Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու վանքի «Երանելի Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագին ընթացքին կատարեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանի ՝ որպէս Առաջնորդ Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց՝ Փարիզի Ս. Խաչ թեմի:
Ձեռնադրակից երկու Հայրապետներն էին ՝ Արհի. Գէորգ արք. Խազումեան եւ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Իսկ ձեռնադրուող եպիսկոպոսին խարտաւիլակն էր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ՝ Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի:
Սուրբ եւ անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Առաքելական Նուիրակ՝ արհի. Ժոզէֆ Արք. Սբիթերի, Պէյրութի Հայ Առաքելական թեմի Առաջնորդ՝ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մարոնի Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Քեսրուանի Առաջնորդ՝ արհի. Փօլ եպս. Ռուհանա, Ասորի կաթողիկէ Պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ արհի. Քաս արք. Մուսա, Դամասկոսի Մարոնի թեմի Առաջնորդ՝ արհի. Սամի եպս. Նասսար, Տիւրոսի Յոյն կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Միշէլ եպս. Ապրաս, Լիբանանի Լատին Առաքելական Փոխանորդ՝ արհի. Սեզար եպս. Եսայեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու գերապայծառ, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր եւ արժանապատիւ քահանաներ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան առաքինազարդ Մեծաւորուհի մայրը եւ քոյրերը, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ՝ զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան, խորհրդարանի նախագահի եւ անուանեալ վարչապետի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, նախկին երեսփոխաններ, պաշտօնական հիւրեր, քաղաքապետներ, հայկական կուսակցութեանց, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ամփիթատրոնը լեցուած էր Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն ժամանած ուխտաւոր հաւատացեալներով։
Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Զմմառու վանքէն դէպի ամփիթատրոն ՀԿՄ. շեփորախումբի նուագներով, որմէ ետք Սուրբ Պատարագը սկիզբ առաւ «Հռաշափառ»ով: Ձեռնադրութեան արարողութեան սկիզբը, զանազան հրաւիրեալներ իրենց խնդրանքը ներկայացնելէ ետք Հայրապետին, եւ կոչեցեալը յառաջանալէ ետք անոր առջեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց Արհի. Առաքելական Նուիրակը որ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ կարդաց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոնդակը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կարդաց Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը։
Ապա կոչեցեալը իր ձեռքերը տարածելով ու ծնրադրելով ժողովուրդին դիմաց որպէս նշան աշխարհէն իր հրաժարումին, Կաթողիկէ բոլոր եպիսկոպոսները շրջապատեցին զինք ու երեք անգամ երգեցին «Աստուածային եւ Երկնաւոր շնորհ»ը, որով կանչեցին զինք քահանայութենէն եպիսկոպոսութեան, իսկ ներկաները իրենց վկայութիւնը տուին երեք անգամ երգելով «Արժանի է»: Ասկէ ետք, Հայրապետը իր ձեռքերը խաչաձեւ դրաւ կոչեցեալին գլխուն վրայ զինք կանչելու համար Եպիսկոպոսական կարգին: Ընթերցումներէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փչեց կոչեցեալին ճակատին, անոր տալով Սուրբ Հոգին, եւ օծեց անոր գլուխն ու բոյթը: Օծումէն ետք, Հայրապետը ձեռնադրուողին յանձնեց գաւազանը, ձեռաց խաչը, մատանին, բանակիան, Աւետարանը, եմիփերոնը եւ խոյրը, որու աւարտին Հոգեւոր Տէրը եւ եպիսկոպոսները համբուրեցին նորօծեալ եպիսկոպոսը:
Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հայրական քարոզին մէջ անդրադարձաւ նախ Ս. Աստուածամօր կեանքին, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, սկսեալ աքսորէն, անցնելով գողգոթայէն, հասնելու համար մինչեւ խաչելութիւնն ու մահը իր զաւակին, կառչած մնաց իր հաւատքին, եւ այսօր համայն քրիստոնեայ աշխարհը կանչուած է, հակառակ բոլոր հալածանքներուն ու տագնապներուն, հետեւելու Աստուածամօր օրինակին: Ան ըսաւ. «Աստուածամայրը, որ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ, հաւատքով ապրեցաւ Աստուածորդւոյն ծածուկ կեանքը: Տիրամօր կեանքը սակայն հեշտ չեղաւ, այլ դժուարութիւններով լեցուն, եւ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս իր յարութեան ընդմէջէն յարուցեալ կեանք խոստացաւ մեր բոլորին, նոյնպէս Տիրամօր Վերափոխումը փաստ մը եղաւ այս նոր կեանքին, զոր ան փոխանցեց յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի աստուածային դրոշմով մեր կեանքը պայծառակերպուի ընդմիշտ, այս կեանքի սահմանաւոր պայմաններէն անդին՝ սպասելով յարութեան: Ամենասուրբ Կոյսը, Աստուծոյ Մայրը, միանգամայն մեր Մայրն է, եւ անոր մայրական սէրը կը բացայայտուի Գողգոթայի լերան վրայ, երբ Խաչեցեալ Յիսուս անհունօրէն քաղցր նայուածք մը ուղղեց անոր վրայ»: Իր քարոզին մէջ, Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նոր նշանակուած Եպիսկոպոսին քահանայական 44 տարիներու վաստակին մասին, մաղթելով անոր բեղուն առաքելութիւն իր եպիսկոպոսական նոր առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ խնդրելով բոլոր ներկաներէն որ յատուկ կերպով աղօթեն անոր համար:
Սուրբ եւ անմահ Պատարագին աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:
Այնուհետեւ՝ նորօծ Արհի. Եղիա Եպս. Եղիայեան, արարողութեան աւարտին՝ իր սրտի խօսքը ուղղելով շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենաբարին Աստուծոյ, որ զինք կանչեց Եպիսկոպոսական կարգին, Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին, ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ եպիսկոպոսական դասի Հայրերուն, որոնք զինք ընտրեցին Առաջնորդ Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին, եւ խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, ներկայ թէ բացակայ, որոնց ծառայեցի եւ որոնց հետ գործակցեցայ զանազան առաքելավայրերուս՝ վարժարաններու եւ ժողովրդապետութիւններու մէջ: Այս առթիւ, մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խօսքը կը խոստանամ բոլոր ուժերովս ձգտիլ գերազանց պարգեւներուն, որոնցմէ լաւագոյնն է Սէրը: Այսպէս, անսալով Պօղոս Առաքեալի խօսքին, սիրով պիտի գործակցիմ բոլորին հետ»:
Արարողութեանց աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյրը նորօծ եպիսկոպոսին։ Այնուհետեւ, Զմմառու գիւղի հիւրանոցի ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին հերթաբար արտասանուեցան սրտի խօսքեր, կատարուեցան բարեմաղթանքներ եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան նորօծ եպիսկոպոսին: