Այնճարի Աղաճանեան Սանուց Տան նորակառոյց մարզադաշտին բացումը 24 յունիս 2018, կիրակի, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, տեղի ունեցաւ որքան հանդիսաւոր շուքով, նոյնքան ժողովրդական տօնախմբութեան մթնոլորտի մը ներքեւ։ Հանդիսաւոր՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Պապական նոր Նուիրակ Արհի. Ժոզէֆ Արք. Սբիթերիի, Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Ժողովի Ընդհանուր Քարտուղար Արհի. Նունցիօ Արք. Կալանթինոյի, լիբանանեան Քարիթասի նախագահին, Մալթայի դեսպանին, լիբա-նանեան խորհրդարանի նախկին եւ ներկայ անդամներու, հայաւանի քաղաքապետին, հայկական միութիւններու ղեկավարներու, ժողովրդական՝ ոչ միայն հայաւանի բնակիչներու, այլ նաեւ Պէյրութէն ժամանած մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան եւ Հայ կաթողիկէ Հայրապետին ժամանումը ողջունող պաստառներով եւ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբին հնչեցուցած խանդավառ եղանակներով։
Յընթացս Սուրբ Պատարագին նախ ֆրանսերէնով, ապա հայերէն խօսք առնելով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ անդրադարձաւ օրուան զուգադիպող Սուրբ Յովհաննու Կարապետի ծննդեան տօնին եւ այս տօնին նշանակալի խորհուրդին քրիստոնեային համար։ Ապա ան ըսաւ թէ Սուրբ Պատարագը որ կը մատուցուի գոհաբանական է փառք տալու համար Աստուծոյ որ հնարաւոր դարձուց Սանուց Տան վերականգնումը, շնորհիւ Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն եւ համայն իտալացի ժողովուրդին իշխանական աջակցութեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ եկեղեցւոյ եւ իտալացի ժողովուրդին, որոնց աջակցութիւնը այս տարի չսահմանափակուեցաւ Աղաճանեան Սանուց Տան, այլ նաեւ ընդգրկեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան երկու վարժարանները՝ Մեսրոպեան եւ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան՝ լրացնելու համար անոնց պիւտճէներուն մէջ յառաջացած բացը։ Հակիրճ ակնարկ մը նետելով այն ողբերգական պայմաններուն որոնք ծնունդ տուին Աղաճանեան Սանուց Տան, Հոգեւոր Տէրը նշեց որ այս Տան ծնունդը արդիւնքն է ազգին կարիքաւոր մանուկները անօգնական չձգելու մեծանուն Կարդինալին ցանկութեան։ Նշելով որ Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կը պարտինք Կարդինալ Աղաճանեանին, ան ըսաւ որ Կարդինալ Աղաճանեան եղաւ Սուրբ Աթոռի դեսպան եւ 25 տարի անընդմէջ տիեզերական Եկեղեցւոյ անոր մատուցած անգնահատելի ծառայութիւնները զինք ոչ միայն արժանացուցին միջազգային յարգանքի, այլ զինք դարձուցին Պապութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն։ Ապա, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ոգեկոչեց Ծիրանաւորին յիշատակը՝ ըսելով որ անոր սրբակենցաղ կեանքը, մարդասիրական ու եկեղեցանուէր արժանիքները զինք կը դարձնեն սրբադասութեան արժանի։ Այս պատճառով ալ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեռնարկած է անոր սրբադասման դատի բացման նախապատրաստական աշխատանքին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Աղաճանեան Տան սաները հանդէս եկան համերգով մը արժանանալով ներկաներու քաջալերական ծափերուն։
Ապա խօսք առաւ Պապական Նուիրակ՝ Արհի. Ժոզէֆ Սբիթերի։ Ան նախ փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնն ու ողջոյնը եւ ապա կարիքաւոր մանուկներուն հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը նկատեց աստուածային սիրոյ արտայայտութիւնը հանդէպ անոնց որոնք ընկերութեան ապագան են։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Տան նորակառոյց մարզադաշտին բացումը, որ կու գար լրացնելու սաներու նաե՛ւ ֆիզիքական կրթութեան համար անհրաժեշտ պայմանները։
Հուսկ, ներկաները համախմբուեցան սիրոյ սեղանին շուրջ, որ առիթ մը եղաւ իրենց գնահատանքը արտայայտելու այն հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանքին որ կը տանի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը առաջնորդութեամբ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տիրոջ, ի խնդիր ազգին կարիքաւոր զաւակներու հոգատարութեան ու դաստիարակութեան եւ ի յիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին։ Այս գնահատանքին թարգմանը հանդիսացաւ յատկապէս հայաւանին քաղաքապետը՝ Պր. Վարդգէս Խոշեան։