ԱՅՆՃԱՐԻ «ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՏԱՆ» ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՍՈՐՎԵՑԱՆ «ՃԱՆՉՆԱԼ ԲԱՐԻՆ ԵՒ ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴԸ»

ԱՅՆՃԱՐԻ «ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՏԱՆ»  ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՍՈՐՎԵՑԱՆ «ՃԱՆՉՆԱԼ ԲԱՐԻՆ ԵՒ ԸՆՏՐԵԼ ՃԻՇԴԸ»

«Ճանչցի՛ր Բարին եւ ընտրէ՛ Ճիշդը» խորհրդանշական թեմային ներքեւ տեղի ունեցաւ 2018-ի մանկապատանեկան անվճար ամառնային ճամբարը Այնճարի «Աղաճանեան Սանուց Տան» մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն: Այս իւրայատուկ ծրագրին նպատակն է մանուկներու եւ պատանիներու հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը:

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս ճամբարը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով՝ յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն, առաջնորդութեամբ՝ հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի, մասնակցութեամբ հայր Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի (երկրորդ հանգրուանին) եւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի (երրորդ հանգրուանին), ինչպէս նաեւ աջակցութեամբ՝ Զմմառու վանքի ժառանգաւորներուն եւ խումբ մը կամաւոր ու եռանդուն երիտասարդներու: Այս տարի ընդհանուր մասնակցութիւնը հասաւ աւելի քան 120 պատանիներու Այնճարէն, Պուրճ Համուտէն եւ շրջակայքէն:

Առաջին հանգրուանին (2-էն 14 յուլիս), 39 պատանիներ (10-էն 14 տարեկան) մասնակցեցան հոգեւոր նիւթերու եւ պահերու, զարգացման նիւթերու եւ մրցումներու, մարզական եւ սկաուտական այլազան խաղերու, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագրի մը եւ ընկերային ճոխ հաւաքներու: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան խանդավառ օրեր անցնելու «Շամս Փալաս» լողաւազանին մէջ եւ մասնակցելու Այնճարի մէջ զբօսաշրջային յատուկ օրապտոյտի մը կազմակերպութեամբ պարոն Ժանօ Փամպուքեանի: Աւարտին՝ ուրբաթ 13 յուլիսին բաշխուեցան յատուկ վկայագիրներ, մրցանակներ ու յուշանուէրներ ճամբարի մասնակիցներուն:

Երկրորդ հանգրուանին (17-էն 29 յուլիս), 41 պատանի-պարմանուհիներ (10-էն 14 տարեկան) իրենց կարգին մասնակցեցան դարձեալ հոգեւոր նիւթերու եւ պահերու, զարգացման նիւթերու եւ մրցումներու, մարզական ու սկաուտական այլազան խաղերու, գեղարուեստական յայտագրի՝ ընկերային ճոխ մթնոլորտի մը մէջ: Անոնք յատուկ շրջապտոյտով մը այցելեցին Պեքաայի «Masterchips» եւ «Kassatly» գործարանները, Զահլէի Տիրամայր Ֆաթիմայի հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ «Սայիտէթ Զահլէ» հանրածանօթ աղօթատեղին: Ինչպէս նաեւ մասնակիցները առիթը ունեցան խանդավառ օրեր անցնելու «Շամս Փալաս» լողաւազանին մէջ եւ մասնակցելու Այնճարի մէջ զբօսաշրջային յատուկ օրապտոյտի մը: Աւարտին՝ շաբաթ 28 յուլիսին դարձեալ բաշխուեցան յատուկ վկայագիրներ, մրցանակներ ու յուշանուէրներ ճամբարի մասնակիցներուն:

Երրորդ հանգրուանին (13-էն 25 օգոստոս), 37 երկսեռ փոքրեր (7-էն 10 տարեկան) մասնակցեցան այլազան յայտագիրներու: Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի առաջնորդութեամբ հետեւեցան հոգեւոր նիւթերու եւ պահերու, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան լեզուական զարգացման աշխատանքներու, մարզական եւ սկաուտական այլազան խաղերու, գեղարուեստական յայտագրի եւ ընկերային ճոխ հանդիպումներու: Անոնք իւրայատուկ շրջապտոյտով մը այցելեցին հիւսիսային տեսարժան շրջաններ՝ մայրիներու անտառ (Արզ), Տիման, Պքաքաֆրա եւ Պէշուէթ աղօթավայրերը: Մասնակիցները իրենց օրակարգին մէջ առիթը ունեցան խանդավառ օրեր անցնելու «Նարեկ» լողաւազանին մէջ եւ մասնակցելու Այնճարի մէջ զբօսաշրջային յատուկ օրապտոյտի մը: Աւարտին՝ ուրբաթ 24 օգոստոսին բաշխուեցան յատուկ վկայագիրներ, մրցանակներ եւ յուշանուէրներ ճամբարի մասնակիցներուն: Յաջորդ առաւօտ՝ փոքրերը հրաժեշտ տուին եւ սքանչելի յիշատակներով վերադարձան Պէյրութ: