Երիտասարդը՝ որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալ, երկրին լոյսն է ու աշխարհի աղը: Ինչ որ հոգին է մարմինին համար, նոյնն է երիտասարդը Եկեղեցւոյ համար: Ան յոյս կը ներշնչէ աւելի լաւ ու արդար ընկերութիւն մը կերտելու, որովհետեւ կը հաւատայ Ճշմարիտին, եւ կը սիրէ միասնականութիւնը: Եկեղեցին կը հարստանայ երիտասարդութեամբ մը որ կը սիրէ կերտել, շինել, ստեղծագործել, տալ ու գեղեցկացնել, կը սիրէ ապրիլ ու ապրեցնել: Այս բոլորը կարելի է իրագործել միայն երբ իսկական մտերմութիւնը կ՛ապրինք Քրիստոսի հետ, միայն երբ ծնողք կարող կ՛ըլլան իսկական քրիստոնեայ դաստիարակութիւնը փոխանցելու իրենց զաւակներուն, միայն երբ դպրոցներն ու համալսարանները կ՛օգնեն երիտասարդներուն գտնելու իրենց կեանքին յուսալի ճանապարհը, միայն երբ երիտասարդութիւնը, որպէս հաւատարիմ ու պարտաճանաչ առաքեալներ, կը ներգրաւուի եկեղեցական ու ընկերային կեանքին մէջ:

Ս. Կ.