Զմմառու Վանքի Ուխտի Օր

Զմմառու Վանքի Ուխտի Օր

Միաժամանակ հոգեւոր եւ ժողովրդական տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէր Զմմառու շուրջ երեք դարեայ վանքէն ներս Կիրակի 27 Մայիս 2018-ին։

Արդարեւ, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, այդ օր մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած աւանդական Ուխտի Օրը:

Աւանդական այս ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասը, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, եպիսկոպոսական դասը, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդը, ներկայ և նախկին հայ երեսփոխաններ, պետական պատասխանատուներ և բազմաթիւ հայ ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ Ս. Մեսրոպի Սկաուտներն ու Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբը:

Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանեց ու քարոզեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Ս. Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին «Երանելի Մալոյեան» և «Ս. Միքայէլ» դպրեվանքի մեծ ու փոքր նորընծաները:

Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրն ու Վարչութիւնը շնորհաւորութիւնները ընդունեցան, որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկայ ուխտաւորներուն:

Կէսօրին՝ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, միաբանական ագապ տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ՝ փոխադարձ բարեմաղթանքներ կատարուեցան:

Յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին, Վարդարանի աղօթք կատարուեցաւ:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՔԱՐՈԶԸ

Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական պատգամին մէջ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը եւ Անոր առնչութիւնը Աստուածամօր հետ: «Երկար ժամանակէ ի վեր, ըսաւ ան, Զմմառու վանքի ուխտի օրը արժանավայել կերպով կը նշենք: Օր մը՝ որ մեր բոլորիս սրտերուն կը խօսի, և իւրաքանչիւրիս համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի: Օր մը՝ որ ջերմեռանդութեամբ կը սպասենք, որպէսզի մեր յարգանքի տուրքը մատուցանենք Զմմառու դարաւոր վանքի Ցաւագին Տիրամօր: Ուխտը յատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայուն կեանքը ուխտաւորի կեանք մը եղած է, նուիրուած Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքին:

BZ2

«Արդարեւ Մարիամ Ս. Կոյսը այնքան սրբակեաց էր, որ Աստուած հաճեցաւ որ Ս. Հոգւոյն ազդեցութեամբ յղանայ Աստուածորդին: Մարիամ խոնարհ աղախինը հանդիսացաւ Տիրոջ եւ այս խոնարհութեամբ ու հոգիին ու սրտին վեհութեամբ արժանացաւ Աստուծոյ հաճութեան: Դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցին փառաբանեց Մարիամը որպէս Աստուածամայր եւ բազմաթիւ տաղեր նուիրուեցան անոր, որպէս Թագուհի երկրի և երկնքի, Կոյս անապական, Մայր Եկեղեցւոյ և Տաճար Լուսոյ»:

Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն ըսաւ. «Աղօթք բարձրացնենք Տիրամօր որ բարեխօսէ՛ Տիրոջ մեզի համար, որպէսզի իր հովանին անպակաս ըլլայ Լիբանանի, Մայր Հայրենիքին և մեր վրայէն»: