MONDIAL 2018 ԴԻՏԵԼՈՎ – ԵԹԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՆ ԱԼ ՖՈՒՏՊՈԼԻՍՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱՅԻՆ…

MONDIAL 2018 ԴԻՏԵԼՈՎ  – ԵԹԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՆ ԱԼ ՖՈՒՏՊՈԼԻՍՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱՅԻՆ…

Ինչպէս անգամ մը եւս ցոյց տուաւ ֆուտպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը (Mondial 2018) որ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի մէջ անցեալ յունիս 14-յուլիս 15 եւ աւարտեցաւ Ֆրանսայի ազգային խումբին աշխարհի ախոյեան հռչակումով, ֆուտպոլը ոչ միայն ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող մարզաձեւն է, այլ աշխարհի ամէնէն աւելի բազմամարդ հաւաքներու առիթ հանդիսացող միջազգային իրադարձութիւնը։

Շատ շատերու նման, ես ալ դիտեցի Mondial 2018-ի 32 «խաղերէն» շատերը, բայց դիտեցի գեղեցիկ խաղարկութիւն մը վայելելու ակնկալութեամբ՝ նախասիրած խումբ մը չունենալով։ Նախասիրութիւնս գեղեցիկ խաղարկութիւնն էր միայն։ Յուսախաբ ալ չեղայ։ Հոյակապ էին թէ «խաղերը» եւ թէ 22 «խաղցողները»՝ իւրաքանչիւր կողմի «11»երը՝ ինչպէս սովոր էինք կոչել մօտիկ անցեալին։ Դիտեցի նաեւ իւրաքանչիւր խաղին մասնակցող միւս «22»ները, որոնք բառին իսկական առումով ողողած էին մարզադաշտերուն «թրիպիւնները»՝ իրենց նախասիրութիւնը արտայայտող դրօշակներով, շապիկներով, գլխարկներով, մինչեւ իսկ դէմքերուն վրայ գծագրութիւններով եւ անշուշտ բացագանչութիւններով։ Դիտեցի իւրաքանչիւր խաղի 90 վայրկեաններու ընթացքին մարզադաշտին վրայ եւ երբեմն «թրիպիւններուն» մէջ արձանագրուած մրցոյթային միջադէպերը, իրաւարարներուն կտրուկ միջամտութիւնները եւ ասոնց որոշումներուն դէմ առարկելու ապարդիւն փորձերը, ապարդիւն՝ որովհետեւ պարզապէս մրցավարներ չէին անոնք՝ այլ նաեւ բառին ամբողջական առումով իրաւարար, դատաւոր։

Դիտեցի այս բոլորը եւ դեռ աւելին, ու աւարտին մտածեցի թէ՝ 

Ֆուտպոլը՝ դասական հասկացողութեամբ մարզաձեւ մը ըլլալէ աւելի մարզախաղ մըն է՝ իր հանրամատչելիութեամբ, գնդակը մանուկներուն ամէնէն սիրած խաղալիքը ըլլալով։ Գնդակ մը ունեցող մանուկը արդէն ֆուտպոլիստ դառնալու յաւակնորդ կրնայ ըլլալ։

Սակայն, գնդակը միայն գլուխով կամ ոտքով հակառակորդի դարպասէն ներս խփելով չէ որ մարդ իրական ֆուտպոլիստ կը դառնայ։ Առողջ ֆիզիքականը բաւարար չէ։ Հարկաւոր է նաեւ առողջ միտքն ու դատողութիւնը՝ գերազանց ու նպատակասլաց խաղարկութիւն ցուցաբերելու համար։

ֆուտպոլը կ՛արթնցնէ ու կը մշակէ խմբային աշխատանքի (խաղի) ոգին եւ արդիւնքին մէջ իր բաժինը ու պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս կ՛ունենայ այդ աշխատանքին իւրաքանչիւր մասնակից։ Հասարակաց նպատակի մը շուրջ խմբային աշխատանքի (խաղի) փորձառութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ ֆուտպոլիստին (անհատին) ոչ միայն խաղադաշտին վրայ, այլ անոր ամենօրեայ կեանքին մէջ՝ անոր ցուցաբերած լայնամտութեամբ եւ ուրիշին բացուածքով։

Դաշտին վրայ, տարբեր դիրքերու վրայ կանգնած ֆուտպոլիստները իրարու թշնամիներ չեն, այլ պարզապէս լաւագոյնի մրցակիցներ։

ֆուտպոլի խաղը կարգապահութեան, օրինապահութեան, ճշմարտաքննութեան օրինակ կրնայ ըլլալ, իր մրցավարներու որոշումներուն անառարկելիութեամբ, օրինախախտ ֆուտպոլիստը պատժելու անոնց իրաւասութեամբ իբրեւ դատաւորներ եւ իրաւարարներ։

Պարոն Փիէռ տը Գուպերթէնի, արդի Ողիմպիական խաղերու հիմնադրին այն հաստատումը թէ մարմնամարզը մարդու կազմաւորումին ամէնէն արագ եւ ամէնէն ազդու միջոցն է եւ թէ մարմնամարզը պիտի հանդիսանայ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան, հասկացողութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ամէնէն հարազատ գործիքը, ի զօրու է մանաւանդ ֆուտպոլին համար։

Մանաւանդ ֆուտպոլին համար ի զօրու է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին այն հաստատումը որ սպոռը միայն զբօսանք կամ զուարճութիւն չէ, այլ մանաւանդ հանդիպումի, եղբայրութեան եւ միասնականութեան մշակոյթը զարգացնելու գործիք մը եւ այսպէսով՝ աւելի խաղաղ ու աւելի արդար աշխարհ մը կերտելու ապահով միջոցը։

Ինչքան դժուարութիւններ պիտի յաղթահարուէին եւ ինչքան խնդիրներ իրենց լուծումը պիտի գտնէին եթէ մեր, եւ ընդհանրապէս, պետական-քաղաքական գործիչները ֆուտպոլիստի կազմաւորում ունենային եւ ֆուտպոլիստի ոգիով գործէին։

 

18/07/2018

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ