Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 38-րդ Հատորին Շնորհանդէսը

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 38-րդ Հատորին Շնորհանդէսը

Աւելի քան քառորդ դարու ամէնամեայ աւանդութեան վերածուած, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի անխափան լոյս ընծայումը աներկբայ վկայութիւնն է Հայկազեան Համալսարանի ունեցած դերին եւ յանձնառութեան՝ հայ դպրութեան սատարելու ընդհանուր ճիգերուն:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին 38-րդ հատորին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 3 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեան եւ համայնքի հետ կապերու կցորդ Դոկտ. Վլադիմիր Պօղոսեան, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեմէզեանի ներկայացուցիչ Մկրտիչ քահանայ Քէշիշեան, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետ Վեր. Յ. Սելիմեան, Հեթում Վրդ. Տաղլեան, խմբագիրներ, կրթական ու մամլոյ մշակներ եւ բարեկամներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հանդէսի խմբագիր, Հայ Աւետ. Գոլէճի տնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան: Բարիգալուստի խօսքերէն ետք, ան արժեւորեց երջանկայիշատակ Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանի 27 տարիներու ծառայութիւնը Հանդէսին՝ իբրեւ խմբագրապետ։ Իւրնէշլեան ընդգծեց, որ «Տարի մը անցաւ արդէն, եւ աշխատանքները չկաղացին, Հանդէսին որակը չտուժեց, կազմը համերաշխ գործեց: Կը նշանակէ, որ վարդապետը իսկապէ՛ս կրցած էր ոչ միայն գլխաւորել, այլեւ՝ ձեւաւորել աշխատանքային կազմ մը, որ առանց իրեն, բայց ի՛ր սկզբունքներով շարունակեց աշխատանքը. փաստը՝ այս հատորը»: Ապա ան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը։

Ապա ելոյթ ունեցաւ Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան շեշտեց, թէ «հայ իրականութեան եռեւեփող առօրեային կշռութաւոր դարձած անկայունութեան մէջ», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը, լիբանանահայ մամուլը, կիրակնօրեայ պատարագն ու պաշտամունքը եւ մեր դպրոցները ունին կշռութաւոր եւ կայուն ներկայութիւն:

Դոկտ. Տագէսեան շեշտեց, որ Հանդէսը պիտի շարունակէ քննականօրէն մօտենալ իր առաքելութեան, «արժեւորելով իր իւրաքանչիւր նորածինը, ձգտելով աւելի լաւին ու արդիւնաւէտին, գերազանցելով ինքզինք»:

Եզրափակելով իր խօսքը, Դոկտ. Տագէսեան յայտնեց, որ «այսօր շուրջ յիսնամեայ իր երթի հզօր տարիքին հասած Հանդէսը, կոփուած տասնամեակներու իր արդիւնքով, ջրդեղուած իւրայատուկ փորձառութեամբ, դեռ երկար տարիներ պիտի շարունակէ հայր Կռանեանին եւ այս խմբակին ու համալսարանի նախագահութեան կողմէ խմորուած ու մշակուած իւրօրինակ թարմ լաւաշ մատուցանել հայութեան եւ գիտութեան»:

Շնորհանդէսին իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեան: Մեծարգոյ դեսպանը ողջունելով Հանդէսին հրատարակութիւնը, յայտնեց, թէ հատորը ծանրակշիռ է իր հարուստ բովանդակութեամբ, որով հնարաւորութիւն կը յառաջանայ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական, գրական եւ ազգագրական երեսակներու: Ան մաղթեց որ Հանդէսը շարունակէ իր առաքելութիւնը նո՛յն ոգիով եւ նո՛յն նուիրումով:

Շնորհանդէսի եզրափակման իր խօսքը փոխանցեց վերապատուելի Հայտօսթեան, որ հանդիսութիւնը բնութագրեց հետեւեալ խօսքերով. «Այսպիսի հանդիսութեան մէջ դեր չունին հրավառութիւնն ու արտաքին պերճանքը, բազմութիւններն ու դահլիճներու փայլքը: Հուրի զօրութիւնը գրիչին մէջ է, պերճանքը՝ մտքի պայծառութեան, բազմութիւնը՝ նիւթերու խորքին զանազանութեան, իսկ փայլքը՝ հոգիի անկեղծութեան եւ անոր տարրական պարզութեան մէջ»:

Վեր. Հայտօսթեան բարձր գնահատելով հայագիտական բնագաւառին մէջ գործող մշակները, ըսաւ. «Հայագիտութեան նուիրական աշխատանքի լծուած անձեր, նամանաւանդ Սփիւռքի մէջ, յաճախ կը զգան թէ արտադրողականութեան կողքին կայ թանկարժէք բան մը պահելու, պահպանելու եւ տակաւին տարածելու լուրջ առաքելութիւնը: Ընդհանրապէս նախանձելի չեն այն ասպարէզները ուր մշակը պէտք է գործէ վայրընթացի մթնոլորտի կամ վտանգուածի հոգեբանութեամբ, եւ փոխանակ մշակութիւն եւ յառաջընթաց կատարելու յամառօրէն խաղայ կղզիացած կալուածի տնտեսի դերը»: Վեր. Հայտօսթեան 1970-էն իվեր Հայկազեան Համալսարանի Հանդէսին իւրայատկութեան ու դերին անդրադարձ կատարելէ ետք, անդրադարձաւ ապագայի ծրագրերու եւ յանձնառութեանց։

Եզրափակելով իր խօսքը, վերապատուելի Հայտօսթեան վերարժեւորեց տարի մը առաջ վախճանած երջանկայիշատակ հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեանը, եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անոր շունչով բեղմնաւորուած խմբագրական կազմի պատասխանատու խմբագիր նշանակուած է Հանդէսի երկար տարիներու պատասխանատու քարտուղար՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:

Հուսկ, Վեր. Հայտօսթեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն իրենց քաջալերական ներկայութեան համար:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

ՀՈՒՐԻ ԱԹԹԱՐԵԱՆ