Բարեկամ, ո՞ւր գացիր

Բարեկամ, ո՞ւր գացիր

Հայր Եղիշէ Վրդ. Ճէնճիի յիշատակին

 

23 ապրիլ 2018-ի, առաւօտեան ժամը 9:51-ն էր։ Կը գտնուէի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը: Բջիջայինս զանգեց: Հայր Գրիգորն էր Զմմառէն: «Իմացա՞ր», կը գրէր ան: Հարցումը ինքնիրմէջ կարծէք  ժխտական լուր մը կ’ենթադրէր: Պարզապէս պատասխանեցի «Ո՛չ»: Ան պատասխանեց. «Հայր Եղիշէն»: Ժխտական լուրը կը վերաբերէր հայր Եղիշէին, Հալէպի հայ կաթողիկէ երիտասարդ վարդապետին ու երաժիշտին, Զմմառու նորընծայարանի օրերէն իսկ բարեկամիս: Անմիջապէս կ՛ուզէի իմանալ պատահարի մասին: «Ի՞նչ ունի», հարց տուի: Ցնցիչ էր պատասխանը, գուժկան. «Ինքնաշարժի առկած ունեցաւ եւ վախճանեցաւ»: Կարծէք անկարող էի հասկնալ նախադասութիւնը, չէի ուզեր հաւատալ եւ ընդունիլ պատահածը: Պահ մը անշարժ մնացի տեղս, անկարող, կորսուած, անզգայ, լուռ: Փորձեցի ինքզինքս համոզել թէ լուրը սուտ է, սխալ, եւ անպայման ուրիշ մը պիտի ժխտէր զայն: Անմիջապէս հեռաձայններ ըրի ուրիշ վարդապետներու. բոլորը նոյնը  կը  պնդէին:  Շուարած վիճակի մէջ մնացի: Վարժարանին աստիճաններուն ու նրբանցքներուն միջեւ կը տարուբերէի, յուսալով որ մէկը ինծի հակառակ տեղեկութիւններ կու տար: Ափսո՛ս, կարծէք նոյնիսկ պատերը սկսան մահ բուրել: Անշունչ ձայնով իմացուցի տնօրէնուհի՝ մայր Արմինէ Մակարոսեանին, որ իր կարգին, մեծ յուզմունք ու կսկիծ յայտնեց: Ինքնաշարժս առնելով, ջղային ու կատաղի զգացումներով վերադարձայ Պատրիարքարան:

Արդէն ամէն մարդ տեղեակ էր. կարծէք սեւ ամպ մը կը հանգչէր Պատրիարքարանին վերեւ, եւ սուգի ու կորուստի արտայայտութիւնը դրոշմուած էր բոլորին դէմքերուն վրայ: Համայնքը ահաւասիկ անգամ մը եւս հրաժեշտ կու տար իր երիտասարդ վարդապետներէն մէկուն, անգամ մը եւս իր աղօթքներով ու անուշաբոյր խունկով ճանապարհորդակից կ՛ըլլար իրմէ ծնած երիտասարդ առաքեալին դէպի Արքայութիւնն Աստուծոյ: Որքան դժուար է մօր մը համար իր զաւակը յանձնել հողին, նոյնքան դժուար է Եկեղեցւոյ համար իր վարդապետը, երիտասարդ վարդապետը յանձնել հողին:

26 ապրիլ 2018՝ յուղարկաւորութեան ու թաղման օրն էր, այդ օրը երբ մեր վերջին հրաժեշտը պիտի տայինք հայր Եղիշէին, եւ պիտի աղօթէինք անոր հոգիին հանգստեան համար: Շատ փափաքեցայ Հալէպ երթալ ներկայ գտնուելու համար հրաժեշտի սուրբ արարողութիւններուն: Կը յիշեմ երբ վերջին անգամ Հալէպ գացած էի անոր քահանայական ձեռնադրութեան, 2012ին։ Կը յիշեմ ուրախութիւնը որ կը շրջապատէր զինք: Բոլոր սիրելիները՝ ծնողքը, ընտանիքը, բարեկամները, քահանայից դասը, հաւատացեալներու բազմութիւնը, եկած էին սուրբ Խաչ Աթոռանիստ եկեղեցին վկայելու եւ յայտարարելու համար թէ Եղիշէ սարկաւագը, արժանի է Քահանայական սուրբ Աստիճանը ստանալու, արժանի է ըլլալու առաքեալը Քրիստոսի, սպասաւորը սուրբ Սեղանին, ծառան հաւատացեալ ժողովուրդին: Շնորհալի օր մըն էր: Ան տարիներ շարունակ պատրաստուեցաւ այդ վայրկեանին համար: Իր կոչման ճանապարհը սկսաւ իր ծնողական բոյնէն, անցնելու համար Հալէպի դպրեվանքը, ապա Զմմառու ընծայարանը, հասնելու համար Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան, ուր իր բարձրագոյն ուսումները կատարեց: Արդէն 11 տարեկանէն սկսած էր ստանալ ընծայարաններու դաստիարակութիւնը, որպէսզի 33 տարեկանին աւարտէր իր երկրաւոր առաքելութիւնը, սկիզբ տալու համար երկնային առաքելութեան:

Մեր բարեկամութիւնը սկսաւ երբ ինք տակաւին կը գտնուէր Հալէպի փոքր ընծայարանը, իսկ ես Զմմառու փոքր ընծայարանը: Կը յիշեմ ամառ մը երբ Զմմառ եկան Հալէպի ժառանգաւորները, որպէսզի միացեալ յայտագիրի մը հետեւելով, իրարու ծանօթանայինք, ու միասին դասի, պտոյտի եւ աղօթքի ժամեր անցնէինք: Այդ ամառն էր երբ ծանօթացանք իրարու եւ բարեկամութիւնը ծնաւ մեր մէջ: Սակայն պէտք է սպասէինք, դպրոցական տարիներու աւարտը, որպէսզի համալսարանական տարիներուն սկիզբը անգամ մը եւս հանդիպէինք Զմմառ, եւ վերամշակէինք ու աւելիով խորացնէինք մեր բարեկամութիւնը: Վեց տարիներ շարունակ ապրեցանք միասին, որպէս հասարակութիւն, որպէս մէկ ընտանիք: 27 մայիս 2007-ին, միասին ստացանք փոքր կարգերու եւ կիսասարկաւագութեան աստիճանները, որպէսզի ատկէ ետք ուղղուէինք Հռոմ՝ Յաւիտենական Քաղաքը, ուր մասնագիտական ուսումները պիտի սկսէինք: Հռոմ հասանք 2007-ի օգոստոսին: Յաջորդ օրերուն արդէն անմիջապէս սկսանք իտալերէն լեզուի դասընթացքները, եւ արձանագրուեցանք Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանը: Կեանքի նոր հանգրուան մը պիտի սկսէինք: Հազիւ երկու երեք տարիներ մեզ կը բաժնէին մեր ձեռնադրութենէն: Միեւնոյն հոգեւոր հայրը ընտրեցինք, եւ շատ աւելի լուրջ քայլերով սկսանք պատրաստուիլ աստուածային այս սուրբ կոչին: Միշտ ապագայի տեսլականով եւ հաստատ քայլերով կ՛ընթանայինք, ունենալով խոստումնալի երազներ, ծրագիրներ ու փափաքներ: Չէինք գիտէր թէ օրերը ինչ կը վերապահէին մեզի:

Գինովցած բարեկամութեան այս գեղեցիկ յիշատակներով, թաղման օրը՝ սենեակէս դուրս չելայ: Արցունքոտ աչքերով հետեւեցայ թաղման արարողութեան: Դիմատետրի էջս բացած, կը դիտէի նկարները ու տեսաերիզները որոնք կ՛իջնէին Հալէպի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի էջին վրայ: Սրտաճմլիկ էր ծնողքին ցաւն ու տառապանքը:

Յաջորդող օրերուն սուրբ Պատարագներով ու աղօթքներով սկսայ ինքզինքս մխիթարել: Սակայն տակաւին կարողութիւնը չէի ունեցած բարեկամիս ծնողքին զանգելու եւ ցաւակցութիւն յայտնելու: Դիւրին չէր: Ի՞նչ ըսէի իրենց: Մխիթարէ՞ի: Ես պէտք ունէի մխիթարանքի:

31 ապրիլ 2018ին, վերջապէս քաջութիւնը ունեցայ խօսելու անոնց հետ: Արհիապատիւ հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան՝ առաջնորդը Հալէպի հայ Կաթողիկէ թեմին, ժամանած էր Պէյրութ եւ կը գտնուէր Պատրիարքարան: Անոր ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք, հարցուցի հանգուցեալ վարդապետին ծնողքին վիճակին մասին, ու խնդրեցի իրմէ անոր հօրը հեռախօսի համարը, որպէսզի հետերնին խօսէի: Ան անմիջապէս բջիջայինը առնելով զանգեց հօրը, եւ ըսաւ թէ հայր Սեպուհը կ՛ուզէ ձեր հետ խօսիլ: Անակնկալի առջեւ դրաւ զիս: Պահ մը զգացի թէ լեզուս պապանցեցաւ: Պրն. Անթուանն էր, հայր Եղիշէին հայրը՝ հաւատացեալ քրիստոնեայ, աստուծավախ եւ աղօթասէր, պարտաճանաչ իր հոգեւոր պարտականութիւններուն մէջ: Մխիթարական ո՞ր խօսքերը կրնային հօր մը սիրտը ամօքել: Խօսեցայ անոր հետ, ցաւակցութիւն յայտնեցի, ըսելով թէ հիմա ժամն է որ հայր Եղիշէին բարեխօսութիւնը խնդրենք: Ան ալ իր կարգին խնդրեց որ աղօթեմ իրենց համար, որպէսզի սուրբ Հոգին մխիթարէ զիրենք եւ կարենան թեթեւութեամբ տանիլ այս մեծ ցաւը: Ապա խնդրեցի բարեկամիս մօրը հետ խօսիլ՝ Տիկին Լէյլային, որ նոյնքան հաւատացեալ ու աղօթասէր կին մըն էր, նման իր ամուսնոյն: Կարծէք մօր հետ խօսիլը աւելի դժուար պիտի ըլլար: Հազիւ թէ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» ըսի, մայրը խեղդուկ ձայնով ըսաւ. «Սեպուհ, բարեկամդ գնաց»: Մինչեւ այս վայրկեանս տակաւին կը յուսայի որ մէկը ըսէ թէ պատահածը երազ մըն է, սուտ մը, հայր Եղիշէն ողջ է: Սակայն կարծէք միայն մօր խօսքը պիտի համոզէր զիս որ բարեկամս գացած էր…։

Բարեկամ, ո՞ ւր գացիր:

Y2

Բարեկամ՝ մեծ ցաւ ու կարօտ ձգեցիր մեր սրտերուն մէջ, ու գացիր:

Բարեկամ՝ գեղեցիկ յիշատակներ, ապրումներ, եւ երազներ ձգեցիր, ու գացիր:

Բարեկամ՝ բեղուն առաքելութիւն մը ու շինիչ ստեղծագործութիւններ ձգեցիր, ու գացիր:

Բարեկամ՝ աղօթքներդ ու ծառայութիւններդ ձգեցիր, ու գացիր:

Բարեկամ՝ պարզապէս մեզ ձգեցիր ու գացիր:

Աւարտին մէկ բան կրնամ ըսել քեզի՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ:

Շնորհակալութիւն որ գոյութիւն ունեցար, եւ առիթը տուիր որ ճանչնամ քեզ, ու բարեկամանանք:

Շնորհակալութիւն որ համապատասխանեցիր Աստուծոյ կոչին, պայքարեցար կոչումիդ համար, եւ նուիրեցիր քու անձդ որպէս վարդապետ, ծառայելու համար Եկեղեցւոյ ու Ազգին:

Շնորհակալութիւն իւրաքանչիւր աղօթքի համար, զոր բարձրացուցիր առ Աստուած, իւրաքանչիւր Սուրբ Պատարագին համար, զոր մատուցիր կատարելու համար յիշատակը մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի, իւրաքանչիւր բարի գործի համար, որով օգնեցիր կարօտեալին ու տառապողին, իւրաքանչիւր բարեմաղթութեան ու սիրով ողողուած խրատներուդ համար, որոնցմով յոյս ներշնչեցիր շուրջիններուդ, իւրաքանչիւր խոստովանանքի համար, զոր լսեցիր մեղքերու քաւութեան ու մեղաւորներու դարձին համար, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան համար, որով մասնակից դարձար Աստուծոյ գթառատ սուրբ ծրագրին։

Բարի երթ եւ ցտեսութիւն:

Հ. ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ