Յուլիսի 12-ին Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Իտալիայի Ֆրիուլի-Վենեցիա-Ճուլիա մարզի Կորիցիա թեմի Աքուիլէա քաղաքին մէջ կազմակերպուած Առաջին աշխարհամարտի աւարտին նուիրուած միջոցառումներու շրջագիծէն ներս ունեցած ծաւալուն ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան՝ հետեւեալ ձեւակերպմամբ. «Այդ համաշխարհային հակամարտութիւնը հնարաւոր դարձուց այն, ինչ մինչ օրս մեզ սարսափով կը լեցնէ. սկիզբը զանգուածային կոտորածներու, որոնց զոհն էր հայկական բնակչութիւնը (որուն օգնութեան կը հասնէր այն ժամանակ գրեթէ միայն Սուրբ Աթոռը)` այն աստիճանի, որ նոր, մինչ այդ որեւէ բառարանի մէջ գոյութիւն չունեցող բառ ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կը յառաջանար՝ «ցեղասպանություն», որն այսօր, ցաւօք, ներկայի բառապաշարին մաս կը կազմէ»:
«Պատերազմը, բոլորին համար պարտութիւն է, Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն 100 տարիներ ետք» խորագիրով դասախօսութեան ընթացքին Կարդինալը անդրադարձած է այդ շրջանին Սուրբ Աթոռի եւ յատկապէս Պենեդիկտոս ԺԵ. երջանկայիշատակ քահանայապետի ջանքերուն՝ կասեցնելու համար այդ «անիմաստ սպանդը» որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ եւ որուն վէրքերը անջնջելի հետքեր թողուցին մարդկութեան պատմութեան մէջ։
Կարդինալ Փարոլին իր երկարաշունչ դասախօսութիւնը եզրափակած է Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերով. « Պատերազմը կը կործանէ ու կը կործանէ նաեւ այն ինչ որ Աստուած ստեղծեց որպէս գեղեցիկ՝ մարդ արարածը։ Պատերազմը կը քանդէ ամէն ինչ, նոյնիսկ եղբայրներու միջեւ կապերը։ Պատերազմը խելագարութիւն է ու անոր զարգացումի ծրագիրը կործանում է…։ Բոլոր այդ անիմաստ սպանդի ու բոլոր ժամանակներու խելագար պատերազմներու զոհերուն համար, մարդկութիւնը կարիքն ունի արտասուելու ու այժմ ժամն է արտասուքի»։ Ծիրանաւորը մէջբերած է նաեւ շաբաթ 7 յուլիս 2018-ին Պարի քաղաքին մէջ կայացած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար աղօթքի ու խորհրդածութեան առթիւ Քահանայապետին յորդորը. «Քրիստոնեաները աշխարհի լոյսն են, ոչ միայն երբ մեր շուրջ ամէն ինչ գեղեցիկ է, այլեւ պատմութեան խաւար պահերու ընթացքին, անոնք չեն համակերպիր մթութեան ու յոյսի պատրոյգը կը սնուցանեն աղօթքի եւ սիրոյ իւղով»։
«Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ, յուլիսի 13-ին Իտալիայի հեղինակաւոր «Իլ Մեսաճերօ» թերթի Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած յայտնի լրագրող Ֆրանկա Ճանսոլդատի մեկնաբանութիւն հրապարակած է Կարդինալ Փարոլինի ելոյթի առնչութեամբ, հետեւեալ վերտառությամբ՝ «Կարդինալ Փարոլին կը կշտամբէ ժխտողները. 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է»:
Եթէ Թուրքիայի կառավարութիւնը 103 տարի յետոյ յամառօրէն կը փորձէ հերքել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը, Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, առանց երկբայելու, կը դատապարտէ ժամանակի օսմանեան կառավարութիւնը՝ հայկական փոքրամասնութեան բնաջնջման ծրագրին համար: Աքուիլէա քաղաքին մէջ կայացած «Հարիւր տարի առաջին աշխարհամարտի աւարտէն յետոյ» թեմայով ելոյթի ժամանակ, Կարդինալը՝ ընդգծելով, թէ ինչպէս քաօսը կրցած է քայքայել «Եւրոպայի մէջ տիրող միջազգային կարգը՝ առանց յաջողելու փոխարինել այն արդար եւ տեւական ձեւով» անդրադարձած է այդ ժամանակաշրջանի ամենասեւ էջին: