Հ. ԵՂԻՇԷ ՎՐԴ. ՃԷՆՃԻ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Հ. ԵՂԻՇԷ ՎՐԴ. ՃԷՆՃԻ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

23 Ապրիլ 2018։ Օրը երկուշաբթի։

Հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճի վաղ առաւօտեան դէպի Դամասկոս ճանապարհին վրայ, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով հոգին կը յանձնէ իր Արարչին, խոր սուգի մատնելով Հայ կաթողիկէ Բերիոյ թեմին կղերական դասը, հարազատները, զինք սիրող հասարակութիւնը եւ ամբողջ հալէպահայութիւնը։

Սիրելի Վարդապետ, վստահաբար Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին հետ ժամադրութեանդ տէր ըլլալու համար է որ այդքան արագ կը սուրայիր։

Սիրելի Վարդապետ, շատ կանուխ մեկնեցար այս աշխարհէն, ուր թողուցիր ժողովուրդդ, գործակից եղբայրներդ, հայ դասական երաժշտութիւնը աշխարհի վայելքին ընծայելու հնարաւորութիւնը, երգչախումբդ, որուն դիմաց կանգնած թռիչք կ’առնէիր, կ’ապրէիր, կը վերանայիր, կը ներշնչուէիր, այդ պահուն մոռնալով ամէն բան։

Յուզիչ էր տեսնել հարիւրաւոր երիտասարդներ դագաղիդ շուրջ, արցունքով շրջապատելով իրենց ղեկավարը, եղբայրը, ընկերը, ինչու չէ նաեւ հայրը։ Բոլորն ալ որբացած նոյն կորուստով։

Տրտում ենք այսօր, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ կը յայտնուի պատկերը հոգեւորականի մը, որ իր գարուն հասակին, ուժերու ծաղկման գեղեցկագոյն օրերուն, յանկարծ կը լքէ ու կը հեռանայ մեզմէ։ Ոչ ոք կը հաւատայ որ այդքան շուտ ամէն բան կիսատ թողած եւ երազդ հետդ շալկած յանկարծ կը հեռանաս մեզմէ։ Թէեւ մենք պատրաստ չենք երթաս բարեաւ ըսելու։

Դառն ու չոր իրականութիւն…։

Հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018։ Հոծ բազմութիւն մը ժամադրուած էր Սբ. Խաչ եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու վախճանեալ Վարդապետին յուղարկաւորութեան։ Առաւօտեան ժամը 11-ին սկսաւ եկեղեցւոյ կարգը հանդիսապետութեամբ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի։ Ներկայ էին քաղաքիս բոլոր Առաջնորդները, վարդապետները, ֆրերները, մայրապետները։ Լիբանանէն՝ Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան, որ ընթերցեց Ամեն. Եւ Գերերջ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ցաւակցական գիրը։ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութենէն Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան, Հ. Պերճ վրդ. Սապ եւ Հ. Տիգրան վրդ. Փիլիփոսեան։ Պաղտատէն՝ գերապայծառ Ներսէս թ.ծ.վ. Զապարեան։ Ներկայ էին նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, իսլամ կրօնաւորներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ պր. Ժիրայր Ռէիսեան եւ պր. Փիէր Մըրճէնէ։ Ասոնց կողքին՝ եկեղեցական, ազգային, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու եւ եղբայրութիւններու ներկայացուցիչներ։

Յուզիչ եւ սրտաշարժ էր արարողութիւնը զոր կը վարէր արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան։ Ընթացքին՝ Նարեկացի երգչախումբը հնչեցուց մի քանի շարականներ վախճանեալ Վարդապետին յայտագրէն։

Աւետարանի ընթերցումէն ետք խօսք առնելով, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը խոր ցաւով ու յուզմունքով ներկայացուց վախճանեալ Վարդապետին կեանքն ու գործունէութիւնը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Թող օրհնեալ ըլլայ, ըսաւ ան, Աստուծոյ կամքը եւ Յոբի նման պիտի ըսենք՝ «Տէր ետ եւ Տէր Էառ»։ Եւ պիտի աղօթենք որ կեանքի եւ անմահութեան Պարգեւատուն իր հաւատարիմ ծառայի հոգին ընդունի ի Դասն երանեալ ծառայից իւրոց։

«Ահեղ Խորհուրդ» շարականէն ետք, Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանի կողմէ լսելի եղաւ «ՈՂՋՈՅՆ»ը, «Ողջոյն քեզ Սուրբ Եկեղեցի, ողջոյն քեզ Սեղան Սրբութեան, ողջոյն քեզ դասք քահանայութեան, ես հանապարհորդեցի առ արարիչն իմ…»։ Ընթացքին, ներկայ առաջնորդներ եւ ամբողջ կղերը ուսահամբոյրի եկան Արհի. Պետրոս Արք. Միրիթեան Գերապայծառին եւ թեմիս վարդապետներուն, իրարու տուին եղբայրական սիրոյ ողջոյնը՝ ողջագուրուելով։

Եկեղեցւոյ կարգէն ետք, դագաղը՝ ուսամբարձ եւ առաջնորդութեամբ պետական ապահովութեան ջոկատէ մը, ուղղուեցաւ «Մայր Գթութեանց» Աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր կը ծառայէր վախճանեալՎարդապետը, գերեզմանի Կարգը կատարելու։

Թաղման արարողութենէն ետք, իրենց ցաւակցութիւնները ներկայացնելու եկած պետական անձնաւորութիւններու եւ եկեղեցական-ազգային մարմիններու շարքին էին Հալէպի Նահանգապետը՝ ներկայացնելով նաեւ Սուրիոյ նախագահական Պալատը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի տնօրէնը, Հալէպի ոստիկանապետը, գաղտնի սպասարկութեան պետը, ներքին ապահովութեան հրամանատարը, Հալէպի Միւֆթին եւ Ուաքֆի տնօրէնը։

Խաղաղութիւն արդար հոգիիդ, սիրելի Վարդապետ։ Արդարութիւն ազնիւ եւ ազնուական հայու իղձերուն եւ երազանքներուդ։ Աղօթք եւ խունկ յիշատակիդ։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Հ. Եղիշէ վրդ. Ճէնճի ծնած է Հալէպ 1985-ին։ Անդրանիկ զաւակն է իր ծնողքին, Անթուան եւ Լէյլա Ճէնճիներուն։ Նախնական ուսումը կը սկսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն։ Փոքր տարիքէն իր մէջ կը ծնի կոչումը քահանայութեան։

Յաճախած է Հալէպի Զմմառու Փոքր Ընծայարանը։

2002-ին աւարտելէ ետք երկրորդական աստիճանի ուսմունքները կը ղրկուի Լիբանան, Զմմառու Դպրեվանքը, շարունակելու փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները մինչեւ 2008։ Ապա կ’անցնի Հռոմ եւ Գրիգորեան համալսարանէն ներս կը շարունակէ իր աստուածաբանական ուսումը մինչեւ 2010, ստանալով Մաճիսթրի վկայականը։

2010-ին կը վերադառնայ Հալէպ եւ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի։

Փոքր տարիքէն հակումն ունէր երգի ու երաժշտութեան։ Եօթը տարեկանին արդէն կը նուագէր ջութակ եւ ապա դաշնամուր։ Լիբանանի եւ Հռոմի մէջ հետեւեցաւ երաժշտութեան, մասնագիտացաւ եւ ստացաւ վկայական երգի ու նուագի խումբեր ղեկավարելու։ Յանձն առաւ Նարեկացի երգչախումբը եւ բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկաւ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։ Իր վերջին ներկայացումը եղաւ 17 ապրիլ 2018-ին, Հալէպի մէջ, Սուրիոյ անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպուած մեծ տօնախմբութեան։

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

– Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մէջ։
– Հոգեւոր վարիչ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ սկաուտութեան։
– Հոգեւոր վարիչ Սբ. Ռիթա Եղբայրութեան։
– Հոգեւոր վարիչ Սբ. Խաչ Եղբայրութեան։
– Հոգեւոր վարիչ Հաւատք եւ Յոյս թերաճներու սիրոյ ընտանիք խմբակին։
– Խմբավար Նարեկացի երգչախումբին։
– Տնօրէն Նուր Սաթ կաթողիկէ տեղեկատուութեան Հալէպի գրասենեակի։

 

Հ. ԿՈՄԻՏԱՍ ՔՀՆՅ. ՏԱՏԱՂԼԵԱՆ