ՊԱՊԻՆ ՍՐՏԱՌՈՒՉ ԱՀԱԶԱՆԳԸ – «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԱՆՀԵՏԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ԴԻՄԱՑ»

ՊԱՊԻՆ ՍՐՏԱՌՈՒՉ ԱՀԱԶԱՆԳԸ – «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԱՆՀԵՏԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ԴԻՄԱՑ»

Նախքան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դիտաւորութեան աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրը, որ տեղի ունեցաւ 7 յուլիսին Պարիի մէջ (տեսնել յաջորդ էջերուն մէջ), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իսկական ահազանգ մըն է որ հնչեցուց այս մասին Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութեան Ձեռնարկներու (Roaco) 91-րդ լիագումար ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 20-22 յունիս 2018-ին Հռոմի մէջ, նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի վարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։ Արդարեւ, ան բուռն կերպով քննադատեց մեծ տէրութիւնները՝ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի բնակչութեանց եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու անհետացման վտանգին դիմաց իրենց ցուցաբերած անտարբերութեան համար։ «Այսօր Միջին Արեւելքը կը տառապի, կ’ողբայ, եւ համաշխարհային տէրութիւնները Միջին Արեւելքին կը նային անտարբերութեամբ, առանց մտահոգուելու այս ժողովուրդներու մշակոյթով, հաւատքով եւ կեանքով։ Եւ եթէ նոյնիսկ պատահի որ անոր նային, իրենց կշիռն ու տիրապետութիւնը զօրացնելու համար է» գոչեց Պապը, ափսոսալով որ քրիստոնէութեան օրրանը հանդիսացող այդ հողերուն վրայ քրիստոնեաներուն թիւը կը նուազի վտանգաւոր համեմատութեամբ եւ շատեր չեն ուզեր վերադառնալ անգամ «որովհետեւ տառապանքը շատ մեծ է»։

Ինչպէս կը յայտնուի Roaco-ի ժողովի մասին հրապարակուած տեղեկագրութիւններէն, Պապը, իրեն յատուկ անկեղծութեամբ եւ ինքնաբուխ, մէկդի դնելով այդ պահուն համար նախատեսուած ճառը, իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգութեան մասին։ «Միջին Արեւելքը այսօր դժուարին կացութիւններու խաչմերուկ մըն է եւ քրիստոնեաներու անհետացման վտանգին դիմաց կը գտնուի՝ չեմ ուզեր ըսել ոեւէ մէկուն կամքով։ Միջին Արեւելք մը առանց քրիստոնեաներուն՝ Միջին Արեւելք մը պիտի չըլլայ երբեք» դառնութեամբ ըսաւ ան, աւելցնելով հանդերձ որ քրիստոնեաներուն անհետացումը անշուշտ չի նշանակեր որ քրիստոնեաներ պիտի չմնան Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն անոնց թիւը այնքան նուազած պիտի ըլլայ որ այն նկատառելի տեղը որ իրենց կ’արտօնէր քաղաքական դեր մը խաղալու՝ պիտի կորսուի։

Պապը անդրադարձաւ նաեւ գաղթականութեան խնդրին, յիշատակելով յատկապէս Լիբանանը, ուր – նկատել տուաւ ան – գաղթականները կը կազմեն բնակչութեան քառորդը։ «Մեծ մեղք մը կայ Միջին Արեւելքի մէջ։ Մեղքը պատերազմի, իւրաքանչիւր անգամին աւելի սաստիկ եւ արդիական զէնքերով։ Եւ խեղճ մարդիկը, երեխաները կը տառապին անկէ»։

Ֆրանչիսկոս կանգ առաւ նաեւ ուրիշ մեղքի մը վրայ՝ որ յատուկ նկատած է Արեւելքի եկեղեցիներուն։ Թերեւս շատ չեն – ըսաւ ան – բայց կան վարդապետներ, կարգ մը եպիսկոպոսներ կամ կարգ մը կրօնական համայնքներ, որոնք աղքատութիւն կը դաւանին, սակայն իրականութեան մէջ կ’ապրին այնքան հարուստ որքան… հարուստները, կեանքին եւ հաւատքին միջեւ անհամեմատութեան մեղքը գործելով։ Ան հրաւիրեց այսպիսի կրօնաւորները աւելի մերկանալու յօգուտ իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Իր ելոյթին մէջ, Ֆրանչիսկոս հուսկ անդրադարձաւ տեղահանուած եւ աշխարհասփիւռ քրիստոնեաներուն հոգատարութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան, ըսելով որ անոնք կը մասնակցին Յիսուսի Աւետարանի տարածումին, «յաճախ Արեւմուտքի աւելի աշխարհականացած պայմաններուն տակ անգամ, ուր կը հասնին իբրեւ փախստական կամ գաղթական։ Անոնք ցոյց կու տան որ դեռ եւս կ’արժէ ապրիլ ու տառապիլ Աւետարանին համար, նոյնիսկ փոքրամասնութիւն կամ հալածուած ըլլալով, որովհետեւ Աւետարանը մարդոց եւ կանանց կեանքը եւ ուրախութիւնն է բոլոր ժամանակներուն» բացատրեց Պապը։ Ան ըսաւ նաեւ որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վկայութիւնը նաեւ ճամբայ մը կը բանայ դէպի բոլոր Եկեղեցիներու քրիստոնեաներու տեսանելի միութիւնը»։

Roaco-ի միեւնոյն ժողովի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Կարդինալ Սանտրի յայտնեց այն համոզումը որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասսայական գաղթը ցոյց կու տայ «խաղաղ գոյակցութեան տեսլականի մը ձախողութիւնը» այդ աշխարհամասին մէջ, ինչ որ խորապէս կը մտահոգէ Սուրբ Աթոռը։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ