«Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհ. 13,31-14,14)

«Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհ. 13,31-14,14)

Եթէ փորձենք մեկնաբանել Աւետարանի սոյն հատուածը, կրնանք հատորներ լեցնել։ Հետեւաբար, ես պիտի կեդրոնանամ միայն երեք համարներու վրայ, որոնց շուրջ պիտի կատարեմ խորհրդածութիւնս:

Առաջինը. «սիրեցէ’ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ Ինչո՞ւ այս պատուիրանը վերջինը ըլլալով հանդերձ՝ հիմնականը դարձաւ:

Որովհետեւ Յիսուս կը վախնար, որ աշակերտները իր հրաժեշտէն ետք իրարմէ հեռանան:

Եթէ կարդանք սոյն համարին նախորդող բաժինը՝ «ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս», ապա պիտի տեսնենք, որ Ան գիտէր թէ իր աշակերտներէն մէկը զինք պիտի մատնէր եւ իր մտավախութիւնը այն էր, որ իր մեկնումէն ետք ի՞նչ պիտի կատարուէր անոնց մէջ:

Միայն Յիսուս ի՛նքը գիտէր թէ ինչ պիտի կատարուի իր հետ, ո՞ւր պիտի երթայ, ինչո՞ւ պիտի երթայ եւ ե՞րբ պիտի երթայ, որովհետեւ աշակերտները եթէ գիտնային թէ ի՞նչ պիտի պատահէր իրենց Վարդապետին, ապա այսքան հարցադրումներ պիտի չ’ընէին:

Ան հրաժեշտի խօսքերով կը սկսի իր խրատները ըսելով՝ որդեակներս. այս բառը ամէն ոք չէ, որ կը գործածէ, ասով կը բացայայտենք Քրիստոսի սէրը եւ գուրգուրանքը հանդէպ իր աշակերտներուն: Ապա, երբ Ան կը շարունակէ ըսելով «ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք», ըսել կ’ուզէ, որ եթէ մէկը ուզէ ճանչնալ Քրիստոնէական վարդապետութեան էութիւնը, այս խօսքերուն ընդմէջէն կրնայ պատկերացում մը կազմել անոր մեծութեանը։ Նոյնիսկ այն օրերու հեթանոսները երբ բարիի օրինակը տալ ուզէին, իրարու կ’ըսէին. «Սորվեցէ’ք քրիստոնեաներէն թէ ինչպէ՞ս զիրար կը սիրեն», իսկ քուրմերը կ’ըսէին. «Տեսէ’ք քրիստոնեաները ինչպէ՞ս զիրար կը սիրեն առանց զիրար ճանչնալու»։

Առաւել եւս Յովհան Ոսկեբերանը կ’ըսէ. «Սէրը պատուիրաններուն մէջ ամենավեհն է, եւ այս պատուիրանով անհատը կը պարպուի իր հին հանդերձանքէն եւ կը զգենու նոր մարդը»։

Այն ատեն աշակերտները պահ մը շփոթած մնացին մինչեւ որ Յիսուս աւելցուց. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք»:

Ես եմ ճանապարհը։ Ի՛նքն է, որ իր միջոցաւ մեզ պիտի հասցնէ Հօրը: Այն ճանապարհն է որ իր խաչելութեամբ մեզի համար հարթեց հասնելու դէպի յաւիտենական կեանք:

Ճշմարտութիւնը ի՛նքն է, որ յաղթեց սատանային, կեղծը փոխարինելով իսկութեամբ. միայն իրմով կը հասնինք ճշմարտութեան:

Կեանքը։ Վստահ այս անցողիկ կեանքի մասին չէ խօսքը, այլ՝ յաւիտենական կեանքի մասին: Ուստի քրիստոնեան պէտք չէ վախնայ մահէն։ Ճիշտ է որ նախքան Քրիստոնէութիւնը՝ մարդիկ չէին գիտեր, թէ յետ մահու ո՞ւր պիտի երթային եւ ի՞նչ պիտի կատարուէր իրենց հետ, սակայն Յիսուսին գալուստէն ետք, գիտցանք թէ մենք մեր գործերուն հետեւանքով՝ մահէն ետք ո՞ւր պիտի երթանք։ Ան յաղթեց մահուան, եւ անով մեզի նոր կեանք եւ աւիւն պարգեւեց:

Ուրեմն, «ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» ըսելով Յիսուս ըսել կ’ուզէ թէ ի՛նքն է սկիզբը, վերջը եւ կեդրոնը:

Սուրբ Օրեկանոս շատ գեղեցիկ ձեւով կը բնութագրէ սոյն խօսքը, ըսելով. «Այս ճանապարհը խիստ նեղ է, ուր բացառուած է սխալը. որովհետեւ ան է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի վեհ եւ վսեմ Հօրը»։

Այն սէրը, զոր Յիսուս մեզի տուաւ, ուզեց հետեւեալ խօսքերով հիմնաւորել. «Հաւատացէ’ք ինծի, ես Հօր մէջն եմ եւ Հայրը՝ իմ մէջս: Կամ գոնէ գործերուն համար հաւատացէ’ք»։ Այս համարով ան փաստեց իր մտավախութիւնը աշակերտներուն եւ Քրիստոնէական վարդապետութեան անէացման մասին:

Ան իր Գործերով ապացուցեց՝ թէ ինք Աստուծոյ որդին է, եւ իր ընթացքը վկայեց այն ճշմարտութիւնը, թէ ինք կ’իրագործէ Հօրը ծրագիրը, որովհետեւ իր բոլոր գործերը հիմնուած են բարիի եւ սիրոյ վրայ եւ դէպի փրկութիւն կը հասցնեն մեզ:

Աւետարանի այս հատուածը հարուստ է Աստուածաբանական եւ գործնական կեանքի իմաստով:

Որովհետեւ մեր կեանքի ընթացքին իւրաքանչիւր գործ, որուն կը ձեռնարկենք կը բխի սէրէն, իսկ սէրը չի ծնիր չարը՝ այլ կեանքը:

Հետեւաբար, սիրե՛նք Յիսուսը, հաւատա՛նք Անոր գործերուն, եւ արտօնենք, որ Սուրբ Հոգին ներգործէ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, որպէսզի փառաբանուի Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին:

ԵՂԲ. ԺԻՒԼԻԱՆ (ԼԵՒՈՆ) ՍՏԵՖԱՆ