Յունիս ամսուան առաջին շաբթուան ընթացքին, Հռոմի մէջ արժանավայել շուքով նշուեցաւ Աննարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հիմնադրութեան 170 ամեակը նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Միաբանութեան Վարչութեան եւ ընդհանուր մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի։
ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Արդարեւ, 170 ամեակի նշումը սկսաւ 3 Յունիս 2018-ի կիրակի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած գոհաբանական սուրբ եւ անմահ Պատարագով, զոր իտալերէնով մատուցանեց եւ քարոզեց Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ՝ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, առընթերակայութեամբ կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, որոնք հայերէնով ընթերցեցին օրուան Սուրբ Աւետարանը եւ ընթերցուածը։ Սուրբ Զոհի երերգեցողութիւնը մաէսթրօ Ռոպէրթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ հայերէնով կատարեց Հայ Քոյրերու Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» պատանեկան երգչախումբը որ Հռոմ ժամանած էր յատկապէս մասնակցելու համար 170 ամեակի ձեռնարկներուն: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Առաքինազարդ քոյրեր գլխաւորութեամբ Մեծաւոր Մօր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր՝ գերյարգելի Հայր Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, վարժարանին ժառանգաւորները եւ հռոմաբնակ հայ եւ օտար հաւատացեալներ:
Նախքան սուրբ Պատարագը խօսք առնելով, Մայր Արուսեակ հայերէնով եւ իտալերէնով անդրադարձաւ Միաբանութեան 170 ամեայ ճանապարհին։ «Եկած ենք – ըսաւ ան – այս պատմական Եկեղեցւոյ մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ այն մեծ եւ անփոխարինելի շնորհքին համար որով Հայ ազգին տուած է նուիրեալ կոյսերու խումբ մը որ 170 տարի է կը ծառայէ հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ ընկերային կարիքներուն, ազգային, կրօնական եւ բարոյական արժէքներով դաստիարակելով ազգին զաւակները, ապահովելու համար հայրենիքի պայծառ ապագան»։ Ան նշեց որ «Միաբանութեան գործունէութիւնը սկիզբ առած է 175 տարիներ առաջ, 5 յունիս 1843-ին, Կոստանդնուպոլսոյ անշուք տնակի մը մէջ, 12 աղքատ երեխաներով», սակայն անոր պաշտօնական ճանաչումը տեղի ունեցած է 1947-ին»։ Նշելէ ետք որ Միաբանութեան հիմնադիր հօր՝ հայազգի առաջին Ծիրանաւոր, Կարդինալ Անտոն Հասունեանի աճիւններր պահպանուած են Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, Մայր Արուսեակ նշեց որ «իր գաղթական ժողովուրդին հետ Միաբանութիւնն ալ հաստատուած է տարբեր քաղաքներու մէջ՝ շարունակելու համար իր առաքելութիւնը որ է կրօնաբարոյական դաստիարակութիւնը հայ սերունդին եւ այսպէս դպրոց-ներ հիմնած է Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ հուսկ Հայաստան»։
«Որքան պիտի ուզէի խորին շնորհակալութիւն յայտնել, իրենց լեզուներով, այն բոլոր հիւրընկալ երկիրներուն որոնք ոչ միայն մեզ ընդունեցան, այլ թոյլ տուին մեզի մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը եւ մեր մշակոյթը զարգացնել» ըսաւ Մեծաւոր Մայրը, որ խօսքը աւարտեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Կարդինալ Սանտրիին, գերապայծառ , գերյարգելի Հայրերուն, «Տիրամայր Հայաստանի» երգախումբին եւ բոլոր ներկաներուն։
ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻԻՆ ՔԱՐՈԶԸ
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Վսեմաշուք կարդինալ Սանտրի գնահատեց Միաբանութեան գործունէութիւնը ու 170 տարիէ ի վեր մատուցած սիրոյ ծառայութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգին, յատկապէս դաստիարակչական մարզէն ներս։
Անդրադառնալով 1915-ի Մեծ Եղեռնին, Ծիրանաւորը յայտնեց թէ քոյրերը ցուցաբերեցին հերոսական կեցուածք եւ բազմահազար որբերուն համար դարձան քոյրեր ու մայրեր, սէր, գուրգուրանք ու հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելով անոնց, ոչ միայն Կ. Պոլսոյ մէջ, այլեւ տարագիր հայ ժողովուրդի նոր «հայրենիքներուն» մէջ ու նաեւ Հռոմի մէջ, ուր երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ.ի հրաւէրով, մօտ 500 որբուհիներ, 1922-ին, ապաստան գտան նախ Քաստելկոնտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ, հուսկ փոխադրուեցան Թորինօ եւ այնտեղէն Ֆրանսա։
«Դուք վերածնունդը ապրեցաք փոքրիկներուն ու աղքատներուն ձեր մատուցած շօշափելի սիրոյն միջոցաւ» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի եւ ակնարկեց ՝ Հայաստանի անկախութենէն ետք,1991ին, Կիւմրի մէջ ստեղծուած Քոյրերու նոր ու ծաղկուն առաքելութեան, որուն պտուղներէն մին է «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, կազմուած երիտասարդներէ։ Ան յորդորեց երիտասարդներուն միշտ հետեւիլ Յիսուսին՝ որ է «միակ իսկական ուրախութիւնը ու միակ իսկական ազատութիւնը», իսկ Հայ Քոյրերու Միաբանութեան անդամներուն՝ երբեք չի վհատիլ ու դժուարութեան մէջ միշտ դիմել Տիրոջ՝ որ «է մեր միակ ապաւէնը»։ Ծիրանաւորը իր քարոզը եզրափակեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Խորհուրդէն քաղուած աղօթքով մը։
Սուրբ Զոհի աւարտին խօսք առաւ նաեւ Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Մեծաւորը՝ Հայր Նարեկ Նաամոյեան որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով վսեմաշուք Կարդինալին, յանուն Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան 170-րդ յոբելեանը, հուսկ բոլոր ներկաները հրաւիրեց վարժարանի ներքնաբակին մէջ այս առթիւ պատրաստուած հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին Մեծաւոր Մայրը եւ քոյրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները ։
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԱՊԻՆ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԵԱՆ
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն հանդէպ Սուրբ Աթոռի յատուկ ուշադրութեան վկայութիւնը հանդիսացաւ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին մասնակցութիւնը Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան, որուն ընթացքին երգչախումբը կատարեց դասական եւ հայկական երգեր արժանանալով Պապի ողջոյնին եւ տասնեակ հազարաւոր ունկնդիրներու ծափողջոյնին։
ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԿԱԼԱ ԸՆԹՐԻՔ
5 Յունիս 2018-ին, տօնական շքեղ հանդերձանք զգեցած էր Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանի Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու մայր տունը, ուր տեղի ունեցաւ Միաբանութեան հիմնադրութեան 170 ամեակի կալա-ընթրիքը եւ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբին համերգը։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Տիկ. Վիքթորիա Պաղտասարեան, ու դեսպանատան աշխատակիցներ, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ ու լիազօր դեսպան՝ Տիար Միքայէլ Մինասեանի կողակիցը, Տիկ. Անուշ Մինասեանը ու դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Սուրբ Աթոռի մօտ Իրաքի դեսպանը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչի ներկայացուցիչը, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Գէորգ Ասատուրեան, Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհի. Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսան, եպիսկոպոսներ, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Մեծաւորը՝ Գերյ. Նարեկ Վարդապետ Նաամոյեան ու վարժարանի սաները, քահանաներ, կրօնական տարբեր միաբանութիւններու մեծաւորներ ու անդամներ, Հռոմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու իտալացի բարեկամներ։
Երեկոյեան 6.30-ին, յոբելենական երեկոյթը սկիզբ առաւ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի հայերէնով եւ իտալերէնով արտասանած ողջոյնի խօսքով։ Ան՝ Միաբանութեան Խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր միաբանակից քոյրերուն կողմէ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր հիւրընկալ երկիրներուն եւ բարերարներուն, որոնք օգնեցին եւ կը շարունակեն օգնել Միաբանութեան՝ որպէսզի ան շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մայր Արուսեակ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանին, «որ իր բացառիկ առատաձեռնութեամբ հովանաւորած է Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբին տեղափոխութիւնը Հռոմ որպէսզի յատուկ փայլ տայ տօնակատարութեան» ըսաւ ան։
Ապա Արհի. Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորագիրը։
Այնուհետեւ, «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, Մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ, գեղարուեստական վայելքի բացառիկ պահ մը պարգեւեց ներկաներուն, որոնք մէկ ու կէս ժամ տեւած յուզումով ու մեծ հիացումով ունկնդրեցին Կոմիտասի, Մոցարթի, Սայաթ Նովայի, Պրամսի ու այլ աշխարհահռչակ հեղինակներու յօրինած երգերը որոնցմէ մի քանիները մշակուած էին երգչախումբի տաղանդաշատ ղեկավարին կողմէ։
Համերգը վերջ գտաւ «Երեւան Էրեբունի»ի երգեցողութեամբ, նուիրուած Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակին։
Համերգին յաջորդեց Կալա ընթրիքը Միաբանութեան Մայր Տան գեղազարդուած պարտէզներուն մէջ։ Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանը՝ Տիկին Վիքթորիա Պաղտասարեան իտալերէն ու հայերէն լեզուներով անդրադարձաւ Միաբանութեան՝ 170 տարիներու զոհաբերումի ու ծառայութեան ու խօսքը աւարտեց յարատեւութեան ու միշտ աւելի փայլուն ապագայի մաղթանքներով։
Ընթրիքի աւարտին ընթերցուեցան միաբանութեան Մեծաւոր մօր այս առթիւ ուղարկուած շնորհաւորագրերէն մի քանիներ, որոնց շարքին՝ ՀՀ մօտ երբեմնի առաքելական նուիրակ՝ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի շնորհաւորագիրը, Եգիպտոսի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Պրունօ Մուզարոյի գիրը, «Էօվր Տ՛Օրիան» բարեսիրական հաստատութեան նախագահ գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշի գիրը եւ հայր Գէորգ ծ. վ. Զապարեանի շնորհաւորականը։ Հուսկ դարձեալ խօսք առնելով Մայր Արուսեակ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, միաբանութեան բարերարներուն, բարեկամներուն ու դեսպան Մինասեանին եւ բոլորէն խնդրեց որ իրենց աղօթքը բարձրացնեն առ Աստուած՝ որպէսզի շարունակէ միաբանութեան ուղարկել անձնուէր երիտասարդուհիներ, շարունակելու համար միաբանութեան աստուածահաճոյ եւ ազգանպաստ առաքելութիւնը։