Անկախութիւնը՝ որուն պաշտպանն է հայկական հզօր բանակը, անկախ պետականութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ այնքան յանկերգուած եւ յուսալի ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ու խղճի ազատութիւնը՝ որոնցմով Հայաստան կը ձգտի Եւ-րոպայի «բարի վարուց վկայական»ին, իր անկախութիւնը վերագտած պետութեան առջեւ բանալով հանդերձ բազմաթիւ ուղղութիւններով զարգացման հնարաւորութիւններ, ունեցան նաեւ բացասական հետեւանքներ, որոնցմէ մէկը – եւ թերեւս ծանրագոյնը – հայրենաբնակ ժողովուրդին հոգեւոր անվտանգութեան դէմ սանձարձակ եւ անպատիժ գործելու հնարաւորութիւնն էր՝ որ տրուեցաւ աղանդաւորական կազմակերպութիւններուն, եւ ասիկա՝ այնպիսի պահու մը երբ Հայ Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի գլխաւորութեամբ, կը գտնուէր ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեւոր վերադաստիարակութիւնը, նոր աւետարանացումը կազմակերպելու մարտահրաւէրին առջեւ, եւ հակառակ այն բացայայտ իրողութեան որ իրենց քայքայիչ միտումներով՝ աղանդները կը սպառնան ո՛չ միայն ազգաբնակչութեան հոգեւոր անվտանգութեան, այլ նաեւ պետութեան, պետական կառոյցներուն, ասոնց թիկունքին կանգնած զինեալ կամ ոչ՝ ազգային ուժերուն, եւ ուրեմն՝ ազգային անվտանգութեան։
Արդարեւ, պաշտօնական ճանաչում ստացած կամ ոչ՝ աղանդաւորական շարժումները երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր լծուած են հայ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիները քայքայելու, զանոնք Լուսաւորչեան Հաւատքէն եւ այդ հաւատքէն բխած հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներէն հեռացնելով՝ զանոնք իրենց արմատներէն կտրելու, անոնց ազգային դիմագիծը աղճատելու, մեր ազգային եւ եկեղեցական նուիրականութիւնները սրբապղծելու, տոհմիկ եւ ընտանեկան կեանքն ու աւանդութիւնները կործանելու, մէկ խօսքով՝ մեր գոյութեան եւ ինքնութեան հիմքերը քանդելու տենդագին աշխատանքի։ Անոնք դարձեալ փորձելու վրայ են այն ինչ որ դարերու ընթացքին ի զուր փորձեցին տարբեր բռնակալներ ու զաւթիչներ։ Ապազգային այս գործակալներուն լարերը կ՛երկարին մինչեւ ովկիանոսներէն անդին հաստատուած խռովարարական խարիսխներ, ուրկից կը Ֆինանսաւորուին առատօրէն։
Եհովայի վկաներ, ըստ երեւոյթին, թափանցած են մինչեւ իսկ դպրոցներէ ներս։
Այս վտանգալից իրողութեանց ի տես եւ ի լուր, կարելի չէ լուռ եւ անտարբեր մնալ։ Որովհետեւ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թշնամի ուժերու ներխուժումի մը չափ վտանգաւոր է աղանդներու ներխուժումը հայրենաբնակ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի սահմաններէն ներս։ Հարկ է զօրացնել այդ սահմանները, պաշտպանել զանոնք ամէն տեսակ փորձութիւններու դէմ, ծառանալ Լուսաւորչեան Հաւատքին վրայ հաստատուած Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ հայկական պետութեան հիմքերը թուլացնող քայքայիչ գործունէութիւններուն դէմ։ Այս նպատակի հետապնդման պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ հաւասարապէս Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ վրայ։
Արդարեւ, առաջին հերթին հարկ է խօսքի եւ խղճի ազատութիւնները սահմանափակող եւ քայքայիչ արարքները պատժելի դարձնող օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարել եւ մշակել աղանդներու եւ աղանդաւորական քարոզչութեան դէմ պայքարը արդիւնաւէտ դարձնող պետական ծրագիր։
Միաժամանակ, հարկ է Եկեղեցին եւ եկեղեցականները աւելի եւ աւելի մօտեցնել ժողովուրդին, Եկեղեցւոյ սպասաւորները տանիլ դէպի ժողովուրդը, որպէսզի հոգան մարդոց հոգեւոր պահանջները, քարոզեն եւ ուսուցանեն ճշմարտութիւնը, իրազեկեն հասարակութիւնը, մարդոց սորվեցնեն իրենց կենցաղային կեանքին օրինակով արտայայտել քրիստոնէական արժէքները, դառնան քրիստոնէական արժէքներով շրջապատը ոգեշնչող մնայուն ներկայութիւն հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներս եւ ամէն ձեւով զայն զօրացնեն իր Լուսաւորչեան Հաւատքին մէջ, որ Հայ Ազգին աստուածաշնորհ մէկ յատկանիշն է։ Անոր պահպանումը մեր ինքնութեան, գոյութեան ու գոյատեւումին համար Մայրենիին չափ կենսական է։ Այս գիտակցութիւնը ամէն հայու կեանքին մէջ վառ պահելու եւ Հաւատքին նահանջը արգելակելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին։
Ահա թէ ինչու, ո՛չ մէկ օրէնք՝ որքան ալ խիստ ըլլայ, ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցառում՝ որքան ալ ուժեղ ըլլայ, ո՛չ մէկ քարոզարշաւ՝ որքան ալ համոզիչ ըլլայ, չեն կրնար փոխարինել քրիստոնէական եկեղեցաւանդ դաստիարակութիւնը։ Այդ դաստիարակութիւնը չի սահմանափակուիր պարզապէս խաչակնքել գիտնալուն, մոմավառութեան, ուխտ կամ ուխտագնացութիւն կատարելու նման սովորութիւններու մէջ՝ որքան ալ հասարակութեան քրիստոնէական ընդոծին զգացումները արտայայտող ցուցանիշեր ըլլան անոնք։ Պէտք է այդ զգացումները զօրացնել նոր աւետարանացման ճամբով փոխանցուած գիտելիքներով, քրիստոնէական-եկեղեցական ուսուցումներով։ Ամբողջական քրիստոնէական դաստիարակութեամբ օժտուած մարդը, ինչպիսի պայմաններու ու շրջապատի մէջ ալ գտնուի, ինքնաբերաբար եւ ինքնակամ կը հակադրուի զինք մոլորեցնող երեւոյթներուն ու փորձութիւններուն ու կը մերժէ զինք խոտորեցնող ամէն առաջարկ՝ ինչքան ալ հրապուրիչ թուի ան։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ օտարացման, ուծացման, այլասերման, օտարամուտ բարքերու, մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող շարժումներու, աղանդներու ազգակործան գործունէութեան դէմ պայքարի ամէնէն հզօր զէնքն է։ Այդ անփոխարինելի զէնքով պէտք է զինել հասարակութիւնը։
Քրիստոնէական դաստիարակութեամբ զինուած հասարակութիւնը մեր հոգեւոր անվտանգութեան գրաւականն է, այնպէս ինչպէս լաւապէս մարզուած ու զինուած բանակը՝ Հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորը։
Ահա թէ ինչո՛ւ այդ դաստիարակութիւնը պէտք է սկսի վաղ մանկութենէն, տունէն ու մանկապարտէզէն՝ եկեղեցականներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը վայելող դաստիարակներու առաջնորդութեամբ։ Ան պէտք է հանրային կրթութեան պատասխանատուներուն յատուկ ուշադրութեան առարկան ըլլայ եւ առաջնակարգ տեղը ունենայ կրթական-ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Լեզուի դասագիրքերուն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն չափ կարեւոր են քրիստոնէականի դասագիրքերը եւ դասատուները՝ հայապահպանութեան եւ հայակերտումին համար, քանի դեռ ուշ չէ, որպէսզի, ինչպէս կը պատգամէր Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսաւոր առիթով մը, «Հայոց Եկեղեցին այս նոր դարաշրջանին, մեր ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ, հոգեւոր եւ բարոյական առողջացում բերէ մեր ամբողջ ազգին, որպէսզի դառնանք ո՛չ թէ միայն քրիստոնեայ ազգ, այլ՝ քրիստոնէաբար ապրող ազգ»։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ