ՊԱ՛ՀՆ Է ԲԱՐԻՔԻՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁԵԼՈՒ…

ՊԱ՛ՀՆ Է ԲԱՐԻՔԻՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁԵԼՈՒ…

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան 170 ամեակը անգամ մը եւս  երեւակայութիւնս տարաւ Մայր Հայրենիք, Հայաստան։  Մտքիս մէջ ուրուագծուեցաւ պատկերը  անզուգական  Սեւանի, որ հարազատ մօր նման, ինչպիսին եղան Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, այլապէս սնուցանեց հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, հոգաց անոր կարիքները, ոռոգեց Արարատեան դաշտի այգիներն ու անտառներ, բերրիացուց դաշտեր, կանաչապատեց  հողատարածքներ, բանեցուց ելեկտրակայաններ, լուսաւորեց աւաններ։ Աստուածապարգեւ այս հրաշալիքին մայրական հոգատարութիւնը  ժողովուրդին՝  ի վերջոյ յոգնեցուց զինք, սպառեց եւ ուժաթափեց զինք։ Վտանգաւոր համեմատութեամբ իջաւ անոր մակերեսը։ Սակայն անոր բարիքները վայելած ժողովուրդը երախտամոռ  չեղաւ, չլքեց իր հոգատար մայրը  եւ անոր վերադարձնելու համար իր երբեմնի կենարար կարողութիւնը, պահպանելու համար անոր գեղեցկութիւնն ու հմայքը՝ արիւն-քրտինք թափեց,  լեռներ ճեղքեց եւ ժայրեր հորատեց,   փապուղիներ  կառուցանեց,  Արփայի  եւ  Որոտանի  նման  գետերու  հուները շեղեցնելով անոնց յորդառատ ջուրերով բարձրացնել տուաւ ծովանման լիճին մակերեսը՝ հատուցանելու համար իր պարտքը Մայր Սեւանին։ Անոր վերադարձուց իր սքանչելագործ զօրութիւնը։

Ահա այսպիսի երախտագիտական արտայայտութեան կարիքն ունին այսօր Հայ Քոյրերը, իրենց Միաբանութեան հիմնադրութենէն 170 տարիներ ետք։

Այսօր համա՛յն ազգը, բայց մանաւանդ հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ նորահաս սերունդներու հայեցի՛ դաստիարակութեան, անոնց հայկական ինքնութեան անաղարտ պահպանումին նախանձախնդիր բոլոր հայորդիները անխտի՛ր, ինչու չէ նաեւ Մայր Հայրենիքը, Հայաստանը, ուր եւս վերջին երկու տասնեակ տարիներուն սահմանամերձ գօտիներէն մինչեւ Երեւանի մէջ իրենց կրթական, բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութեամբ կը փայլին Հայ Քոյրերը Մայր Արուսեակին գլխաւորութեամբ, այո՝, այսօր բոլո՛րը պէտք է զգան պարտաւորութիւնը Հայ Քոյրերուն զօրակցելու եւ կերպով մը հատուցանելու իրենց պարտքը։ Երբ զօրակցութեան մասին խօսինք, մարդիկ ընդհանրապէս կը մտածեն նիւթականի մասին։ Մինչդեռ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան պարագային, այդ զօրակցութիւնը երբեք չենթադրեր միա՛յն նիւթական օժանդակութիւն, այլ նաեւ քաջալերանք նոր կոչումներու որպէսզի բազմանան նուիրեալ Քոյրերու շարքերը ։

Թող Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան 170 ամեակը ըլլայ այսպիսի զօրակցութեան ու յանձնառութեան հրաւէր-կոչ մը ուղղուած համայն հայութեան։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ