ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Կը գտնուինք կրթական վերամուտի նախօրեակին։

Այս օրերուն, ծնողք դարձեալ տարուած են բազմատեսակ մտահոգութիւններով՝ առաւելաբար նիւթական։

Այս մտահոգութիւնները երբեք անտարբեր չեն ձգած ու չեն ձգեր Հայկական կրթօճախներու հոգատար մարմինները եւս, որոնք այդ մտահոգութիւնները գէթ մեղմացնելու իրենց պատրաստակամութեան ու աշխատանքին վկայութիւնը տուած են ու կը շարունակեն տալ։ Այս ճշմարտութիւնը հաստատող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին յատուկ յիշատակութեան արժանի է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին միջամտութեան շնորհիւ՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին իշխանավայել օժանդակու-թիւնը Հայ կաթողիկէ զոյգ վարժարաններուն՝ Մեսրոպեանին եւ Սուրբ Խաչ –
Հարպոյեանին։

Միւս կողմէ, սակայն, ազգային նուազագոյն նախանձախնդրութեան տէր ծնողները այս օրերուն իրենց կարգին կոչուած են իրենց զաւակներուն ուսումնառութիւնը միա՛յն Հայ դպրոցին վստահելու հրամայականին գիտակցութիւնը ցուցաբերելու,

որովհետեւ՝

Հայ Դպրոցը ոչ միայն քարեղէն կառոյց մը չէ, ոչ ալ լոկ գիտելիքներ ջամբող ուսումնարան մը, այլ դարբնոցն է հայակերտումի։ Ան անփոխարինելի կամուրջն է Հայու արմատներուն եւ անոր ապագային միջեւ։

Դպրոցը՝ հայերուս համար քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի նուիրական առաքելավայր մըն է, ուր պետական ուսումնական ծրագրին զուգահեռ նորահաս սերունդներուն կը ջամբուին հայեցի կրթութիւն, հայ աշակերտին ինքնութիւնը զօրացնող ազգային ու մշակութային արժէքներ, տոհմային աւանդութիւններ, հայոց պատմութիւն եւ մանաւանդ Լուսաւորչեան ջինջ Հաւատքը։ Անոնց կը փոխանցուին հայրենասիրութեան ոգի եւ Ազգին նուիրական սրբութիւնները, որպէսզի Հայ Դպրոցէն դուրս եկած ամէն Հայ երիտասարդ ու երիտասարդուհի յետագային դառնայ իր ժողովուրդի քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն ու մարդկային արժանիքներուն ջահակիրը եւ հայկական պահանջատիրութեան զինուորագրեալը։

Հայ Դպրոցի ուսերուն կը ծանրանայ միաժամանակ տիպար, օրինապահ եւ յարգանքի արժանի քաղաքացիներ պատրաստելու պարտականութիւնը։

Մէկ խօսքով, Հայ Դպրոցին վկայականը յաւերժագիրն է Հայութեան՝ զայն յատկանշող արժէքներուն ու արժանիքներուն փոխանցումով իրարայաջորդ սերունդներուն։ Իսկ այդ արժէքներուն մեծագոյնն ու կարեւորագոյնը Լուսաւորչեան Հաւատքն է անտարակոյս։ Ահա թէ ինչու Հայու ինքնութեան պահպանումին առաջին երկու կռուաններուն՝ ընտանիքին ու դպրոցին յենարանն է Եկեղեցին։

Հայ Դպրոցի այս առաքելութեան գիտակցութիւնը ցուցաբերելու հրաւիրուած ենք բոլորս, մեզմէ իւրաքանչիւրը, եւ առաջին հերթին ծնողները, որոնք պէտք է գնահատել գիտնան մեր դպրոցները հովանաւորող մարմիններուն աշխատանքը ի խնդիր իրենց զաւակներու դաստիարակութեան եւ ուսումնառութեան լաւագոյն պայմաններու ապահովումին։ Աւելին, անոնք պէտք է կամաւոր մասնակիցը ըլլան այդ աշխատանքին, ի հարկին նուազագոյն զոհողութիւններու գնով։

Ծնողք երախտապարտ պէտք է ըլլան իրենց զաւակներու հայեցի ու քրիստո-նէական դաստիարակութեան, առողջ կազմաւորումին եւ հոգեմտաւոր զարգացումին նուիրուած Հայ Դպրոցին։ Անոնք երախտապարտ պէտք է ըլլան Հայ Դպրոցի ուսուցչակազմերուն, դաստիարակներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնց հոգատարութեան կը յանձնեն իրենց զաւակները։ Անոնք միաժամանակ պէտք է դառնան Վարժարանին, ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն խորհրդակիցը, գործակիցը ու աջակիցը, որովհետեւ առանց ծնողաց օգնութեան ու զօրակցութեան, Դպրոցին համար դժուար պիտի ըլլայ քայլ պահել ուսումնառութեան եւ դաստիարակութեան ժամանակակից պայմաններուն ու պահանջներուն հետ, արդարացնել բոլորիս, եւ առաջին հերթին նոյնինքն ծնողաց ակնկալութիւնները Հայ Դպրոցէն։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ