ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ

«ՆՈ՞Ր» ՀԱՅԱՍՏԱՆ…

 

– Բարեկամ, չեմ հասկնար։ Սա «նոր»ը ո՞րն է եղեր։

– Ո՞ր «նոր»ը։

– Հայաստանին «նոր»ը երբ անոր միայն մայրաքաղաքը՝ Երեւանը իր 2800 ամեակը կը նշէ։ Ուրեմն «հինին» քով հիմա «նո՞ր Հայաստան» մը պիտի կառուցանեն։

– Չեմ գիտեր թէ կառուցանել ըսելով ի՛նչ կը հասկնաս։

– Ի՞նչ պէտք է հասկնամ, բացատրէ՛…։

– Փոխանակ հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններէն միայն սերիալները, տոլմայի փառատօները, ինքնահռչակ երգիչներուն անճաշակ վիտէօ-֊քլիբները եւ դեռ բազմաթիւ ուրիշ զուարճալի յայտագիրները դիտելու, եթէ իրադարձութիւններուն մասին լուրերուն հետեւէիր՝ կը հասկնայիր «նոր»ին իմաստը։

– Բարեկամ, մէկը միւսին արգելք չէ։ Լուրերուն ալ կը հետեւիմ։ Գիտեմ որ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ, թէեւ ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ, բայց ոչ մէկ բախում
կամ արիւնահեղութիւն, ինչ որ զարմացուց եւ հիացուց աշխարհը, երկրին ղեկավարները փոխուեցան, հիները գացին նորերը եկան, աւելի երիտասարդ, նոր կառավարութիւն կազմուեցաւ, պետական իշխանութինները փոխուեցան, Նիկոլ Փաշինեան անունով՝ ժողովուրդէն շատ սիրուած պատգամաւոր մը՝ որ «թաւշեայ» կոչուած յեղափոխութեան ծնունդ տուաւ, վարչապետ ընտրուեցաւ, մեծ ու փոքր պաշտօնատարներ փոխարինուեցան եւ այդ օրէն սկսեալ ամէն օր «կոռուպցիա» պիտակին տակ «նոր բացայայտում» ըսելով ի՜նչ առաւ-փախաւութիւններ, իշխանութեան, պաշտօնի եւ հանգամանքի շահագործումներ, կողոպուտներ, չարաշահութիւններ, ապօրէն հարստացման պարագաներ մէջտեղ կը հանուին եւ ասոնց հեղինակները, ով որ ալ ըլլան, հաշուետուութեան կը կանչուին ու կը պատժուին։ Գիտե՞ս որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը դեռ անցեալ Փետրուարի իր պատկերասփռուած ելոյթին մէջ հրաւիրած է հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի անոնք որոնք նիւթական, քաղաքական կամ հոգեւոր իշխանութիւն մը ունին չսայթաքին դէպի corruption, որ մեր հասկցած «կոռուպցիա»ն է անշուշտ, «որովհետեւ, ըսած է ան, իշխանութեան եւ սեփականացման ծարաւը սահման չի ճանչնար եւ կաշառակերութիւնը մահուան գործընթաց մըն է որ մահուան մշակոյթը կը սնուցանէ»։ Բայց այս բոլորին մէջ Հայաստանին «նորը» ո՞րն է…։

– Պարզ է։ Շատ պարզ օրինակով մը բացատրեմ…։ Ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ նկատէիր որ քեզի վստահուած՝ Հայաստանը խորհրդանշող մեծարժէք թապլոյի մը համապատասխան շրջանակը, որ սահմանուած է արժեւորելու պաստառը եւ անկէ ցոլացող ազգային արժէքներն ու ազգին արժանիքները, սրելու զայն դիտողին հետաքրքրութիւնը խորհրդանիշին հանդէպ, սկսած է գունաթափուիլ, փտտիլ, ցէցերու կեր դառնալ եւ կամաց կամաց քայքայել նաեւ մեծարժէք նկարը։ Ի՞նչ պիտի ընէիր…։

– Աւերը նկարին չհասած, անմիջապէս կը փոխարինէի շրջանակը նորով մը, աւելի տոկուն, աւելի գեղակերտ ու համոզիչ, անկրկնելի եւ անփուտ նորով մը։ Ի հարկին արծաթեայ՝ միանգամ ընդմիշտ առաջքը առնելու համար փտածութեան ամէն վտանգի։

– Ճիշդ ատիկա է որ տեղի ունենալու վրայ է ներկայիս Հայաստանի մէջ…։

– Հասկցայ։ Մի՛ շարունակէր…։ Բայց չե՞ս կարծեր որ…։

– Այս անգամ դո՛ւն մի շարունակէր։ Ըսելիքդ գիտեմ…։ Մարդիկ պէտք է հասկնան որ միայն թապլոյի շրջանակին փոփոխութեամբ չէ որ ամէն ինչ կը փոխուի եւ «կոռուպցիա» կոչուած համատարած ախտը կը վերանայ եթէ իրենք շարունակեն օրէնքը եւ օրինականութիւնը փոխարինել կաշառքով։ Քաղաքացին պէտք է սորվի ո՛չ կաշառք վերցնել, ո՛չ ալ կաշառել։ Ան իր կարգին պէտք է թօթափէ խորհրդային տարիներէն ժառանգ ստացած յոռի սովորութիւնները, մտայնութիւնը, ապրելակերպը, դառնայ արժանավայել քաղաքացին «նորին»՝ որ կերտուելու վրայ է, եթէ իրապէս կ՛ուզէ Նո՛ր Հայաստան մը։ Հասկցա՛ր…։

– Ես հասկցայ, բայց մէկ ծաղիկով գարուն կու գա՞յ…։

 

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍՆ ԱԼ ԱՐՁԱՆ ՄԸ ՉՈՒՆԻ…

 

Բարեկամս, որ կը սիրէ ամէն իրիկուն ինծի հետ կիսուիլ օրուան իր կողմէ կարեւորագոյն նկատուած իրադարձութիւններու մասին իր տպաւորութիւնները, մեծ ոգեւորութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ անդրադարձաւ այդ օր Երեւանի կեդրոնը կանգնեցուած՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր եւ հասարակական մեծանուն գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման մեծաշուք հանդիսութեան։

Առանց բաղդատական մը ընելու ակնյայտ ճիգով մը, շատ աւելի համեստ գնահատականներ տալով ան յիշեցուց նաեւ քանի մը ամիսներ առաջ ուրիշ արձանի մը՝ «Ազդակ»ի վաստակաւոր ցրուիչ Ափոլլոյի արձանի տեղադրումը Պուրճ Համուտի գլխաւոր փողոցներէն մէկուն վրայ, ըսելու համար որ «մեր ժողովուրդը գիտէ նոյնիսկ իր ամենահամեստ գործիչները գնահատել»։

Միեւնոյն թեմային շուրջ իր գրեթէ մենախօսութիւնը երկխօսութիւն դարձնելու յայտնապէս բարի դիտաւորութեամբ, բարեկամս, որ հին սերունդի ազնիւ հայորդի մըն է, հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ Պօղոս Արիսի նման ժողովրդանուէր եւ ազգին մատուցած իր ծառայութիւններով անուանի հոգեւորական մը, որ մինչեւ իսկ հիմնադիրը եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ նախաձեռնողը Լիբանանի առաջին ժողովրդային բնակարաններու շինութեան, դեռ եւս արձան մը չունի եւ ոչ իսկ իր անունով փողոց մը։

Պատճառը պարզ է, ըսի։ Ան իր թիկունքին կուսակցութիւն մը չունէր, այլ միայն ժողովուրդը։

– Այսինքն ըսել կ’ուզես որ…։

– Բան ըսել չեմ ուզեր։ Միայն ճշմարտութիւնը…, ընդմիջելով պատասխանեցի։

 

 

ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ՈՒՇԱՆԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

 

– Ինչո՞ւ կ’ուշանայ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, հարցուց բարեկամս։

– Չեմ գիտեր։ Ուշացնողներուն հարցուր, ըսի։

– Իսկ որո՞նք են ուշացնողները։

– Չեմ գիտեր։ Ժողովուրդին հարցուր։

– Ուրկի՞ց պիտի գիտնայ ժողովուրդը։

– Կուսակցականներէն։

– Ինչո՞ւ։ Ժողովուրդը կուսակցակա՞ն է։

– Անշուշտ ոչ։ Բայց կուսակցականներուն կողմէ կը ղեկավարուի։

– Ուրեմն ժողովուրդը գիտէ նաեւ որ ինչո՞ւ մեր տագնապներուն լուծումը
կ’ուշանայ։

– Ի՞նչ տագնապ։

– Ջուր, ելեկտրականութիւն, աղբ եւ դեռ շատ ուրիշ բաներ։

– Թերեւս գիտէ կամ գոնէ կ’ենթադրէ…, բայց համակերպելէ տարբեր ի՞նչ կրնայ
ընել։

– Եւ մինչեւ ե՞րբ։

– Մինչեւ որ կարկանդակին համայնքային կուսակցութիւններուն միջեւ
բաժանումը վերջ գտնէ եւ համաձայնութեան մը գան։`

– Իսկ այդ բաժանումը որքան կրնայ տեւել։

– Հաւանաբար Աստուած անգամ չի գիտեր։

 

ՀԱՅՈՐԴԻ