Շնորհաւորութիւններ… Բարեփոխութիւններու ակնկալութեամբ

Շնորհաւորութիւններ… Բարեփոխութիւններու ակնկալութեամբ

Հայաստանը՝ օրինակ համայն աշխարհին

Մինչ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ համայն հայութիւնը կը յիշատակէ ու կը տօնէ 100-ամեակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Հայաստանը բարեփոխութիւններու ակնկալութեան նոր հանգրուանի մը կը ձգտի: Ժողովրդային ձգտումը արտայայտող յեղափոխութեամբ մը Հայ ժողովուրդը այս անգամ օրինակ կը դառնայ համայն աշխարհին: Միջազգային հաղորդամիջոցներն ու լրատուամիջոցները հիացական զարմանքով դիտեցին պատահածը, ու գնահատանքով նկարագրեցին դէպքերը: Որովհետեւ, յեղափոխութիւն մը ընդհանրապէս կատաղի ու ծայրայեղ արտայայտութիւններով կը պատկերացուի՝ արիւն, մահ, սպանութիւն, խառնաշփոթ, հայհոյանքներ…։ Սակայն Հայաստանի պարագային, ընդհակառակը, արտասովոր երեւոյթի մը առջեւ գտնուեցանք: Ֆրանսական «France Culture» թերթը պատահածը խորագրեց «Սիրոյ, բարեկամութեան եւ խաղաղութեան թաւշեայ յեղափոխութիւն»:

Առիթով մը Հայաստան կը գտնուէի, եւ, ինչպէս միշտ, ուզեցի Ծիծեռնակաբերդ ուղղուիլ, աղօթքս բարձրացնելու առ Աստուած մեր նահատակներուն բարեխօսութիւնը խնդրելու համար: Taxi մը կանչեցի, եւ վառորդէն խնդրեցի, որ զիս ցեղասպանութեան թանգարան հասցնէ: Ճանապարհին, մինչ կը խօսակցէինք, ան՝ շատ համարձակ ոճով մը ըսաւ. «Դուք՝ սփիւռքահայերդ, այս թանգարանը պէտք չէ ցեղասպանութեան թանգարան կոչէք, այլ՝ շնորհակալութեան թանգարան: Դո՛ւք պէտք է թուրքերուն շնորհակալութիւն յայտնէք, որ օր առաջ ձեզ դուրս դրին այս երկրէն: Ահա ես, արդէն ընտանիքս փոխադրեցի Ռուսաստան, եւ հիմա եկած եմ ինչքերս ամբողջովին ծախելու, եւ երթալու»: Վառորդին այս յոռետես արտայայտութիւնը ցաւ ու կսկիծ պատճառեց ինծի: Թերեւս պիտի ըսէք թէ ի՞նչ կարեւորութիւն կրնայ ունենալ անհատի մը, այն ալ վառորդի մը կարծիքը։ Այո՛, սակայն ինծի նման քանինե՞ր, անոր հետ շրջագայած ատեն, իրենց հայրենիքի մասին կը լսէին այսպիսի ափսոսալի արտայայտութիւններ, որոնք ընդհանուր վիճակի մը ենթակայական արտայայտութիւնը կրնային ըլլալ պարզապէս, սակայն վատ տպաւորութիւն ձգել այցելուին վրայ։ Հայ թէ օտար, իւրաքանչիւր այցելուի մաղթանքն է որ այս երեւոյթը շրջուած ըլլայ այսօր թաւշեայ յեղափոխութեամբ, որ ժողովուրդի թեկնածուն հասցուց վարչապետութեան դիրքին՝

 

 

ասոր մէջ տեսնելով բարեփոխութիւններու հանգրուանին ազդանշանը, ազդանշանը լաւատեսութեան, Հայաստանէն գաղթած քաղաքացիներու տուն դարձին, արդար ու յիրաւի փոփոխութիւններու իրականացումին։ Յոյսով ենք միշտ, լաւագոյնը մաղթելով մեր Հայրենիքին, մեր հզօր ու կայտառ Հայաստանին:

Ինչպէս որ յեղափոխութեամբ օրինակ դարձանք համայն աշխարհին, հերթն է որ պայծառ եւ յուսալի ապագայի մը գրաւականը հանդիսացող փոփոխութիւններով եւս օրինակ դառնանք համայն մարդկութեան:

Շնորհաւոր ըլլայ Հայաստան:

Ո՞ւր էր Լիբանանցիներուն միւս կէսը

2018-ի մայիսի 6ին, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, թեկնածուները կը յուսային որ լիբանանցիները պիտի խուժէին ընտրական կեդրոնները, որպէսզի մեծ վստահութեամբ եւ հաստատ տեսլականով ընտրէին երեսփոխաններու նոր խմբակ մը: Սակայն անոնք յուսախաբ մնացին, երբ օրուան աւարտին, տեսան թէ լիբանանցիներուն միայն 49.2% մասնակցած է ընտրութեան, ներառեալ գաղթա-կան լիբանանցիները որոնք դեսպանատուներուն մէջ քուէարկեցին, եւ ոմանք մինչեւ իսկ նախընտրեցին Լիբանան գալ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերել:

Ո՞ւր էր Լիբանանցիներուն միւս կէսը: Ինչո՞ւ չմասնակցեցաւ այսպիսի վճռորոշ իրադարձութեան մը, որ յոյս կը ներշնչէ որոշ դրական փոփոխութեան: Այս կէսին ձեռնպահութեան պատճառները բազմաթիւ են անշուշտ, բայց մանաւանդ եւ առաջին հերթին, անոնք համոզուած չէին որ կրնան արդարօրէն ներկայացուած ըլլալ իրենց իսկ քուէներով ընտրուած երեսփոխաններուն կողմէ, որովհետեւ ընտրութիւններուն յաջորդող օրերէն իսկ սկսեալ, ոչ ոք իրենցմով պիտի հետաքրքրուի:

Ապա, այդ միեւնոյն կէսը որ զանցառելի զանգուած մը չէ, հաւանաբար դադրած է յուսալէ, դադրած է հաւատալէ փոփոխութեան հնարաւորութեան, մտածելով որ ինչ ալ ընեն, ոչինչ պիտի փոխուի:

Եւ վերջապէս, անոնք թերեւս կորսնցուցած են քաղաքացի ըլլալու զգացումը։ Հետեւաբար, չեն ուզեր կատարել իրենց օրինական պարտականութիւնները: Որովհետեւ իրաւունքներ չեն ստանար, ուրեմն ինչո՞ւ պարտական ըլլալ:

Իրաւունք ունին թերեւս: Բայց նաեւ պէտք է որոշ չափով լաւատես ըլլալ, պէտք է հաւատալ, թէ միշտ որոշ յոյս մը կայ փոփոխութեան, պէտք է ընդունիլ թէ իւրաքանչիւր անհատի ձայնը կրնայ նոր ու պայծառ հանգրուանի մը սկիզբ տալ: Յամենայն դէպս, ով որ ընտրեց՝ վարձքը կատար, ով որ ընտրուեցաւ՝ շնորհաւոր ըլլայ, սակայն ով որ չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, կը կարծեմ թէ իրաւունք չունի այլեւս դժգոհելու, իրաւունք չունի հաշիւ պահանջելու, որովհետեւ երբ առիթը ներկայացաւ իրեն փոփոխութեան ուղղութեամբ քայլ մը առնելու, զայն մերժեց: Նախ կատարէ՛ պարտականութիւնդ, որպէսզի իրաւունքի տէր ըլլաս եւ հաշիւ պահանջես:

Շնորհաւոր ըլլայ Լիբանան:

Ս. Կ.