ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՊԱՐԻԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՊԱՐԻԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով, 7 յուլիսին Պարիի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան դիտաւորութեան աղօթքի եւ խորհրդածութեան յատուկ Օր մը, որուն թեման էր «Խաղաղութիւնը ընդ քեզ։ Քրիստոնեաները միասին Միջին Արեւելքին համար» եւ որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի 17 կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետերը կամ ասոնց ներկայացուցիչները, որոնց շարքին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ Իրլանտայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հայոց առաջնորդ Յովակիմ Սրբազան։

Օրթոտոքս եկեղեցիները կը ներկայացնէին. Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Ա., Աղեքսանդրիոյ ու համայն Ափրիկէի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք՝ գերերջանիկ Թէոտորոս Բ., Կ. Պոլսոյ մէջ Պատրիարքական փոխանորդ՝ գերապայծառ Նեքաթրիոս, որպէս Երուսաղէմի Յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Թէոֆիլոս Գ. ի ներկայացուցիչ, ապա Վոլոքոլամսքի Մետրոպոլիտ՝ Հիլարիոնը, որ կը նեկայացնէր Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլը, հուսկ Գերապայծառ Վազիլիոս՝ որպէս ներկայացուցիչ Կիպրոսի եւ Նէա Ժուսթինիանա Աւագ Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Քրիզոստոմոս Բ-ի։

Արեւելեան ուղղափառ եկեղիցիներէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պապ՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ., Ասորիներու Անտիոքի ու համայն Արեւելքի օրթոտոքս պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրեմ Բ., Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Կէուարկիս Բ.։

Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիները կը ներկայացնէին Ղպտիներու Աղեքսանդրիոյ պատրիարք գերերջանիկ Իպրահիմ, Անտիոքի Ասորիներու պատրիարք՝ Իգնատիոս ԵուսսէՖ Գ, Մարոնիներու պատրիարք՝ Կարդինալ Պշարա Ռաի, Հալէպի Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ՝ Ժան Քլեման Ժանպարդ՝ որպէս ներկայացուցիչ Մելքիթներու Անտիոքի Պատրիարքութեան պատրիարք՝ գերերջանիկ Եուսէֆին։ Քաղդէացիներու պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, հուսկ Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան։

Ասոնց կողքին նաեւ Յորդանանի ու Սուրբ Երկրի Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը՝ Վերապատուելի Սամի Իպրահիմ Ազար եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար՝ Տիկ Սուրայա Պէշալանի։

Պարիի Սուրբ Նիկողայոս պազիլիքայի մուտքին Պապը դիմաւորեց պատուիրակութիւնները, ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հիւրերուն ըսելով որ « իբրեւ ուխտաւորներ եկած ենք Պարի, որ Մերձաւոր Արեւելքի վրայ բացուած մեծ պատուհան մըն է, մեր սրտերուն մէջ մեր Եկեղեցիները, ժողովուրդները եւ մարդիկ որոնք կ’ապրին չափազանց տառապալի կացութիւններու մէջ։ Կ’ուզենք ձայն տալ անոր որ ձայն չունի, ըսաւ Ֆրանչիսկոս, անոր որ միայն արցունքներ կուլ կու տայ, որովհետեւ Միջին Աարեւելքը այսօր կու լայ, անոր որ կը տառապի ու կը լռէ, մինչ ուրիշներ զինք կ’ոտնահարեն փնտռելով իշխանութիւն եւ հարստութիւններ։ Մանուկներուն, խոնարհներուն, վիրաւորներուն համար որոնց կողքին կը գտնուի Աստուած, կ’աղերսենք խաղաղութիւն։ Թող Աստուած լսէ անոնց աղօթքը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ խօսքը

Պարիի ծովեզերեայ տարածքին կայացած խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքէն ետք, բոլոր հովուապետերը հանրակառքով վերադարձան Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքա, ուր տեղի ունեցաւ դռնփակ եղբայրական զրոյց մը, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Պազիլիքայի մուտքին արտասանեց օրուան եզրափակիչ խօսքը, որուն մէջ նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ապրուած բաժնեկցութեան համար։ «Միասին՝ իբրեւ քրիստոնեաներ եւ եղբայրներ վերանայեցանք մեր ներկայութեան Միջին Արեւելքի մէջ» ըսաւ ան, նշելով որ «նոյնիսկ մեր «Եկեղեցի ըլլալը» կ’ենթարկուի աշխարհի տրամաբանութեան, իշխանութեան եւ շահի տրամաբանութիւններուն, փութկոտ եւ յարմարելու տրամաբանութիւններուն։ Եւ կայ նաեւ մեր մեղքը, հաւատքին եւ կեանքին միջեւ անհամեմատութիւնը, որ կը մթագնէ վկայութիւնը։ Կը զգանք որ հոգեվարք ապրող Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է անգամ մը եւս եւ շտապ, հիմա, դարձ կատարենք դէպի Աւետարանը, որ ճշմարիտ ազատութեան երաշխիքն է» յարեց Պապը։

« Սիրոյ համար խաչուած եւ Յարութիւն առած Յիսուսի բարի լուրը հասաւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն ու դարերու հոլովոյթին նուաճեց մարդուն սիրտը, որովհետեւ ան կապուած չէ աշխարհի զօրութիւններուն այլ զինաթափ Խաչի զօրութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ «Աւետարանը մեզ յանձնառու կը դարձնէ առօրեայ դարձի մը Աստուծոյ ծրագիրներուն ու միայն Անոր մէջ գտնելու ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը, եւ Յիսուսը աւետելու բոլորին եւ հակառակ ամէն ինչի»։

«Փոխադարձաբար քաջալերուած, եղբայրաբար զրուցեցինք» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ասիկա նկատելով «նշան մը, որով պէտք է միշտ փնտռել հանդիպումն ու միութիւնը՝ առանց վախնալու տարբերութիւններէն։ Պարագան նոյնն է նաեւ խաղաղութեան. պէտք է զայն մշակել նոյնիսկ բախումներու անջրդի դաշտերուն մէջ, որովհետեւ այսօր՝ դժբախտաբար այլընտրանք չկայ խաղաղութեան»։ Յանձնառու ենք քալելու, աղօթելու ու գործելու միասին եւ հայցելու որ հանդիպումի արուեստը գերակշռէ բախումի ռազմավարութիւններուն ու տարբեր հաւատքի եւ բարիկամեցողութեան տէր մարդիկ չվախնան իրարու հետ խօսելէ, լսեն ուրիշներուն պատճառները եւ իրարու հոգ տանին։ Միայն այսպէսով, ուշադիր ըլլալով որ ոչ ոքի պակսի հացն եւ աշխատանքը, արժանապատուութիւնն ու յոյս, այսպէսով է որ պատերազմի ճիչերը պիտի վերածուին խաղաղութեան երգերու։

Ասիկա իրականացնելու համար ֆրանչիսկոս Պապ էական նկատեց, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող մարդիկը վերջնականապէս եւ վճռականօրէն իրենք զիրենք դնեն խաղաղութեան իսկական ծառայութեան եւ ոչ թէ իրենց սեփական շահերու ծառայութեան մէջ։ Ո՛չ յօգուտ մի քանիներու, ի հեճուկս շատ մը ուրիշներու։ Ո՛չ հողերու գրաւումներու, որոնք կը պառակտեն ժողովուրդները։ Ո՛չ հատուածական նկատումներու ի հեճուկս ժողովուրդներու յոյսերուն։ Ո՛չ Միջին Արեւելքի օգտագործումին ի խնդիր Միջին Արեւելքի մէջ օտարամուտ շահերու։

«Պատերազմը այն աղէտն է, որ ողբերգականօրէն կը բզկտէ այդ սիրեցեալ տարածաշրջանը։ Ասոր առաջին զոհերը աղքատներն են» յարեց Սրբազան Պապը յիշատակելով Սուրիան, յատկապէս Տըրաան։ Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի բնակիչներուն ապրած տառապանքին, թշուառութիւններուն, հալածանքներուն եւ ամէն տեսակ բռնութիւններուն, ան դիտել տուաւ որ պատերազմը կը յաղթահարուի այն ատեն միայն երբ մարդիկ կը հրաժարին գերիվերութեան տրամաբանութենէն եւ արմատախիլ կ’ըլլայ աղքատութիւնը: «Բազմաթիւ հակամարտութիւններ հրահրուեցան եւ հալածանքներ կատարուեցան միշտ կողքին ապրած եղբօր դէմ՝ կրօնական պատրուակներով ծպտուած մոլեռանդութեան ձեւերով, որոնք իրականութեան մէջ հայհոյանք են Աստուծոյ, որ խաղաղութիւնն է» նշեց Ֆրանչիսկոս, նաեւ ըսելով որ կարելի չէ բացականչել խաղաղութիւն, մինչ անդին ծածուկէն սպառազինումը կը շարունակուի։ Ասոր համար ան մատնանշեց հզօր տէրութիւններու պատասխանատուութիւնը եւ յորդորեց չի մոռնալ նախորդ դարու դասերը՝ Հիրոշիման եւ Նակազաքին եւ Արեւելքի հողերը՝ ուրկից ծնունդ առաւ Խաղաղութեան Բանը, չվերածել լռութեան խաւար տարածքներու:

«Խաղաղութեան ճանապարհները բանալու համար պէտք է հայեացքը սեւեռել անոնց ուղղութեամբ՝ որոնք ուրիշներուն հետ եղբայրաբար ապրիլ կը ջատագովեն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Թող պաշտպանուին բոլոր ներկայութիւնները եւ ոչ միայն մեծամասնութիւնները։ Թող Միջին Արեւելքի մէջ եւս բացուի հասարակաց քաղաքացիութեան իրաւունքի ճանապարհը։ Թող քրիստոնեաները ըլլան եւ ե՛ն լիիրաւ քաղաքացիներ, հաւասար իրաւունքներով»։

Անդրադառնալով Երուսաղէմին, Ֆրանչիսկոս զայն նկատեց բոլոր ժողովուրդներուն քաղաքը, եզակի եւ սուրբ քաղաք համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ իսլամներուն համար եւ որուն statu quoն պէտք է յարգուի համաձայն միջազգային ընտանիքի որոշումներուն եւ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ համայնքներու պահանջներուն։ Միայն բանակցային լուծում մը՝ ընդմէջ Իսրայէլացիներուն եւ Պաղեստինցիներուն, կարող է առաջնորդել մնայուն ու կայուն խաղաղութեան մը եւ երաշխաւորել երկու պետութիւններու համակեցութիւնը երկու ժողովուրդներու համար։

«Յոյսը ունի մանուկներու դիմագիծը: Միջին արեւելքի մէջ տարիներէ ի վեր սարսափելի թիւով փոքրիկներ կ’ողբան ընտանիքի մէջ ահաւոր մահեր եւ ականատես են իրենց ծննդավայր հողերուն սպառնացող վտանգներուն, յաճախ փախչելու ստիպողութեան տակ գտնուելու միակ հեռանկարով, ինչ որ յոյսի մահն է, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Անթիւ մանուկներուն աջուկները, իրենց կեանքի մեծ մասը անցուցին դիտելով աւերներ փոխան դպրոցին, լսելով ռումբերու թնդիւնը փոխան իրենց խաղալիքներուն ուրախ աղմուկին: Կ’աղաչեմ, թող մարդկութիւնը անսայ այդ մանուկներուն ճիչին, որոնց բերանները կը հռչակեն Աստուծոյ փառքը: Անոնց արցունքները սրբելով է, որ աշխարհը պիտի վերագտնէ իր արժանապատուութիւնը»։

Իր խօսքը աւարտելով, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ թէ մանուկներու մասին մտածելով, պիտի արտայայտենք խաղաղութեան մեր ձգտումը, այնպէս ինչպէս աղաւնիներու ազատ արձակման պահուն։ «Թող խաղաղութեան ձգտումը բոլոր սեւ ամպերէն վեր բարձրանայ, յարեց Ֆրանչիսկոս։ Թող Միջին Արեւելքը դադրի ցամաքամասերուն միջեւ լարուած պատերազմի աղեղ մը ըլլալէ, այլ ժողովուրդները եւ կրօնները հիւրընկալող խաղաղութեան կամար մը։ Թող սիրելի Միջին Արեւելքէն փարատին պատերազմի, իշխանութեան, բռնութեան, կրօնամոլութեան, անհաւասար շահերու, շահագործութեան, աղքատութեան, անհաւասարութեան եւ իրաւունքներուն ճանաչումի բացակայութեան խաւարը եւ այնտեղ հաստատուի խաղաղութիւն։ Խաղաղութիւնը ընդ քեզ, միասի՛ն (ներկաները կրկնեցին), արդարութիւնը՝ քու մէջդ, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը քու վրադ»։